Ի՛նչպէս պարբերաթերթերը առաջարկել
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 ապրիլ
«Կը խորհի՞ս որ կեանքի մէջ ամէն իրադարձութիւն առաջուընէ որոշուած է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ասոր մասին ի՛նչ կ’ըսէ։ [Կարդա՛ Ժողովող 9։11–ը։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ, որ Աստուած երկրին համար պայծառ ապագայ մը նախասահմանած է, բայց իւրաքանչիւրիս թոյլ կու տայ որ ընտրե՛նք մեր կեանքի ընթացքը»։
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 մայիս
«Կը փափաքիմ քու կարծիքդ գիտնալ Յիսուսի հետեւեալ խօսքին վերաբերեալ։ [Կարդա՛ Յովհաննէս 3։3–ը։] Քու կարծիքով, վերստին ծնիլը ի՞նչ կը նշանակէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Յիսուսի այս խօսքին մասին ճշգրիտ հասկացողութիւն ունենալը, մեր կեանքին ու ապագայ ակնկալութիւններուն պիտի ազդէ։ Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ պատճառը»։