ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՈՂԲՔ 1-5
Համբերութեամբ սպասելը մեզի կ’օգնէ որ տոկանք
Ի՞նչ բան Երեմիային օգնեց որ համբերութեամբ տոկայ, հակառակ անոր որ շատ կը տառապէր։
Ան վստահ էր որ Եհովան իր զղջացող ծառաները պիտի չմոռնար եւ զանոնք դուրս պիտի հանէր իրենց ցաւալի վիճակէն։
Ան սորված էր ‘իր երիտասարդութեան ատեն լուծը կրել’։ Երիտասարդ ատեն հաւատքի փորձութիւններու տոկալը անհատը կը պատրաստէ որ գալիք դժուարութիւններուն հետ յաջողապէս գլուխ ելլէ։