Դեկտեմբեր 8–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 8–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 6 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
«Աստուծոյ սէրը» գլուխ 16, պարբ. 1-8 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Յեսու 1-5 (10 վրկ.)
Թիւ 1. Յեսու 1։1-18 (4 վրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Սուրբ հոգին ի՛նչ է (rs էջ 380 պարբ. 2–էջ 381 պարբ. 1 [էջ 217 պարբ. 5–էջ 218 պարբ. 2, արաբ.]) (5 վրկ.)
Թիւ 3. Շնութիւն,– ազդարարական դաս՝ հոգեւոր շնութեան միջամուխ չըլլալու համար (դ05 12/1 էջ 9-10 պարբ. 5-11) (5 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
Ամսուան բնաբանը. Մեզի վստահուած բարի գանձէն «բարի բաներ» փոխանցեցէք (Մատ. 12։35ա)։
10 վրկ. «Բարի բաներ», որոնք այս ամիս մեր տրամադրութեան տակ են։ Դասախօսութիւն։ Ամսուան բնաբանը շեշտէ (Մատ. 12։35ա)։ Մենք հոգեւոր գանձեր ստացանք այն անհատէն, որ մեզի հետ ճշմարտութիւնը սերտեց (տե՛ս Դիտարան–ի 1 ապրիլ 2002 թիւը, էջ 27, պարբ. 5-7)։ Մեր կարգին մենք ալ «բարի բաներ» պէտք է բաժնենք ուրիշներու հետ (Գաղ. 6։6)։ Հետաքրքրութիւն արթնցուր այն «բարի բաներ»ուն հանդէպ, որոնք այս ամսուան Ծառայութեան ժողովներուն ընթացքին պիտի ստանանք։ Մենք օգնութիւն պիտի ստանանք զարգացնելու մեր ուսուցանելու հմտութիւնները ինչպէս նաեւ պիտի սորվինք նոր երգեր երգել։
20 վրկ. «Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրել՝ գործածելով Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը»։ Քննարկութիւն։ Որակեալ հրատարակիչ մը կամ ռահվիրայ մը թող ցուցադրէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը՝ գործածելով Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը։
Երգ 96 եւ աղօթք