Յուլիս 13–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՅՈՒԼԻՍ 13–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 75 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Աստուածաշունչին պատգամը մաս 8 եւ 9 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Գ. Թագաւորաց 9-11 (8 վրկ.)
Թիւ 1. Գ. Թագաւորաց 9։24–10։3 (3 վրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Մտահոգութիւնդ նուազեցուր՝ Աստուծոյ Խօսքին անսալով (Աստուծոյ Խօսքը էջ 24 պարբ. 4–էջ 25 պարբ. 2) (5 վրկ.)
Թիւ 3. Աստուծոյ Խօսքը միշտ կը կատարուի [Կիւրոս] (դ14 5/1 էջ 5, 6) (5 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
Ամսուան բնաբանը. ‘Գացէ՛ք աշակերտեցէք’ (Մատ. 28։19, 20)։
10 վրկ. Գացէ՛ք աշակերտեցէք։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ ամսուան բնաբանին վրայ։ Նշէ կէտեր «Եկուր իմ ետեւէս» գրքէն, էջ 87-89 (անգլերէնով)։ Վերաքաղ ըրէ այս ամսուան Ծառայութեան ժողովի բաժիններէն ոմանք, եւ քննարկէ թէ անոնք ինչպէ՛ս կապուած են ամսուան բնաբանին հետ։
10 վրկ. Անոնք առիթը օգտագործեցին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու։ Քննարկութիւն, հիմնուած՝ 2015–ի Տարեգիրք–ին վրայ, էջ 55, պարբերութիւն 1–էն մինչեւ էջ 56, պարբերութիւն 1, եւ էջ 69, պարբերութիւն 2-5։ Ներկաներէն խնդրէ որ քաղուած դասերուն մասին մեկնաբանեն։
10 վրկ. «Աշակերտելու վրայ կեդրոնացիր»։ Հարց–պատասխան։ Հակիրճ հարցազրոյց մը ունեցիր մէկ կամ երկու հրատարակիչներու հետ, որոնք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու եւ վարելու մէջ հմուտ են։ Անոնք ի՞նչ ուրախութիւն վայելած են, երբ օգնած են անհատի մը որ ճշմարտութեան մէջ քալէ։
Երգ 16 եւ աղօթք