Օգոստոս 11–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՕԳՈՍՏՈՍ 11–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 21 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
«Աստուծոյ սէրը» գլուխ 10, պարբ. 16-24 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Թուոց 7-9 (10 վրկ.)
Թիւ 1. Թուոց 9։9-23 (4 վրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Անգամ մը փրկուած՝ չի նշանակեր միշտ փրկուած (rs էջ 358 պարբ. 4–էջ 359 պարբ. 1 [էջ 177 պարբ. 5–էջ 178 պարբ. 3, արաբ.]) (5 վրկ.)
Թիւ 3. Աքար,– Աստուծմէ գողնալը ցաւալի հետեւանքներ ունեցաւ (դ10 4/1 էջ 23 պարբ. 5) (5 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
5 վրկ. «1914-2014. Թագաւորութեան իշխանութեան 100–ամեակ»։ Քննարկութիւն։ Կարդալ տուր այս էջին վերը գտնուող պարբերութիւնը։ Այս ամիս, Ծառայութեան ժողովին բաժինները Թագաւորութեան վրայ շեշտ պիտի դնեն։ Դաշտի ծառայութեան տեղական կարգադրութիւնները նշէ։
10 վրկ. «Մեր կայքը ծանուցանող նոր թերթիկը գործածէ»։ Թերթիկին բովանդակութիւնը քննարկէ։ Ներկայացուր ցուցադրութիւն մը, ուր հրատարակիչը թերթիկը կ’առաջարկէ եւ ապա իր ելեկտրական սարքը գործածելով անհատը կ’ուղղէ դէպի մեր կայքը՝ jw.org։
15 վրկ. «Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Թագաւորութեան մասին ինքնավստահութեամբ խօսիլ»։ Քննարկութիւն։ Երկու հրատարակիչներ հետեւեալ ցուցադրութիւնը թող ներկայացնեն. հրատարակիչ մը նպարախանութին մէջ շարքի կեցած է։ Իր քով կեցող անհատը օրաթերթին նայելով՝ կ’ըսէ. «Աշխարհը տակնուվրայ է։ Ամէն մարդ կը կարծէ որ ինք հարցերուն պատասխանները ունի, բայց վիճակները երթալէն աւելի գէշ կ’ըլլան»։ Հրատարակիչը կը մենախօսէ. ‘Պէտք է բան մը ըսեմ։ Պէտք է Թագաւորութեան մասին խօսի՛մ’։ Հրատարակիչը անհատին կ’ըսէ. «Ճիշդ ես, օրէ օր աւելի՛ գէշ լուրեր կ’առնենք։ Բայց կրնա՞մ ձեզի տալ այս թերթիկը։ Անոր մէջ նշուած կայքը ինծի օգնեց, որ կեանքի շատ մը կարեւոր հարցումներուն պատասխանները գտնեմ»։ Հրատարակիչը թերթիկէն կէտի մը շուրջ կը խօսի եւ անհատը հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ։
Երգ 92 եւ աղօթք