Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/13 էջ 9-10
  • Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Քեզ սիրող Աստուածը սիրէ՛
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Շարունակէ սիրոյդ մէջ աճիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Մի՛ ձգեր որ սէրդ պաղի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Սիրով կերտուեցէ՛ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
թծ 3/13 էջ 9-10

Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան, սիրոյ մարմնացումն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։8)։ Թէպէտեւ Եհովան Ամենակալ է, բայց իր Խօսքը բնաւ չ’ըսեր թէ «Աստուած ոյժ է» կամ «Աստուած զօրութիւն է»։ Ան իր իշխանութիւնը գլխաւորաբար սիրոյ վրայ կը հիմնէ։ Ասիկա մեզ որքա՜ն իրեն կը մօտեցնէ։

Ուրախ ենք որ Եհովան մեզ չի ստիպեր իրեն ծառայելու։ Ան կ’ուզէ որ սէրէ՛ մղուած իրեն ծառայենք։ Երբ ասիկա սրտանց կ’ընենք, ցոյց կու տանք թէ իր իշխանութիւնը կ’ուզենք, որովհետեւ կը գիտակցինք թէ Եհովան արդար եւ սիրալիր կերպով կ’իշխէ։ Ասիկա մարդկային պատմութեան սկիզբէն ի վեր ակնյայտ եղած է։

Փոխանակ Ադամն ու Եւան պարտադրելու որ իրեն հնազանդին, Եհովան անոնց առիթ տուաւ իրենց անձնական որոշումը կայացնելու։ Եթէ անոնք իրապէս Եհովան սիրած ըլլային եւ իրենց համար Աստուծոյ բոլոր ըրածները գնահատէին, թոյլ պիտի չտային որ Սատանան զիրենք ըմբոստացնէր։

Յետագային, Մովսէս իսրայէլ ազգին ուղղած իր վերջին խօսքին մէջ ըսաւ. «Նայէ՛, ես այսօր կեանքն ու բարին, մահն ու չարը քու առջեւդ դրի» (Բ. Օր. 30։15)։ Իսրայէլացիները ազատութիւն ունէին իրենց ուզած ապրելակերպը որդեգրելու։ Նմանապէս, Յեսուն անոնց ըսաւ. «Եթէ Տէրոջը ծառայութիւն ընելը ձեզի հաճոյ չ’երեւնար, ձեզի ընտրեցէք այսօր թէ ո՞վ պիտի պաշտէք»։ Առ ի պատասխան, ժողովուրդը Յեսուին ըսաւ. «Քա՜ւ լիցի [«Մեր մտքէն իսկ չ’անցնիր», ՆԱ], որ մենք Եհովան թողունք» (Յես. 24։15, 16)։ Միեւնոյն բանը այսօր ալ կը զգանք։ Որովհետեւ Եհովան կը սիրենք, «մեր մտքէն իսկ չ’անցնիր» որ զինք թողունք։

Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ, գիտենք թէ ի՛նչ կը նշանակէ ազատ կամք։ Ճիշդ է որ երէցները հեղինակութիւն ունին խրատելու եւ մինչեւ իսկ յանդիմանելու, սակայն անոնք չեն փորձեր տիրել կամ ղեկավարել ուրիշներու կեանքը կամ հաւատքը։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ոչ թէ ձեր հաւատքին վրայ կը տիրապետենք, հապա գործակից ենք ձեր ուրախութեանը. վասն զի դուք հաւատքով կը կենաք» (Բ. Կոր. 1։23)։

Որքա՜ն գոհացուցիչ է ուզելով բան մը ընել քան թէ ստիպմամբ։ Եհովան մեզ կը հրաւիրէ որ սէրէ մղուած ընենք այն ինչ որ ճիշդ է։ Ասոր կարեւորութիւնը ակնյայտ է Պօղոսի այս ներշնչեալ խօսքերուն մէջ. «Եթէ իմ բոլոր ստացուածքս աղքատներուն կերցնեմ ու իմ մարմինս այրուելու տամ եւ սէր չունենամ, օգուտ մը չեմ ունենար» (Ա. Կոր. 13։3)։

Եհովան որքա՜ն կ’ուրախանայ եւ կը փառաւորուի, երբ կը տեսնէ թէ միլիոնաւոր եղբայրներ ու քոյրեր իրեն կը ծառայեն, քանի որ զինք կը սիրեն ամբողջ սրտով։

Իր կարգին, Եհովան շա՛տ կը սիրէ իր ծառաները, ներառեալ ձեզ, ո՛վ երեխաներ եւ պատանիներ, որ ցոյց կու տաք թէ Եհովա՛ն կը սիրէք եւ ոչ թէ աշխարհն ու անոր հրամցուցած հաճոյքները։ Վստահ եղէք, որ մենք ալ ձեզ շատ կը սիրենք (Ղուկ. 12։42, 43)։

Դո՛ւք, եղբայրներ, քոյրեր եւ պատանիներ, անցեալ տարի Եհովայի հանդէպ սէրէ մղուած՝ 1,748,697,447 ժամ տրամադրեցիք բարի լուրը ծանուցանելու համար։ Սէրէ մղուած՝ 7,782,346 հոգի դաշտի ծառայութեան մասնակցեցան համայն աշխարհի մէջ։ Կը հրճուինք, երբ բացայայտօրէն կը տեսնենք թէ 268,777 նորեկներ, մէջը ըլլալով շատ մը պատանիներ, Եհովայի իրենց կատարած նուիրումը խորհրդանշեցին ջուրի մկրտութեամբ։ Ասկէ կը հասկնանք թէ միջին հաշուով, ամէն շաբաթավերջ 5168 հոգի մկրտուեցան։ Ասիկա ի՛րապէս մեր սրտին կը դպչի։

Այս վերջին ժամանակին, Աստուծոյ ժողովուրդը պէտք է գլուխ ելլէ շատ մը խնդիրներու, մարտահրաւէրներու, հալածանքներու եւ հիւանդութիւններու հետ։ Ոմանք ալ պէտք է տոկան ծերութեան պատճառած դժուարութիւններուն։ Բայց վճռած ենք բնա՛ւ ‘ետ չքաշուիլ’ կամ ‘չվհատիլ’։ Մենք ձեզ շատ կը սիրենք (Եբ. 10։39. Բ. Կոր. 4։16)։

Ձեր եղբայրները՝

Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմին

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել