ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵՍԹԵՐ 6-10
Եսթեր անձնուրացօրէն գործեց Եհովային եւ Անոր ժողովուրդին համար
Եսթեր Եհովան եւ Անոր ժողովուրդը պաշտպանելու մէջ քաջ եւ անձնազոհ էր
Եսթեր եւ Մուրթքէ ապահով էին։ Բայց բոլոր հրեաները սպաննելու Համանի հրամանը արդէն կը հասնէր կայսրութեան չորս կողմը
Եսթեր իր կեանքը անգամ մը եւս վտանգեց, առանց հրաւէրի թագաւորին առջեւ ներկայանալով։ Ան իր ժողովուրդին համար լացաւ եւ թագաւորէն խնդրեց որ սարսափելի հրամանագիրը չեղեալ սեպէր
Թագաւորին անունով հաստատուած օրէնքները չէին կրնար բեկանուիլ։ Ուստի թագաւորը Եսթերը եւ Մուրթքէն լիազօրեց որ նոր օրէնք մը սահմանեն
Եհովան իր ժողովուրդին մեծ յաղթանակ շնորհեց
Երկրորդ յայտարարութիւն մը եղաւ, որ հրեաներուն ինքնապաշտպանութեան իրաւունք կու տար
Սուրհանդակները կայսրութեան բոլոր կողմերը սուրացին եւ հրեաները պատերազմելու պատրաստուեցան
Շատեր Աստուծոյ հաճութեան ապացոյց տեսան եւ հրեայ նորահաւատներ դարձան