Մայիս 18–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՄԱՅԻՍ 18–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 50 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Ուրախ լուրեր գլուխ 13, հարցում 1, 2 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Բ. Թագաւորաց 9-12 (8 վրկ.)
Թիւ 1. Բ. Թագաւորաց 10։13–11։4 (3 վրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Հաւատարիմ ու անվախ եղիր [Բանիա (1)] (it-1 էջ 284, 285) (5 վրկ.)
Թիւ 3. Մեռելներուն համար ի՞նչ յոյս ունինք (Աստուծոյ Խօսքը էջ 19 պարբ. 1-3) (5 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
Ամսուան բնաբանը. Ամէն տեսակ մարդոց օգնէ որ ճշմարտութիւնը ճանչնան (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։
10 վրկ. Պօղոս ինչպէ՛ս յոյներուն օգնեց որ ճշմարտութիւնը ճանչնան։ Քննարկութիւն։ Կարդալ տուր Գործք 17։22-31–ը։ Նկատի առ թէ այս արձանագրութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ մեզի օգնել ծառայութեան մէջ։
20 վրկ. Եհովան քեզի պիտի օգնէ որ համարձակ ըլլաս։ Քննարկութիւն։ Եհովան քեզի պիտի օգնէ որ համարձակ ըլլաս տեսաերիզը ներկաներուն դիտել տուր (Բաց jw.org կայքը եւ նայէ՛ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ՏԵՍԱԵՐԻԶՆԵՐ)։ Ներկաներէն խնդրէ որ ըսեն թէ տեսաերիզէն ի՛նչ դաս սորվեցան։ Դպրոցականներէն խնդրէ որ ըսեն թէ այս տեսաերիզը իրենց ինչպէ՛ս օգնեց որ քաջաբար վկայեն իրենց դպրոցակիցներուն եւ ուսուցիչներուն։ Խաղարկէ աչքառու փորձառութիւն մը, որ երեխաներէն մէկը ունեցաւ երբ դպրոցը կը վկայէր։
Երգ 60 եւ աղօթք