Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին երեսակները ազդուօրէն գործածէ
Մինչ Աստուածաշունչի աշակերտ մը կը սորվի թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ եւ իր սորվածը կը կիրարկէ, ան հոգեւորապէս պիտի աճի եւ պտուղ տայ (Սաղ. 1։1-3)։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին օգտաւէտ երեսակները ազդուօրէն գործածելով, կրնանք մեր աշակերտին օգնել որ յառաջդիմէ։
Բացման հարցումներ։ Իւրաքանչիւր գլուխի սկիզբը նշուած են հարցումներ, որոնք դասին մէջ պատասխանուած են։ Կրնաս այս հարցումները ուղղել, որպէսզի քննարկուելիք նիւթին նկատմամբ աշակերտին հետաքրքրութիւնը արթնցնես։ Կամ կրնաս իրմէ խնդրել որ իւրաքանչիւր հարցումի մասին իր կարծիքը տայ։ Եթէ սխալ գաղափար մը արտայայտէ, հարկ չկայ զինք սրբագրելու։ Իր մեկնաբանութիւնները քեզի պիտի օգնեն զատորոշելու, թէ ո՛ր կէտերուն վրայ պէտք է կեդրոնանաս եւ զանոնք շեշտես (Առ. 16։23. 18։13)։
Յաւելուած։ Եթէ աշակերտը գլուխին մէջ քննարկուած նիւթը հասկնայ եւ ընդունի, կրնաս զինք քաջալերել որ անոր առնչուող յաւելուածը առանձին կարդայ։ Յաջորդ ուսումնասիրութեան, կրնաս քանի մը վայրկեան տրամադրել վստահ ըլլալու համար որ ան յաւելուածը հասկցած է։ Բայց եթէ իրեն համար օգտակար կը գտնես յաւելուածը քննարկել, պէտք է ուսումնասիրութեան ընթացքին ժամանակ տրամադրես կա՛մ ամբողջ յաւելուածը եւ կամ անկէ մաս մը քննարկելու՝ պարբերութիւնները կարդալով եւ ուղղելով հարցումներ, որոնք նախապէս պատրաստած ես։
Վերաքաղի տուփ։ Վերաքաղի տուփը, որ կը գտնուի իւրաքանչիւր նիւթի վերջաւորութեան, կը պարունակէ կէտեր, որոնք բացման հարցումներուն կը պատասխանեն։ Կրնաս այս երեսակը գործածել վստահ ըլլալու համար, որ աշակերտդ գլխաւոր կէտերը հասկցած է եւ կրնայ զանոնք բացատրել։ Իւրաքանչիւր կէտ եւ անոր առնչուող համարները բարձրաձայն կարդացէք։ Ապա աշակերտէդ խնդրէ, որ համարը կամ համարները գործածէ բացատրելու թէ ինչո՛ւ նշուած կէտը ճիշդ է (Գործք 17։2, 3)։