Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2015–ի յունիս 29–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Քննարկուելիք իւրաքանչիւր կէտի թուականը նշուած է, այնպէս որ կարելի է պրպտում ընել իւրաքանչիւր շաբաթ, դպրոցի յայտագիրը պատրաստելու ատեն։
1. Դաւիթի հետ Մեղքողի խօսակցութեան մէջ ի՞նչ բան սխալ էր, եւ ամուսնացած զոյգերը այս պատմութենէն ի՞նչ դաս պէտք է սորվին (Բ. Թագ. 6։20-23)։ [Մյս. 11, w11 8/1 էջ 12 պարբ. 1]
2. Երբ Եհովան Նաթան մարգարէն սրբագրեց Դաւիթին ըսելուն համար որ տաճարը շինէ, Նաթան ինչպէ՞ս հակազդեց (Բ. Թագ. 7։ 2, 3)։ [Մյս. 11, w12 2/15 էջ 24 պարբ. 6, 7]
3. Նաթան ինչո՞ւ Բ. Թագաւորաց 12։1-7–ին մէջ արձանագրուած առակը պատմեց, փոխանակ Դաւիթին ուղղակի ըսելու որ լուրջ մեղք մը գործած է։ Այս պատմութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ աւելի լաւ ուսուցիչներ ըլլանք։ [Մյս. 18, w12 2/15 էջ 24 պարբ. 2, 3]
4. Աբիսողոմ ինչո՞ւ կրցաւ իսրայէլացիները խաբել, եւ ինչպէ՞ս կրնանք մենք մեզ պաշտպանել մեր օրուան «Աբիսողոմներ»էն (Բ. Թագ. 15։6)։ [Մյս. 25, դ12 7/1 էջ 18 պարբ. 7]
5. Եհովան ինչպէ՞ս Դաւիթին հոգաց, երբ ան անոր մեծապէս կարիքը ունէր (Բ. Թագ. 17։27-29)։ [Յնս. 1, դ08 9/1 էջ 15 պարբ. 15, 16]
6. Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ Եթթի անունով օտարականի մը հետ Դաւիթի վերաբերմունքէն (Բ. Թագ. 18։2)։ [Յնս. 1, w09 5/15 էջ 27 պարբ. 7]
7. Ժողովքի տարեցները ինչպէ՞ս կրնան Բերզելիի օրինակէն օգտուիլ (Բ. Թագ. 19։33-35)։ [Յնս. 8, w07 7/15 էջ 15 պարբ. 1, 2]
8. Հաւատարմութեան մասին Դաւիթին խօսքերը ինչպէ՞ս կը վստահեցնեն Եհովայի ծառաները (Բ. Թագ. 22։26, ՆԱ)։ [Յնս. 15, w10 6/1 էջ 26 պարբ. 6, 7]
9. Նաթան ինչպէ՞ս Աստուծոյ հանդէպ հաւատարիմ գտնուեցաւ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք այդ յատկութիւնը դրսեւորել (Գ. Թագ. 1։11-14)։ [Յնս. 22, w12 2/15 էջ 25 պարբ. 1, 4-5]
10. Կեանքի ո՞ր մարզերուն մէջ Աստուծոյ ծառան թերեւս Աստուծոյ չհնազանդելու համար չքմեղանքներ ներկայացնէ, ինչպէս Սողոմոն ըրաւ (Գ. Թագ. 3։1)։ [Յնս. 29, դ11 12/1 էջ 12 պարբ. 12-14]