Յունիս 29–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՅՈՒՆԻՍ 29–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 9 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Աստուածաշունչին պատգամը մաս 4 եւ 5 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Գ. Թագաւորաց 3-6 (8 վրկ.)
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ (20 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
Ամսուան բնաբանը. «Հին օրերը միտքդ բեր» (Բ. Օր. 32։7)։
15 վրկ. Յուլիսին ներկայացուելիք հրատարակութիւնները։ Քննարկութիւն։ Յուլիսին ներկայացուելիք հրատարակութիւններուն երեսակները նկատի առ, եւ ներկայացուր ցուցադրութիւն մը, ուր հրատարակիչ մը նոր հրատարակիչի մը կ’օգնէ ներկայացում մը պատրաստելու։
15 վրկ. Օգտուէ 2015–ի Տարեգիրք–էն։ Քննարկութիւն։ Հակիրճ կերպով վերաքաղ ըրէ «Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն» նիւթը։ Ներկաներէն խնդրէ որ համաշխարհային տեղեկագրութեան աչքառու երեսակներուն մասին մեկնաբանեն։ Բոլորը քաջալերէ որ Տարեգիրք–ը ամբողջութեամբ կարդան։
Երգ 108 եւ աղօթք