Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ՕԳՈՍՏՈՍ 6-12
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂՈՒԿԱՍ 17-18
«Գնահատութիւն ցոյց տուր»
(Ղուկաս 17։11-14) Երբ Յիսուս Երուսաղէմ կ’երթար, Սամարիայի եւ Գալիլիայի մէջտեղէն անցաւ։ 12 Երբ գիւղ մը պիտի մտնէր, տասը բորոտ մարդիկ հանդիպեցան անոր, որոնք հեռուն կայնեցան, 13 ձայներնին վերցուցին ու ըսին. «Յիսո՛ւս վարդապետ, ողորմէ մեզի»։ 14 Տեսնելով՝ անոնց ըսաւ. «Գացէք դուք ձեզ քահանաներուն ցուցուցէք»։ Երբ կ’երթային, մաքրուեցան։
nwtsty սերտելու նոթեր. Ղուկ. 17։12, 14
տասը բորոտ մարդիկ։ Աստուածաշունչի օրերուն, այնպէս կ’երեւի որ բորոտները իրարու քով կը հաւաքուէին կամ խումբ–խումբ կ’ապրէին, ինչ որ կարելի կը դարձնէր որ իրարու օգնէին (Դ. Թագ. 7։3-5)։ Աստուծոյ Օրէնքը բորոտներէն կը պահանջէր որ մարդոցմէ մեկուսանան։ Եւ բորոտը պէտք էր մարդիկը զգուշացնէր որ իրեն չմօտենան՝ ըսելով. «Անմաքուր եմ, անմաքուր եմ» (Ղեւ. 13։45, 46)։ Տասը բորոտները Օրէնքին համաձայն վարուեցան՝ Յիսուսէն հեռու կենալով։
դուք ձեզ քահանաներուն ցուցուցէք։ Երբ Յիսուս Քրիստոս երկրի վրայ էր, Մովսիսական օրէնքին տակ էր եւ գիտէր որ Ահարոնական քահանայութիւնը դեռ ի զօրու էր։ Անոր համար, բորոտներ բժշկելէ ետք անոնց կ’ըսէր, որ քահանային քով երթան (Մատ. 8։4. Մար. 1։44)։ Օրէնքին համաձայն, քահանան պէտք էր հաստատէր որ բորոտը բժշկուած է։ Յետոյ բժշկուած բորոտը տաճար կ’երթար եւ որպէս ընծայ, կամ նուէր, կը տանէր՝ երկու ողջ եւ մաքուր թռչուն, եղեւնափայտ, կրկնակի կարմիր եւ զոպայ (Ղեւ. 14։2-32)։
(Ղուկաս 17։15, 16) Անոնցմէ մէկը, երբ տեսաւ թէ բժշկուեցաւ, ետ դարձաւ ու մեծ ձայնով փառք կու տար Աստուծոյ 16 ու երեսի վրայ անոր ոտքը իյնալով՝ շնորհակալ կ’ըլլար անոր։ Ինք Սամարացի էր։
(Ղուկաս 17։17, 18) Յիսուս ըսաւ. «Չէ՞ որ տասն ալ մաքրուեցան, իսկ այն ինը ո՞ւր են։ 18 Այս օտարազգիէն զատ ուրիշներ չգտնուեցա՞ն՝ որ դառնալով Աստուծոյ փառք տային»։
w08 8/1 էջ 14-15 պարբ. 8-9
Ինչո՞ւ գնահատութիւն ցոյց տալ
Երբ միւս բորոտները իրենց գնահատութիւնը չարտայայտեցին, Յիսուս աչք խփե՞ց։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Յիսուս ըսաւ. ‘Չէ՞ որ տասն ալ մաքրուեցան, իսկ այն ինը ո՞ւր են։ Այս օտարազգիէն զատ ուրիշներ չգտնուեցա՞ն՝ որ դառնալով Աստուծոյ փառք տային’» (Ղուկաս 17։17, 18)։
Միւս ինը բորոտները չար մարդիկ չէին։ Անոնք բացէ ի բաց յայտնած էին Յիսուսին հանդէպ իրենց հաւատքը եւ յօժարաբար հետեւած էին Երուսաղէմ երթալու եւ իրենք զիրենք քահանաներուն ցուցնելու Յիսուսի ուղղութեան։ Հակառակ անոր որ անոնք Յիսուսին ազնիւ արարքը խորապէս գնահատեցին, իրենց գնահատութիւնը չարտայայտեցին Յիսուսին։ Ասիկա Յիսուսը յուսախաբ ըրաւ։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Երբ մէկը մեզի լաւութիւն մը ընէ, շատ արագ «Շնորհակալ եմ» կ’ըսե՞նք եւ, եթէ յարմար է, շնորհակալական նամակ կը գրե՞նք։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ղուկաս 17։7-10) «Բայց ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ ունենայ երկրագործ կամ հովիւ ծառայ մը, որ անիկա երբ ագարակէն տուն մտնէ, շուտով ըսէ անոր թէ՝ ‘Անցիր սեղան նստէ’։ 8 Հապա չը՞սեր անոր թէ՝ ‘Պատրաստէ իմ ընթրիքս ու գօտիդ կապած ինծի սպասաւորութիւն ըրէ, մինչեւ ես ուտեմ ու խմեմ ու ետքը դուն ալ կեր ու խմէ’։ 9 Միթէ շնորհակա՞լ կ’ըլլայ այն ծառային, իրեն հրամայուած բաները կատարելուն համար։ Չեմ կարծեր։ 10 Նոյնպէս դուք, երբ բոլոր ձեզի հրամայուած բաները ընէք, ըսէք, թէ՝ ‘Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք’»։
nwtsty սերտելու նոթ. Ղուկ. 17։10
անպիտան։ Բառացիօրէն կը նշանակէ «անօգուտ», «անարժէք»։ Հոս Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ ծառաները, այսինքն իր աշակերտները, պէտք է որ իրենք զիրենք անօգուտ, անպէտք կամ անարժէք նկատեն։ Հոս «անպիտան» բառը կու տայ այն գաղափարը, որ ծառաները պէտք էր որ իրենց անձին հանդէպ համեստ տեսակէտ ունենային եւ չսեպէին որ արժանի են որոշ վարկի կամ գովասանքի։ Կարգ մը ուսումնականներ այս բառին համար կ’ըսեն, որ չափազանցութիւն է եւ կը նշանակէ՝ «մենք պարզապէս ծառաներ ենք. յատուկ ուշադրութեան արժանի չենք»։
(Ղուկաս 18։8) Ձեզի կ’ըսեմ թէ շուտով անոնց իրաւունք պիտի ընէ. բայց Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ։
nwtsty սերտելու նոթ. Ղուկ. 18։8
հաւատք։ Կամ «այս տեսակ հաւատք»։ Բառացիօրէն կը նշանակէ «հաւատքը»։ Յունարէնին մէջ, «հաւատք» բառին հետ որոշիչ յօդին գործածութիւնը ցոյց կու տայ, որ Յիսուս ընդհանուր հաւատքի մասին չէր խօսեր, հապա կը խօսէր որոշ հաւատքի մը մասին,– ինչպէս որբեւայրիին հաւատքը՝ «որբեւայրիին եւ դատաւորին առակ»ին մէջ (Ղուկ. 18։1-8)։ Անոնք՝ որոնք այս տեսակ հաւատք ունին, աղօթքի զօրութեան կը հաւատան եւ վստահ են, որ Աստուած իրաւունք պիտի ընէ իր ընտրեալներուն։ Այնպէս կ’երեւի որ Յիսուս իր այս հարցումին չպատասխանեց, որպէսզի իր աշակերտները մտածեն իրենց հաւատքին որակին մասին։ Հաւատքի եւ աղօթքի մասին այս առակը տեղին էր, քանի որ Յիսուս այս առակը պատմելէն քիչ առաջ նկարագրած էր այն փորձութիւնները, որոնք իր աշակերտները պիտի դիմագրաւէին (Ղուկ. 17։22-37)։
ՕԳՈՍՏՈՍ 13-19
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂՈՒԿԱՍ 19-20
«Տասը մնասներուն առակէն սորվէ»
(Ղուկաս 19։12, 13, ՆԱ) Ուստի ըսաւ. «Ազնուական մարդ մը հեռու երկիր գնաց՝ իրեն թագաւորութիւն առնելու եւ դառնալու։ 13 Իր տասը ծառաները կանչելով՝ տասը մնաս տուաւ ու ըսաւ անոնց. ‘Բանեցուցէք ատոնք մինչեւ ես գամ’»։
jy էջ 232 պարբ. 2-4
Տասը մնասներուն առակը
Յիսուս կ’ըսէ. «Ազնուական մարդ մը հեռու երկիր գնաց՝ իրեն թագաւորութիւն առնելու եւ դառնալու» (Ղուկաս 19։12)։ Հեռու երկիր ճամբորդելը անկասկած ժամանակ կ’առնէր։ Յստակ է որ Յիսուս «ազնուական մարդ»ն է, որ կ’երթայ «հեռու երկիր», այսինքն երկինք, ուր իր Հայրը իրեն թագաւորական իշխանութիւն պիտի տայ։
Առակին մէջ, առաջ որ «ազնուական մարդ»ը երթայ, իր տասը ծառաները իր քով կը կանչէ, ամէն մէկուն արծաթէ մնաս մը կու տայ եւ կ’ըսէ. «Բանեցուցէք ատոնք մինչեւ ես գամ» (Ղուկաս 19։13)։ Արծաթէ մնասները արժէքաւոր մետաղադրամներ են։ Մէկ մնասը հաւասար է հողագործին աւելի քան երեք ամսուան աշխատավարձին։
Աշակերտները թերեւս կը հասկնան, որ այդ առակին տասը ծառաները իրենք են, քանի որ Յիսուս արդէն ասկէ առաջ զիրենք նմանցուցած է հունձքի մշակներու (Մատթէոս 9։35-38)։ Անշուշտ Յիսուս իրենցմէ չի խնդրեր որ ցորենի հունձք բերեն, հապա՝ ուրիշ աշակերտներ, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի մտնեն։ Ուրեմն աշակերտները պէտք է որ իրենց ունեցածը գործածեն, որ Թագաւորութեան նոր ժառանգորդներ պատրաստեն։
(Ղուկաս 19։16-19) Առաջինը եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քու մնասդ տասը մնաս շահ ըրաւ»։ 17 Տէրը ըսաւ անոր. «Ապրի՛ս, բարի ծառայ. որովհետեւ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, տասը քաղաքի վրայ իշխանութիւն ունեցիր»։ 18 Երկրորդը եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քու մնասդ հինգ մնաս շահ ըրաւ»։ 19 Եւ ըսաւ անոր. «Դուն ալ հինգ քաղաքի վրայ եղիր»։
jy էջ 232 պարբ. 7
Տասը մնասներուն առակը
Եթէ աշակերտները, առակին մէջի ծառաներուն պէս, իրենց ունեցածը լաւագոյն կերպով գործածեն աւելի աշակերտներ ունենալու համար, կրնան վստահ ըլլալ, որ Յիսուս անոնց պիտի հաճի եւ իրենց աշխատասիրութեան համար զանոնք պիտի վարձատրէ։ Անշուշտ, Յիսուսին բոլոր աշակերտները նոյն պարագաները, պատեհութիւնները կամ կարողութիւնները չունին։ Բայց Յիսուս, որ «թագաւորութիւն» կը ստանայ, պիտի տեսնէ եւ օրհնէ աշակերտելու անոնց ջանքերը (Մատթէոս 28։19, 20)։
(Ղուկաս 19։20-24) Ուրիշ մը եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, ահա քու մնասդ՝ որ թաշկինակի մը մէջ ծրարած կը պահէի. 21 Քանզի կը վախնայի քեզմէ, վասն զի դուն խիստ մարդ մըն ես, չդրած բանդ կը վերցնես ու չսերմանածդ կը հնձես»։ 22 Անիկա ըսաւ անոր. «Քու բերնովդ քեզ պիտի դատեմ, ո՛վ չար ծառայ. գիտէիր թէ ես խիստ մարդ մըն եմ, չդրած բանս կը վերցնեմ ու չսերմանածս կը հնձեմ, 23 ինչո՞ւ համար իմ ստակս սեղանաւորներուն չտուիր, որպէս զի ես եկած ատենս շահովը առնէի զանիկա»։ 24 Հոն կայնողներուն ըսաւ. «Առէք ատկէ մնասը ու տուէք անոր որ տասը մնաս ունի»։
jy էջ 233 պարբ. 1
Տասը մնասներուն առակը
Քանի՛ որ այդ ծառան չաշխատեցաւ որ իր տիրոջ թագաւորութեան հարստութիւնը աւելցնէ, վնասեց։ Առաքեալները արդէն կը սպասեն որ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ իշխէ։ Ուրեմն վերջին ծառային ուղղուած տիրոջ խօսքէն անոնք հաւանաբար կ’ըմբռնեն, որ եթէ աշխատասէր չըլլան, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ղուկաս 19։43) Վասն զի օրեր պիտի գան քու վրադ՝ երբ թշնամիներդ քու բոլորտիքդ պատնէշ պիտի շինեն ու քեզ պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ քեզ նեղը պիտի ձգեն։
nwtsty սերտելու նոթ. Ղուկ. 19։43
պատնէշ։ Կամ «ցցապատնէշ»։ Յունարէն khaʹrax բառը միայն հոս կը նշուի Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ։ Անիկա կը նկարագրուի որպէս «ցից, սուր գերան կամ սիւն, որ կը գործածուի ցանկապատ շինելու» եւ որպէս «զինուորական նպատակով դրուած պատնէշ՝ ցիցերու գործածութեամբ, ցցապատնէշ»։ Յիսուսի խօսքերը կատարուեցան Ք.Ե. 70–ին, երբ Տիտոսի առաջնորդութեամբ հռոմայեցիները քաղաքին շուրջ կանգնեցուցին կողք–կողքի դրուած ցիցերով պատ, կամ ցցապատնէշ։ Տիտոս երեք նպատակ ունէր. հրեաներուն փախուստը արգիլել, զանոնք ստիպել որ յանձնուին եւ սովի մատնելով զանոնք հպատակեցնել։ Երուսաղէմի շուրջ այս պատնէշը շինելու համար, հռոմէական բանակը ամբողջ շրջանը ծառերէ մերկացուց։
(Ղուկաս 20։38) Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն, վասն զի ամէնքը անոր կենդանի են։
nwtsty սերտելու նոթ. Ղուկ. 20։38
վասն զի ամէնքը անոր կենդանի են։ Կամ «ամէնքը իր աչքին ողջ են»։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ անոնք՝ որոնք կ’ապրին բայց Աստուծմէ հեռացած են, իր աչքին մեռած են (Եփ. 2։1. Ա. Տիմ. 5։6)։ Իսկ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները որոնք կը մեռնին, իր աչքին տակաւին կ’ապրին, քանի որ իրենց յարութիւն տալու իր նպատակը անշուշտ պիտի կատարուի (Հռով. 4։16, 17)։
ՕԳՈՍՏՈՍ 20-26
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂՈՒԿԱՍ 21-22
«Ձեր փրկութիւնը մօտ է»
(Ղուկաս 21։25) «Արեգակին եւ լուսնին ու աստղերուն վրայ նշաններ պիտի ըլլան ու երկրի վրայ ազգերը ապշութեամբ պիտի տագնապին եւ ծովն ու ալիքները պիտի գոռան»։
Թագաւորութիւնը կ’իշխէ էջ 254 պարբ. 9
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր թշնամիները կը բնաջնջէ
9 Երկնային երեւոյթներ։ Յիսուս մարգարէացաւ. «Արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, աստղերը երկնքէն պիտի իյնան»։ Վստահաբար մարդիկ այլեւս կրօնական առաջնորդներու պիտի չնային որպէս լոյսի կամ առաջնորդութեան աղբիւր։ Արդեօք Յիսուս երկնային գերբնական երեւոյթներու ալ կ’ակնարկէ՞ր։ Թերեւս (Եսա. 13։9-11. Յվլ. 2։1, 30, 31)։ Այս ամէնը տեսնելով՝ մարդիկ ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն։ Անոնք պիտի ‘ապշին’՝ «չիմանալով ելքը» (Ղուկ. 21։25, ՆԱ. Սոփ. 1։17)։ Արդարեւ, Աստուծոյ Թագաւորութեան թշնամիները,– «թագաւորներ»էն մինչեւ «ծառաներ»,– «պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն» եւ ապաստանարան պիտի փնտռեն։ Բայց անոնք պիտի չգտնեն ապահով պատսպարան մը, որ կրնայ զիրենք Թագաւորին բարկութենէն ազատել (Ղուկ. 21։26. 23։30. Յայտ. 6։15-17)։
(Ղուկաս 21։26) Մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն, վասն զի երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։
(Ղուկաս 21։27, 28) Այն ատեն պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ ամպի մէջ եկած զօրութիւնով ու մեծ փառքով։ 28 Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է։
Վճռէ ‘յարատեւել եղբայրսիրութեան մէջ’
17 «Համարձակ» եղէք (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։6)։ Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը մեզի համարձակութիւն կու տայ, ինչ դժուարութիւններ ալ ունենանք։ Այս համարձակութիւնը իր կարգին մեզի կ’օգնէ որ դրական ըլլանք։ Իսկ երբ դրական ըլլանք, կրնանք մեր եղբայրսիրութիւնը ցուցնել՝ մեր եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերելով եւ մխիթարելով (Ա. Թես. 5։14, 15)։ Նոյնիսկ երբ մեծ նեղութեան ընթացքին աշխարհը իր ամէնէն գէշ ժամանակը տեսնէ, մենք պիտի կարենանք ‘ելլել ու գլուխնիս բարձրացնել’, գիտնալով որ մեր փրկութիւնը մօտ է (Ղուկ. 21։25-28)։
«Ձեր փրկութիւնը մօտ է»
13 Երբ այծերը անդրադառնան թէ «յաւիտենական մահը» պիտի երթան, ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն։ Անոնք «կոծ պիտի ընեն» (Մատ. 24։30)։ Իսկ Քրիստոսին եղբայրները եւ անոնց հաւատարիմ ընկերակիցները ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն։ Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ լման հաւատք ունենալով, անոնք Յիսուսի պատուէրին պիտի հետեւին. «Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է» (Ղուկ. 21։28)։ Արդարեւ, դրական կեցուածք պիտի ունենանք, վստահ ըլլալով որ պիտի փրկուինք։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ղուկաս 21։33) Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին։
nwtsty սերտելու նոթեր. Ղուկ. 21։33
Երկինք ու երկիր պիտի անցնին։ Ուրիշ համարներ ցոյց կու տան, որ երկինքն ու երկիրը յաւիտեան պիտի մնան (Ծն. 9։16. Սաղ. 104։5. Ժող. 1։4)։ Ուրեմն, կրնայ ըլլալ որ հոս Յիսուս չափազանցութիւն գործածեց եւ ըսել ուզեց, որ նոյնիսկ եթէ անկարելին պատահի եւ երկինքն ու երկիրը անցնին, իր խօսքերը անպայման պիտի կատարուին, պիտի չանցնին (համեմատէ Մատթէոս 5։18–ին հետ)։ Բայց հոս կրնայ ըլլալ որ երկինքն ու երկիրը կ’ակնարկեն այլաբանական երկինքին ու երկրին, որոնք Յայտնութիւն 21։1–ին մէջ կը կոչուին՝ «առաջին երկինքը ու առաջին երկիրը»։
իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին։ Կամ «իմ խօսքերս անշուշտ պիտի չանցնին»։ Յունարէնին մէջ, բային հետ գործածուած են երկու ժխտական մասնիկներ, ինչ որ կը շեշտէ գաղափար մը ուժգնութեամբ մերժելը, եւ այսպէս վառ կերպով կ’ընդգծէ թէ Յիսուսին խօսքերը պիտի կատարուին։
(Ղուկաս 22։28-30) «Եւ դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ. 29 Ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց. 30 Որպէս զի դուք իմ սեղանէս ուտէք ու խմէք իմ թագաւորութեանս մէջ եւ աթոռներու վրայ նստիք Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու»։
դ14 10/15 էջ 16-17 պարբ. 15-16
‘Քահանաներու թագաւորութիւն մը պիտի ըլլաք’
15 Տէրունական ընթրիքը հաստատելէ ետք, Յիսուս իր հաւատարիմ աշակերտներուն հետ ուխտ մը ըրաւ, որ յաճախ կը կոչուի Թագաւորութեան ուխտ (կարդա՛ Ղուկաս 22։28-30)։ Միւս ուխտերուն մէջ Եհովան երկու կողմերէն մէկն է, բայց ասիկա անձնական ուխտ մըն է՝ Յիսուսի ու իր օծեալ հետեւորդներուն միջեւ։ Երբ Յիսուս ըսաւ. «Ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց», ան ըստ երեւոյթին կ’ակնարկէր այն ուխտին, որ Եհովան իրեն հետ ըրած էր, ‘յաւիտեան քահանայ ըլլալու Մելքիսեդեկի կարգին պէս’ (Եբ. 5։5, 6)։
16 11 հաւատարիմ առաքեալները ‘Յիսուսի հետ կեցած էին իր փորձութիւններուն մէջ’։ Թագաւորութեան ուխտը զիրենք հաւաստիացուց, թէ երկինքի մէջ իրեն հետ պիտի ըլլային եւ աթոռներու վրայ պիտի նստէին, իբրեւ թագաւորներ իշխելու եւ իբրեւ քահանաներ ծառայելու։ Բայց միայն այդ 11 անհատները չէին որ այդ առանձնաշնորհումը պիտի ունենային։ Փառաւորուած Յիսուս տեսիլքի մէջ Յովհաննէս առաքեալին երեւցաւ ու ըսաւ. «Ան որ կը յաղթէ, ինծի հետ իմ աթոռս պիտի նստի, ինչպէս ես ալ յաղթեցի ու իմ Հօրս հետ անոր աթոռը նստայ» (Յայտ. 3։21)։ Արդ, Թագաւորութեան ուխտը հաստատուած է 144,000 օծեալ քրիստոնեաներուն հետ (Յայտ. 5։9, 10. 7։4)։ Այս ուխտը իրենց առջեւ օրինական հիմ կը դնէ, երկինքի մէջ Յիսուսի հետ իշխելու։ Ասիկա կը նմանի ազնուական ընտանիքէ եկած հարսի մը, որ թագաւորի մը հետ կ’ամուսնանայ եւ ի վիճակի կ’ըլլայ իշխանութիւնը իր հետ բաժնելու։ Արդարեւ, Սուրբ Գրութիւնները օծեալ քրիստոնեաներուն կ’ակնարկեն որպէս Քրիստոսի «հարսը», «մաքուր կոյս» մը, որ Քրիստոսին նշանուած է (Յայտ. 19։7, 8. 21։9. Բ. Կոր. 11։2)։
ՕԳՈՍՏՈՍ 27–ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂՈՒԿԱՍ 23-24
«Պատրաստ եղիր ուրիշներուն ներելու»
(Ղուկաս 23։34) Յիսուս ըսաւ. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասն զի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն»։ Ու անոր հանդերձները բաժնելու ատեննին վիճակ ձգեցին։
cl էջ 297 պարբ. 16
«Ճանչնալ Քրիստոսին սէրը»
16 Յիսուս ուրիշ կերպով մըն ալ իր Հօր սէրը կատարեալ կերպով ցուցաբերեց,– ան «ներող» կամ ներելու պատրաստ էր (Սաղմոս 86։5)։ Ներելու պատրաստ ըլլալը յստակ էր, նոյնիսկ երբ ան տանջանքի ցիցին վրայ էր։ Ամօթալի մահուան ենթարկուելով եւ ձեռքերն ու ոտքերը գամուած, Յիսուս ինչի՞ մասին խօսեցաւ։ Եհովայէն խնդրե՞ց որ զինք մահապատիժի ենթարկող անհատները պատժէ։ Ո՛չ, հապա Յիսուսին վերջին խօսքերէն էր. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասն զի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն» (Ղուկաս 23։34)։
(Ղուկաս 23։43, ՆԱ) Յիսուս ալ ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի այսօր, դուն ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։
g 2/08 էջ 11 պարբ. 5-6
Աստուած լուրջ մեղքերը կը ներէ՞
Եհովան ոչ միայն մեղքը կը նկատէ, հապա նաեւ կը նկատէ մեղք գործողին կեցուածքը (Եսայի 1։16-19)։ Օրինակ, մտածէ երկու չարագործներուն մասին, որոնք Յիսուսին հետ ցիցը հանուեցան։ Յստակ էր որ երկուքն ալ լուրջ ոճիրներ գործած էին, քանի որ անոնցմէ մէկը խոստովանեցաւ. «Ահա մեր ըրածներուն արժանաւոր հատուցումը կ’առնենք. բայց ասիկա [Յիսուս] գէշ բան մը չըրաւ»։ Չարագործին խօսքը ցոյց կու տայ, որ Յիսուսին մասին գաղափար մը ունէր։ Եւ անոր համար էր որ թերեւս իր կեցուածքը փոխեց։ Ասիկա յայտնի կ’ըլլայ չարագործին աղաչանքէն. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս»։ Յիսուս այս սրտագին աղաչանքին ինչպէ՞ս հակազդեց։ Ան ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի այսօր, դուն ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս» (ՆԱ) (Ղուկաս 23։41-43)։
Մէյ մը մտածէ. Յիսուսին վերջին խօսքերուն մէջ կը գտնենք ողորմութիւն տղամարդու մը հանդէպ, որ խոստովանեցաւ որ մահուան պատիժին արժանի էր։ Ասիկա որքա՜ն քաջալերական է։ Ուրեմն կրնանք վստահ ըլլալ, որ թէ՛ Յիսուս Քրիստոս եւ թէ իր Հայրը՝ Եհովան պիտի ողորմին անոնց՝ որոնք իսկապէս կը զղջան, ինչ որ ալ ըրած ըլլան (Հռովմայեցիս 4։7)։
(Ղուկաս 24։34) Որոնք կ’ըսէին թէ «Իրաւցնէ Տէրը յարութիւն առաւ ու Սիմոնին երեւցաւ»։
cl էջ 297-298 պարբ. 17-18
«Ճանչնալ Քրիստոսին սէրը»
17 Թերեւս Պետրոս առաքեալին հետ Յիսուսին վարուած կերպը իր ներողամտութեան ամէնէն ազդու օրինակն է։ Կասկած չկայ որ Պետրոս Յիսուսը շատ կը սիրէր։ Նիսան 14–ին, Յիսուսի կեանքին վերջին գիշերը, Պետրոս իրեն ըսաւ. «Տէ՛ր, ես պատրաստ եմ քեզի հետ բանտ երթալու ալ, մեռնելու ալ»։ Բայց քանի մը ժամ ետք, Պետրոս երեք անգամ ըսաւ որ Յիսուսը նոյնիսկ չէր ճանչնար։ Երբ Պետրոս երրորդ անգամ Յիսուսը ուրացաւ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ ինչ եղաւ. «Տէրը դարձաւ ու Պետրոսին նայեցաւ»։ Պետրոս իր մեղքին ծանրութենէն ջախջախուած, «դուրս ելլելով դառնապէս լացաւ»։ Երբ այդ օրը Յիսուս մեռաւ, Պետրոս թերեւս հարց տուաւ. ‘Տէրս ինծի ներե՞ց’ (Ղուկաս 22։33, 61, 62)։
18 Պետրոս պէտք չունէր երկար սպասելու, որ պատասխանը առնէր։ Յիսուս յարութիւն առաւ նիսան 16–ի առտուն, եւ այնպէս կ’երեւի որ նոյն օրը Պետրոսին այցելեց (Ղուկաս 24։24, Ա. Կորնթացիս 15։4-8)։ Յիսուս ինչո՞ւ յատուկ ուշադրութիւն դարձուց այս առաքեալին, որ կրկին անգամ զինք ուրացած էր։ Թերեւս ան ուզեց զղջացած Պետրոսին վստահեցնել, որ զինք դեռ կը սիրէր եւ կ’արժեւորէր։ Բայց Յիսուս Պետրոսը վստահեցնելու համար աւելի՛ն ըրաւ։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ղուկաս 23։31) Վասն զի եթէ դալար փայտին այսպէս կ’ընեն, հապա չորին ի՞նչ պիտի ընեն։
nwtsty սերտելու նոթ. Ղուկ. 23։31
դալար փայտին. . . չորին։ Ըստ երեւոյթին Յիսուս կ’ակնարկէ հրեայ ազգին։ Անիկա կը նմանէր ծառի մը, որ երթալէն կը չորնայ։ Բայց անիկա դեռ քիչ մը դալար է կամ դեռ խոնաւ ճիւղեր ունի, քանի որ Յիսուս դեռ ներկայ է եւ դեռ կան հրեաներ, որոնք իրեն կը հաւատան։ Բայց Յիսուս մօտ ատենէն մահապատիժի պիտի ենթարկուէր եւ հաւատարիմ հրեաները սուրբ հոգիով պիտի օծուէին ու հոգեւոր իսրայէլին մաս պիտի կազմէին (Հռով. 2։28, 29. Գաղ. 6։16)։ Այդ ատեն, բառացի իսրայէլ ազգը հոգեւորապէս պիտի մեռնէր եւ չորցած ծառի պէս պիտի ըլլար (Մատ. 21։43)։
(Ղուկաս 23։33) Երբ Գագաթ ըսուած տեղը հասան, հոն խաչը հանեցին զանիկա եւ այն չարագործներն ալ, մէկը աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը խաչեցին։
nwtsty պատկեր
Մարդու մը կրունկի ոսկորին մէջ գամ
Այս նկարին մէջ կը տեսնենք նմոյշ մը մարդու մը կրունկի ոսկորին, որուն մէջ մխրճուած է 11,5 սմ. երկարութեամբ գամ մը (տես ժտ17.12 էջ 5)։ Բուն կրունկը, որ հռոմէական ժամանակներէն է, գտնուեցաւ 1968–ին՝ երբ Երուսաղէմի հիւսիսը պեղումներ կ’ըլլային։ Անիկա հնագիտական փաստ է, որ շատ հաւանաբար գամեր կը գործածուէին մահապատիժի ատեն, անհատը փայտին կառչած պահելու համար։ Այս գամը թերեւս նման է այն գամերուն, որ հռոմայեցի զինուորները գործածեցին Յիսուս Քրիստոսը ցիցին վրայ գամելու համար։ Կրունկը գտնուեցաւ «ոսկորի արկղ» կոչուած քարէ տուփի մը մէջ, ուր մեռելի մը մարմինը փտելէ ետք, անոր ոսկորները կը դրուէին։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ մահապատիժի ենթարկուողը կարելի էր որ թաղուէր։