Ներկայացումի նմոյշներ
Ապրիլ ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար
«Մենք մեր դրացիները կը քաջալերենք որ Աստուածաշունչը կարդան։ Բայց շատեր կը խորհին որ Աստուածաշունչը հասկնալը դժուար է։ Դո՞ւք ինչ կը խորհիք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատեցէք թէ հոս ի՛նչ կ’ըսէ»։ Դիտարան–ի 1 ապրիլ թիւին ետեւի կողքը ցոյց տուր, եւ միասնաբար նկատի առէք առաջին հարցումին ներքեւ գրուած նիւթը եւ նշուած համարներէն առնուազն մէկը։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար վերադառնալու կարգադրութիւն ըրէ։
Դիտարան 1 ապրիլ
«Որո՛ւն հետ որ խօսինք, խնդիրներ ունի։ Ասիկա ոմանց կը մղէ որ հարց տան թէ ի՛նչ է կեանքին իմաստը։ Ձեր կարծիքով, մարդոց ուրախութեան մեծագոյն խոչընդոտներէն մէկը ի՞նչ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ, որ Աստուած շուտով մեր դիմագրաւած խնդիրները պիտի վերացնէ։ [Կարդա՛ Յայտնութիւն 21։4։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ թէ ապագայի նկատմամբ ի՜նչ հեռանկարներ ունինք, նաեւ՝ թէ ինչպէ՛ս կրնանք այսօր իսկ կեանքին մէջ իմաստ մը գտնել»։
Զարթի՛ր ապրիլ
«Տնային վայրագութիւնը համաշխարհային խնդիր մըն է։ Ոմանք կ’ըսեն թէ այսպիսի վայրագութեան ետին կը կանգնին անհատին մշակոյթը, իր ընտանիքին ենթահողը եւ վայրագութիւն քաջալերող ժամանցը։ Ի՞նչ կը խորհիք. . . տնային վայրագութեան գլխաւոր պատճառը ի՛նչ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ պատշաճ փոխյարաբերութիւն պէտք է տիրէ կողակիցներու միջեւ։ [Կարդա՛ Եփեսացիս 5։33։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ, թէ ինչպէ՛ս կարգ մը ամուսնութիւններ փրկուած են Աստուածաշունչի սկզբունքներ կիրարկելով»։