Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1-7
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 9-10
«Յիսուս իր ոչխարներուն հոգ կը տանի»
(Յովհաննէս 10։1-3) «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ան որ դռնէն չի մտներ ոչխարներուն բակը, հապա ուրիշ տեղէ՝ անիկա գող ու աւազակ է’։ 2 Բայց ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է։ 3 Դռնապանը կը բանայ անոր եւ ոչխարները անոր ձայնը կը լսեն, ու իր ոչխարները անունով կը կանչէ եւ դուրս կը հանէ զանոնք»։
(Յովհաննէս 10։11) Ես եմ բարի հովիւը. բարի հովիւը իր կեանքը ոչխարներուն համար կը դնէ։
(Յովհաննէս 10։14) Ես եմ բարի հովիւը, կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանչցուիմ իմիններէս։
nwtsty պատկեր
Ոչխարներուն բակը
Ոչխարներուն բակը կամ փարախը ոչխարներու հանգստավայր մըն էր՝ ատոնք գողերէն եւ գիշատիչ անասուններէն պաշտպանելու համար։ Հովիւները ոչխարները ապահով կը պահէին՝ գիշերը փարախներու մէջ դնելով զանոնք։ Աստուածաշունչի օրերուն, ոչխարներուն բակը առաստաղ չէր ունենար եւ տարբեր ձեւերով ու չափերով կ’ըլլար, բայց ընդհանրապէս կ’ունենար քարէ պատեր եւ միայն մէկ մուտք։ Յովհաննէս կը խօսի ոչխարներուն բակը «դռնէն» մտնելու մասին, որուն առջեւ կը հսկէր «դռնապանը» (Յովհ. 10։1, 3)։ Կարգ մը բակերու մէջ մէկէ աւելի հօտեր կը գիշերէին եւ դռնապանը կը հսկէր, որ ոչխարները պաշտպանէ։ Առտուն, դռնապանը դուռը կը բանար հովիւներուն առջեւ։ Ամէն մէկ հովիւ իր հօտը կը հաւաքէր՝ ոչխարները կանչելով. ոչխարներն ալ իրենց հովիւին ձայնը ճանչնալով անոր կը մօտենային (Յովհ. 10։3-5)։ Յիսուս այս օրինակը գործածեց նկարագրելու համար, թէ ինք ինչպէ՛ս հոգ կը տանէր իր աշակերտներուն (Յովհ. 10։7-14)։
Քրիստոնեայ ընտանիքնե՛ր, ‘արթուն եղէք’
5 Այլաբանօրէն խօսելով, հովիւի մը եւ անոր ոչխարներուն միջեւ եղած փոխյարաբերութիւնը գիտութեան ու վստահութեան վրայ հիմնուած է։ Հովիւը իր ոչխարներուն մասին ամէն բան գիտէ, իսկ ոչխարները հովիւը կը ճանչնան ու կը վստահին։ Անոնք իր ձայնը կը զատորոշեն ու կը հնազանդին։ Յիսուս ըսաւ. «Կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանչցուիմ իմիններէս»։ Ան ժողովքին մասին լոկ մակերեսային գիտութիւն չունի։ Հոս թարգմանուած յունարէն «ճանչնալ» բառը կը մատնանշէ «անձնական, սերտ գիտութիւն»։ Այո, Բարի Հովիւը իր ոչխարները անհատապէս կը ճանչնայ։ Ան գիտէ անոնց անձնական պէտքերը, տկարութիւններն ու զօրաւոր կողմերը։ Իր ոչխարներուն նկատմամբ, մեր Տիպարին աչքէն ոչինչ կը վրիպի։ Եւ ոչխարները լման կերպով կը ճանչնան հովիւը ու կը վստահին անոր առաջնորդութեան։
(Յովհաննէս 10։4, 5) Երբ իր ոչխարները կը հանէ, անոնց առջեւէն կ’երթայ ու ոչխարները իր ետեւէն կ’երթան, վասն զի անոր ձայնը կը ճանչնան։ 5 Սակայն օտարի ետեւէն չեն երթար, հապա անկէ կը փախչին, վասն զի օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար։
cf էջ 124-125 պարբ. 17
«Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց»
17 Ճորճ Ա. Սմիթ իր տեսածին հիման վրայ այսպէս գրեց իր գրքին մէջ. «Երբեմն մեր կէսօրուան դադարը կ’անցընէինք Հրէաստանի ջրհորներէն մէկուն մօտ, ուր երեք կամ չորս հովիւներ կու գային իրենց հօտերուն հետ միասին։ Հօտերը իրարու կը խառնուէին, եւ մենք հարց կու տայինք, թէ ամէն մէկ հովիւ ինչպէ՛ս պիտի կարենայ իր հօտը հաւաքել։ Ոչխարները ջուր խմելէն ու խաղալէն ետք, ամէն մէկ հովիւ ձորին մէկ կողմը կը կենար եւ իր յատուկ ձայնով կը կանչէր իր ոչխարները. եւ ամէն մէկ ոչխար միւսներէն զատուելով իր հովիւին քով կ’երթար։ Այսպէս հօտերը կարգաւ կ’երթային՝ այնպէս ինչպէս որ եկած էին» (The Historical Geography of the Holy Land)։ Ուրեմն Յիսուս շատ լաւ օրինակով մը բացատրեց, որ եթէ իր սորվեցուցածները ընդունինք, ատոնց հնազանդինք եւ իր առաջնորդութեան հետեւինք՝ կրնանք «բարի հովիւ»ին հոգատարութեան ներքեւ գալ։
(Յովհաննէս 10։16) «Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս բակէն չեն. զանոնք ալ պէտք է որ բերեմ ու իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ»։
nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 10։16
բերեմ։ Կամ «առաջնորդեմ»։ Հոս գործածուած յունարէն aʹgo բայը կրնայ նշանակել «ներս բերել» կամ «առաջնորդել», նայած թէ անիկա հատուածին մէջ ինչ իմաստ կը կրէ։ Ք.Ե. մօտ 200 թուականէն մնացած յունարէն ձեռագիր մը կը գործածէ այս բային հետ կապ ունեցող յունարէն sy·naʹgo բառը, որ ընդհանրապէս կը թարգմանուի «հաւաքել»։ Բարի Հովիւը ըլլալով՝ Յիսուս կը հաւաքէ, կ’առաջնորդէ, կը պաշտպանէ եւ կը կերակրէ այս բակին պատկանող ոչխարները եւ իր ուրիշ ոչխարները (Ղուկաս 12։32–ին մէջ «այս բակ»ը նաեւ կը կոչուի «պզտիկ հօտ»)։ Անոնք կը դառնան մէկ հօտ՝ մէկ հովիւի առաջնորդութեան տակ։ Այս պատկերաւոր խօսքը կը շեշտէ այն միութիւնը, որ Յիսուսին հետեւորդները պիտի վայելէին։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Յովհաննէս 9։38) Անիկա ալ ըսաւ. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր» ու անոր երկրպագութիւն ըրաւ։
nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 9։38
անոր երկրպագութիւն ըրաւ։ Կամ «անոր առջեւ խոնարհեցաւ», «անոր առջեւ ծունկի եկաւ», «զինք մեծարեց»։ Երբ յունարէն pro·sky·neʹo բայը գործածուի ակնարկելու համար աստուած մը պաշտելուն, անիկա կը թարգմանուի «պաշտել» (Մատ. 4։10, ՆԱ. Ղուկ. 4։8, ՆԱ)։ Բայց այս հատուածին մէջ, երբ կոյր ծնած մարդը բժշկուեցաւ, ան ընդունեց որ Յիսուս Աստուծոյ ներկայացուցիչն է եւ անոր երկրպագութիւն ըրաւ։ Այս մարդը Յիսուսը չնկատեց Ամենակալ Աստուածը կամ ուրիշ աստուած մը, հապա նկատեց մարգարէացուած «Որդին մարդոյ». այսինքն աստուածային հեղինակութիւն ունեցող Մեսիան (Յովհ. 9։35)։ Այնպէս կ’երեւի որ այս մարդը Յիսուսին առջեւ խոնարհեցաւ այնպէս՝ ինչպէս որ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ նշուած մարդիկը կ’ընէին։ Անոնք կը խոնարհէին մարգարէներու, թագաւորներու եւ Աստուծոյ ուրիշ ներկայացուցիչներու առջեւ (Ա. Թագ. 25։23, 24. Բ. Թագ. 14։4-7. Գ. Թագ. 1։16. Դ. Թագ. 4։36, 37)։ Շատ մը առիթներով երբ մարդիկ Յիսուսին երկրպագութիւն ընէին, ցոյց կու տային թէ երախտապարտ էին որ կրցած էին հասկնալ որ Յիսուս Աստուծոյ հաճութիւնը ունէր։
(Յովհաննէս 10։22) Այն ատեն Երուսաղէմ նաւակատիքի տօն էր։ Ձմեռ էր։
nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 10։22
նաւակատիքի տօն։ Այս տօնը եբրայերէնով կը կոչուի Հանուգա (chanuk·kahʹ), որ կը նշանակէ «Նաւակատիք», «Նուիրում»։ Անիկա ութ օր կը տեւէր, սկսելով քասղեւ ամսու 25–ին, ձմեռնային արեւադարձին ատենները, յիշատակելու համար Երուսաղէմի տաճարին երկրորդ նաւակատիքը, որ տեղի ունեցաւ Ք.Ա. 165–ին։ Սուրիոյ կառավարիչը՝ Անտիոքոս Դ. (Եփիփանոս), անարգեց Եհովան՝ հրեաներու Աստուածը, անոր տաճարը սրբապղծելով։ Օրինակ, ան հեթանոսական զոհասեղան մը շինեց մեծ զոհասեղանին վրայ, ուր առօրեայ ողջակէզներ կը մատուցանուէին։ Եհովային տաճարը լիովին պղծելու համար, Ք.Ա. 168–ի քասղեւ ամսու 25–ին, Անտիոքոս զոհասեղանին վրայ խոզ զոհեց եւ անոր մսաջուրով ամբողջ տաճարը սրսկեց։ Ան տաճարին դռները այրեց, քահանաներուն սենեակները փլեց եւ ոսկի սեղանը, առաջաւորութեան հացի սեղանը եւ ոսկիէ աշտանակը առաւ–տարաւ։ Յետոյ ան Եհովային տաճարը նուիրեց Ողիմպոսի Զեւս հեթանոս չաստուածին։ Երկու տարի ետք, Յուդա Մակաբէ քաղաքն ու տաճարը ազատագրեց։ Տաճարը մաքրուելէ ետք, անոր երկրորդ նաւակատիքը տեղի ունեցաւ Ք.Ա. 165–ի քասղեւ ամսու 25–ին,– Անտիոքոս կառավարիչը Զեւս չաստուածին գարշելի զոհ մատուցանելէն ճիշդ երեք տարի ետք։ Եւ այսպէս առօրեայ ողջակէզներ ետ սկսան Եհովային մատուցանուիլ։ Ներշնչեալ Գրութիւններուն մէջ ուղղակի չէ յիշուած, որ Եհովա՛ն Յուդա Մակաբէին յաղթանակ շնորհեց եւ առաջնորդեց որ տաճարը վերաշինէ։ Բայց Եհովան գործածած էր օտար ազգերէ մարդիկ, ինչպէս՝ Պարսկաստանի Կիւրոս թագաւորը, որ Իր պաշտամունքին վերաբերեալ կարգ մը նպատակներ իրագործէ (Եսա. 45։1)։ Ուրեմն տրամաբանական է որ եզրակացնենք, թէ Եհովան իր նուիրուած ժողովուրդէն տղամարդ մը թերեւս գործածէր՝ իր կամքը կատարելու համար։ Սուրբ Գրութիւնները ցոյց կու տան, թէ Մեսիային, անոր ծառայութեան եւ անոր զոհին վերաբերեալ մարգարէութիւնները կատարուելու համար, տաճարը պէտք էր որ գոյութիւն ունենար եւ գործօն վիճակի մէջ ըլլար։ Ասկէ զատ, ղեւտացիները պէտք էր շարունակէին զոհեր մատուցանել մինչեւ այն ժամանակը, երբ Մեսիան պիտի ներկայացնէր ամէնէն մեծ զոհը՝ իր կեանքը, բոլոր մարդոց համար (Դան. 9։27. Յովհ. 2։17. Եբ. 9։11-14)։ Քրիստոսին հետեւորդները պատուէր չստացան որ նաւակատիքի տօնը տօնեն (Կող. 2։16, 17)։ Բայց Սուրբ Գիրքին մէջ արձանագրուած չէ որ Յիսուս կամ իր աշակերտները այս տօնը տօնելը դատապարտեցին։
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 8-14
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 11-12
«Յիսուսին պէս կարեկից եղիր»
(Յովհաննէս 11։23-26) Յիսուս ըսաւ անոր. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»։ 24 Մարթա ըսաւ անոր. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ»։ 25 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի. 26 Եւ ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի։ Դուն կը հաւատա՞ս ասոր»։
nwtsty սերտելու նոթեր. Յովհ. 11։24, 25
Գիտեմ թէ. . . յարութիւն պիտի առնէ։ Մարթան կարծեց որ Յիսուս կը խօսէր այն յարութեան մասին, որ պիտի կատարուէր ապագային՝ վերջին օրը։ Յարութեան հանդէպ իր հաւատքը աչքառու էր։ Իր օրերուն կարգ մը կրօնական առաջնորդներ, որոնք սադուկեցիներ կը կոչուէին, յարութեան ուսուցումը կը մերժէին, հակառակ անոր որ Սուրբ Գրութիւնները յստակ կերպով ատիկա կը սորվեցնեն (Դան. 12։13. Մար. 12։18)։ Իսկ փարիսեցիները հոգիի անմահութեան կը հաւատային։ Բայց Մարթան գիտէր, որ Յիսուս յարութեան յոյսին մասին կը սորվեցնէր եւ նոյնիսկ մարդոց յարութիւն տուած էր,– հակառակ անոր որ ասկէ առաջ յարութիւն չէր տուած մէկու մը, որ քանի մը օրէ ի վեր մահացած էր, ինչպէս էր Ղազարոսին պարագան։
Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Յիսուսին մահն ու յարութիւնը մեռելներուն առջեւ ճամբան բացաւ որ ետ կեանքի գան։ Յիսուսին յարութենէն ետք, Եհովան իրեն զօրութիւն տուաւ ոչ միայն մեռելներուն յարութիւն տալու, հապա նաեւ յաւիտենական կեանք շնորհելու։ Յայտնութիւն 1։18–ին մէջ (ԱԾ), Յիսուս ինքզինք կը կոչէ ‘ան որ կ’ապրի’ եւ ինքն իր մասին կ’ըսէ, որ «մահուան ու դժոխքին բանալիները» ունի։ Ուրեմն Յիսուս ապրողներուն եւ մեռնողներուն յոյսն է։ Ան խոստացաւ որ գերեզմանները պիտի բանայ եւ մեռելները յարուցանէ՝ կա՛մ երկինքի մէջ որպէս իր իշխանակիցները կամ ալ իր նոր երկրին մէջ, որուն վրայ իր երկնային կառավարութիւնը պիտի իշխէ (Յովհ. 5։28, 29. Բ. Պետ. 3։13)։
(Յովհաննէս 11։33-35) Յիսուս երբ տեսաւ զանիկա որ կու լար եւ անոր հետ եղող Հրեաները, որոնք կու լային, իր հոգիին մէջ հառաչեց ու խռովեցաւ, 34 եւ ըսաւ. «Ո՞ւր դրած էք զանիկա»։ Ըսին իրեն. «Տէ՛ր, եկուր ու տես»։ 35 Յիսուս լացաւ [«արցունք թափեց», ՆԱ]։
nwtsty սերտելու նոթեր. Յովհ. 11։33-35
կու լար։ «Կու լար» բառին յունարէնը շատ անգամ կ’ակնարկէ լսելի կերպով լալուն։ Նոյն բայը կը գործածուի Յիսուսին համար, երբ ան կը մարգարէանայ Երուսաղէմի գալիք կործանումին մասին (Ղուկ. 19։41)։
հառաչեց ու խռովեցաւ։ Բնագրին մէջ այս երկու բառերուն գործածութիւնը միասնաբար՝ կը նկարագրէ այս առթիւ Յիսուսին խոր զգացումները։ «Հառաչեց» թարգմանուած յունարէն բայը (em·bri·maʹo·mai) ընդհանրապէս կ’ակնարկէ զօրաւոր զգացումներ ունենալուն, բայց այս հատուածին մէջ անիկա կ’ակնարկէ զօրաւոր զգացումներ արտայայտելուն։ «Խռովեցաւ» բառին յունարէնը (ta·rasʹso) բառացիօրէն կ’ակնարկէ ներքին ալեկոծ վիճակի։ Ուսումնականի մը համաձայն, այս հատուածին մէջ անիկա կը նշանակէ «ներքին իրարանցում պատճառել, խոր ցաւ եւ վիշտ պատճառել»։ Նոյն բայը կը գործածուի Յովհաննէս 13։21–ի մէջ։ Հոն կը տեսնենք թէ այն գաղափարը, որ Յիսուս Յուդային կողմէ պիտի մատնուէր, իր մէջ այս նոյն զգացումը՝ խռովութիւնը, յառաջացուց։
իր հոգիին մէջ։ Այնպէս կ’երեւի որ հոս յունարէն բառը (pneuʹma) կը գործածուի ակնարկելու այն մղիչ ուժին որ անհատին այլաբանական սիրտէն կ’ելլէ եւ զինք կը մղէ որ բան մը ըսէ կամ ընէ որոշ կերպով։
արցունք թափեց։ Հոս գործածուած բառը (da·kryʹo) բայի ձեւն է «արցունք» թարգմանուած յունարէն գոյականին, որ անցած է նաեւ Ղուկաս 7։38–ին, Գործք 20։19, 31–ին, Եբրայեցիս 5։7–ին, Յայտնութիւն 7։17–ին, 21։4–ին եւ ուրիշ համարներու մէջ։ Այնպէս կ’երեւի, որ հոս շեշտը արցունքներուն վրայ է, եւ ոչ թէ՝ լսելի կերպով լալուն վրայ։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, այս յունարէն բայը միայն հոս կը գործածուի եւ տարբեր է Յովհաննէս 11։33–ին մէջ գործածուած բայէն, ուր կը նկարագրուի Մարիամին եւ հրեաներուն լալը։ Յիսուս գիտէ՛ր որ Ղազարոսին յարութիւն պիտի տար, բայց ան շատ տխրեցաւ, երբ տեսաւ իր մտերիմ բարեկամներուն վշտահար վիճակը։ Անոնց հանդէպ Յիսուսին խոր սէրն ու կարեկցութիւնը զինք մղեցին, որ մարդոց առջեւ լայ կամ արցունք թափէ։ Այս արձանագրութենէն յստակ կը դառնայ, որ Յիսուս կը զգայ անոնց հետ, որոնց սիրելիները մահացած են։
(Յովհաննէս 11։43, 44) Ասիկա ըսելէն ետքը՝ մեծ ձայնով մը կանչեց. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր»։ 44 Մեռելն ալ ելաւ՝ ոտքերը ու ձեռքերը պատանքով կապուած եւ երեսը վարշամակով պատուած։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Արձակեցէ՛ք ատիկա ու թողէ՛ք որ երթայ»։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Յովհաննէս 11։49) Անոնցմէ մէկը՝ Կայիափա անունով՝ որ այն տարուան քահանայապետն էր, ըսաւ անոնց։
nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 11։49
քահանայապետն։ Երբ իսրայէլ անկախ ազգ էր, քահանայապետը մինչեւ մահ իր պաշտօնը կը պահէր (Թւ. 35։25)։ Բայց երբ հռոմայեցիները գրաւած էին Իսրայէլը, Հռոմի կողմէ նշանակուած կառավարիչները հեղինակութիւն ունէին քահանայապետ նշանակելու կամ պաշտօնանկ ընելու։ Կայիափան, որ հռոմայեցիներուն կողմէ նշանակուած էր, հմուտ դիւանագէտ էր, որ իր անմիջական նախորդներէն աւելի երկար ժամանակ քահանայապետ մնաց։ Ան քահանայապետ նշանակուեցաւ Ք.Ե. մօտ 18–ին եւ այդ պաշտօնին մէջ մնաց մինչեւ Ք.Ե. մօտ 36։ Այնպէս կ’երեւի որ երբ Յովհաննէս կ’ըսէ որ Կայիափան այն տարին, այսինքն՝ Ք.Ե. 33–ին, քահանայապետ էր, ըսել կ’ուզէ որ անոր քահանայապետութեան ժամանակն էր որ Յիսուս մահապատիժի ենթարկուեցաւ (գիտնալու համար թէ Կայիափային տունը հաւանաբար ուր էր, տե՛ս Ուղ մաս 16)։
(Յովհաննէս 12։42) Ամէն պարագայի իշխաններէն ալ շատեր իրեն հաւատացին, բայց փարիսեցիներէն վախնալով զայն չէին դաւաներ, որպէս զի ժողովարանէն դուրս չձգուին։
nwtsty սերտելու նոթեր. Յովհ. 12։42
իշխաններէն։ Այնպէս կ’երեւի որ հոս «իշխաններ» թարգմանուած յունարէն բառը կ’ակնարկէ հրէական բարձրագոյն ատեանին՝ Սենետրիոնին՝ անդամներուն։ Նոյն բառը կը տեսնենք Յովհաննէս 3։1–ին մէջ, ուր կը խօսուի Նիկոդէմոսին մասին, որ այդ ատեանին մէկ անդամն էր։
ժողովարանէն դուրս չձգուին։ Կամ «վռնտուին», «արգիլուին ժողովարան մտնելէ»։ Յունարէն ածականը (a·po·sy·naʹgo·gos) միայն կը գործածուի հոս եւ Յովհաննէս 9։22–ին, 12։42–ին եւ 16։2–ին մէջ։ Մարդիկ ժողովարանէն դուրս ձգուած անհատը կ’արհամարհէին, մարդու տեղ չէին դներ եւ իրենց մէջ չէին ընդուներ։ Ասիկա շատ գէշ կերպով կ’ազդէր անհատին ընտանիքին տնտեսական պայմաններուն։ Ժողովարանները, որոնք գլխաւորաբար կը գործածուէին սորվեցնելու համար, որոշ չափով նաեւ կը գործածուէին որպէս տեղական ատեաններ, որոնք զօրութիւնը ունէին պատժելու եւ վռնտելու։
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 15-21
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 13-14
«Ձեզի օրինակ մը տուի»
(Յովհաննէս 13։5) Ետքը կոնքին մէջ ջուր լեցուց ու սկսաւ աշակերտներուն ոտքերը լուալ եւ իր փաթթուած ղենջակովը սրբել։
nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 13։5
աշակերտներուն ոտքերը լուալ։ Անցեալին՝ Իսրայէլի մէջ, մարդիկ սովորաբար սանտալ կը հագուէին։ Սանտալները կ’ըլլային պարաններով, որոնք ոտքերուն եւ ոտքերուն ետեւի վարի մասին (պճեղներուն) կը կապուէին։ Քանի՛ որ սանտալը բաց կ’ըլլար, ճամբորդին ոտքերը անկասկած կ’աղտոտէին փոշոտ ու ցեխոտ ճամբաներէն ու դաշտերէն։ Անոր համար սովորութիւն դարձած էր, որ անհատ մը տուն մը մտնելէ առաջ իր սանտալները հանէր, իսկ հիւրասէր տանտէրը անոր ոտքերը լուալ կու տար։ Սուրբ Գիրքին մէջ շատ անգամ կը նշուի այս սովորութիւնը (Ծն. 18։4, 5. 24։32. Ա. Թագ. 25։41. Ղուկ. 7։37, 38, 44)։ Երբ Յիսուս իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց, ան այս սովորութեան ընդմէջէն անոնց կարեւոր դաս մը սորվեցուց խոնարհութեան եւ ուրիշներու ծառայելուն մասին։
(Յովհաննէս 13։12-14) Երբ անոնց ոտքերը լուաց եւ իր հանդերձները առնելով նորէն սեղան նստաւ, ըսաւ անոնց. «Գիտէ՞ք, ի՛նչ ըրի ձեզի։ 13 Դուք զիս Վարդապետ ու Տէր կը կոչէք եւ աղէկ կ’ընէք, վասն զի այնպէս եմ։ 14 Եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, ուրեմն պէտք է որ դուք ալ իրարու ոտքերը լուաք։
nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 13։12-14
պէտք է։ Կամ «պարտաւոր էք»։ Հոս գործածուած յունարէն բայը շատ անգամ նիւթական առումով կը գործածուի եւ գլխաւորաբար կը նշանակէ «մէկու մը պարտական ըլլալ», «մէկու մը բան մը պարտիլ» (Մատ. 18։28, 30, 34. Ղուկ. 16։5, 7)։ Հոս եւ ուրիշ հատուածներու մէջ, անիկա աւելի ընդարձակ իմաստով կը գործածուի եւ կը նշանակէ պարտաւոր ըլլալ բան մը ընելու (Ա. Յովհ. 3։16. 4։11. Գ. Յովհ. 8)։
(Յովհաննէս 13։15) Վասն զի ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք։
w99 3/1 էջ 31 պարբ. 1
Մեծագոյն մարդը խոնարհ ծառայութիւն կ’ընէ
Իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով, Յիսուս խոնարհութեան կարեւոր դաս մը սորվեցուց։ Պէտք չէ որ քրիստոնեաները իրենք զիրենք այնքա՛ն կարեւոր սեպեն, որ ակնկալեն որ ուրիշները միշտ իրենց ծառայեն, ոչ ալ պէտք է տենչան պատուոյ դիրք եւ համբաւ ունենալ։ Հապա պէտք է հետեւին Յիսուսին օրինակին, որ «չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու» (Մատթէոս 20։28)։ Այո, Յիսուսին հետեւորդները պէտք է պատրաստ ըլլան ամէնէն խոնարհ ծառայութիւնները ընելու իրարու։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Յովհաննէս 14։6) Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով»։
nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 14։6
Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը։ Յիսուսը ճամբան է, քանի որ միայն իր միջոցաւ կարելի է աղօթքով Աստուծոյ մօտենալ։ Ան նաեւ «ճամբան» է, որուն շնորհիւ մարդիկ Աստուծոյ հետ կը հաշտուին (Յովհ. 16։23. Հռով. 5։8)։ Յիսուս ճշմարտութիւնն է այն առումով, որ ան ճշմարտութիւնը խօսեցաւ եւ անոր համաձայն ապրեցաւ։ Ան նաեւ կատարեց շա՜տ մը մարգարէութիւններ, որոնք ցոյց կու տան իր գլխաւոր դերը Աստուծոյ նպատակը կատարելուն մէջ (Յովհ. 1։14. Յայտ. 19։10)։ Այս մարգարէութիւնները ‘իր մէջ «Այո» եղան’, այսինքն իր միջոցաւ կատարուեցան (Բ. Կոր. 1։20)։ Յիսուս կեանքն է, քանի որ փրկանքին միջոցաւ կարելի դարձուց որ մարդիկ «յաւիտենական կեանքը», այսինքն՝ իսկական կեանքը ձեռք ձգեն (Ա. Տիմ. 6։12, 19. Եփ. 1։7. Ա. Յովհ. 1։7)։ Ան նաեւ միլիոնաւորներու համար «կեանքը» պիտի ըլլայ, այն առումով որ անոնք յարութիւն պիտի առնեն՝ Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունենալով (Յովհ. 5։28, 29)։
(Յովհաննէս 14։12) Ապա թէ ոչ՝ գոնէ գործերուն համար ինծի հաւատացէք։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Ան որ ինծի կը հաւատայ, այն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինք ալ պիտի գործէ եւ անոնցմէ աւելի մեծ գործեր պիտի գործէ’։ Վասն զի ես Հօրս քով կ’երթամ։
nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 14։12
անոնցմէ աւելի մեծ գործեր։ Յիսուս ըսել չ’ուզեր, որ իր աշակերտները իր հրաշքներէն աւելի մեծ հրաշքներ պիտի կատարէին։ Հապա ան խոնարհաբար կ’ընդունի, որ անոնք աւելի մեծ տարողութեամբ պիտի քարոզէին ու սորվեցնէին։ Իր հետեւորդները աւելի շատ թաղամասեր պիտի ծածկէին, աւելի շատ մարդոց պիտի հասնէին եւ աւելի երկար ժամանակամիջոցի մը ընթացքին պիտի քարոզէին։ Յիսուսին խօսքերը ցոյց կու տան, որ ան իր հետեւորդներէն կ’ակնկալէր, որ իր սկսած գործունէութիւնը շարունակէին։
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 22-28
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 15-17
«Աշխարհէն չէք»
(Յովհաննէս 15։19) Եթէ աշխարհէն եղած ըլլայիք, աշխարհ իրենները կը սիրէր. բայց որովհետեւ աշխարհէն չէք, հապա ես ձեզ աշխարհէն ընտրեցի, անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ։
nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 15։19
աշխարհ։ Այս հատուածին մէջ, յունարէն բառը (koʹsmos) կ’ակնարկէ բոլոր անիրաւ մարդոց, որոնք Աստուծմէ օտարացած են։ Յովհաննէս միակ աւետարանագիրն է, որ մէջբերեց Յիսուսին խօսքը, թէ իր հետեւորդները աշխարհէն չեն կամ աշխարհին չեն պատկանիր։ Նոյն գաղափարը երկու անգամ եւս կը նշուի Յիսուսին վերջին աղօթքին մէջ իր հաւատարիմ առաքեալներուն հետ (Յովհ. 17։14, 16)։
(Յովհաննէս 15։21) Բայց այս ամէն բաները պիտի ընեն ձեզի՝ իմ անուանս համար, վասն զի չճանչցան զանիկա որ զիս ղրկեց։
nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 15։21
իմ անուանս համար։ Սուրբ Գիրքին մէջ «անուն» բառը երբեմն կ’ակնարկէ անհատին, անոր համբաւին եւ ամէն բանի որ ինք կը ներկայացնէ։ Յիսուսին պարագային, անոր անունը նաեւ կը նշանակէ այն իշխանութիւնը եւ դիրքը որ իր Հայրը իրեն տուած է (Մատ. 28։18. Փլպ. 2։9, 10. Եբ. 1։3, 4)։ Հոս Յիսուս կը բացատրէ, թէ ինչու աշխարհի մարդիկը իր աշակերտներուն պիտի հակառակէին. քանի որ անոնք չեն ճանչնար ան որ ղրկեց զինք։ Աստուած ճանչնալը անոնց պիտի օգնէր, որ Յիսուսի անուան նշանակութիւնը հասկնային եւ ընդունէին (Գործք 4։12)։ Յիսուսին անունը կը պարփակէ իր դիրքը որպէս Աստուծոյ նշանակած Կառավարիչը՝ թագաւորներուն Թագաւորը, որուն բոլոր ժողովուրդները պէտք է ծնրադրեն եւ հպատակին՝ կեանք ձեռք ձգելու համար (Յովհ. 17։3. Յայտ. 19։11-16. համեմատէ Սաղմոս 2։7-12–ին հետ)։
(Յովհաննէս 16։33) Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի։
it-1 էջ 516
Քաջութիւն
Քրիստոնեան քաջութեան պէտք ունի, որպէսզի Եհովա Աստուծոյ դէմ թշնամացած աշխարհին կեցուածքներով եւ վարքով չապականուի եւ Աստուծոյ հաւատարիմ մնայ, հակառակ անոր որ այս աշխարհին կողմէ ատուած է։ Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի» (Յովհ. 16։33)։ Աստուծոյ Որդին բնա՛ւ տեղի չտուաւ այս աշխարհին ազդեցութեան, հապա աշխարհին յաղթեց՝ անոր չնմանելով։ Յիսուս Քրիստոսին հոյակապ օրինակը որպէս յաղթող ինչպէս նաեւ իր անթերի կենցաղը մեզի պէտք եղած քաջութիւնը կու տան, որ զինք ընդօրինակենք եւ աշխարհէն զատուինք ու անով չպղծուինք (Յովհ. 17։16)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Յովհաննէս 17։21-23) Որպէս զի ամէնքն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս՝ ու ես քու մէջդ, որպէս զի անոնք ալ մեր մէջ մէկ ըլլան եւ աշխարհ հաւատայ թէ դուն ղրկեցիր զիս։ 22 Այն փառքը որ դուն ինծի տուիր, ես անոնց տուի, որպէս զի մէկ ըլլան՝ ինչպէս մենք մէկ ենք. 23 (Ես՝ անոնց մէջ եւ դուն՝ իմ մէջս.) որպէս զի իրենք կատարեալ ըլլան միութեան մէջ ու աշխարհ գիտնայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս ու սիրեցիր զանոնք՝ ինչպէս զիս սիրեցիր։
nwtsty սերտելու նոթեր. Յովհ. 17։21-23
մէկ։ Կամ «միութեան մէջ»։ Յիսուս աղօթեց որ իր ճշմարիտ հետեւորդները «մէկ» ըլլան, այսինքն իրարու հետ միութեամբ աշխատին նոյն նպատակին համար, ինչպէս որ ինքն ու իր Հայրը «մէկ» են. այսինքն իրարու հետ կը համագործակցին եւ մէկ միտք ունին (Յովհ. 17։22)։ Ա. Կորնթացիս 3։6-9–ին մէջ, Պօղոս կը նկարագրէ քրիստոնեաներուն միջեւ եղած այս միութիւնը, մինչ անոնք իրարու եւ Աստուծոյ հետ կը համագործակցին (տե՛ս Ա. Կորնթացիս 3։8)։
կատարեալ ըլլան միութեան մէջ։ Կամ «ամբողջովին միացած»։ Այս համարին մէջ Յիսուս ցոյց կու տայ որ կապ կայ միութիւն պահպանելուն եւ Հօր կողմէ սիրուած ըլլալուն միջեւ։ Ասիկա ներդաշնակ է Կողոսացիս 3։14–ին հետ (ՆԱ), որ կ’ըսէ. «Սէրը. . . միութեան կատարեալ կապն է»։ Կատարեալ միութիւն չի նշանակեր որ Յիսուսին հետեւորդները նոյն անձնաւորութիւնը, այսինքն՝ նոյն կարողութիւնները, նոյն սովորութիւնները եւ նոյն խիղճը ունին։ Հապա կը նշանակէ, որ անոնք միացած են՝ գործով, հաւատքով եւ իրենց սորվեցուցածներով (Հռով. 15։5, 6. Ա. Կոր. 1։10. Եփ. 4։3. Փլպ. 1։27)։
(Յովհաննէս 17։24) Ո՛վ Հայր, զանոնք որ դուն ինծի տուիր, կ’ուզեմ որ ուր որ ես ըլլամ, անոնք ալ ինծի հետ ըլլան, որպէս զի տեսնեն իմ փառքս, որ ինծի տուիր. վասն զի դուն զիս սիրեցիր աշխարհի սկիզբէն [«աշխարհի հիմնուելէն», ՆԱ] առաջ։
nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 17։24
աշխարհի հիմնուելէն։ «Հիմնուիլ» թարգմանուած յունարէն բառը Եբրայեցիս 11։11–ին մէջ եկած է «յղանալ»։ Այնպէս կ’երեւի որ հոս՝ այս բառը կ’ակնարկէ Ադամին ու Եւային զաւակներ ծնանելուն։ Յիսուս ‘աշխարհի հիմնուիլը’ կը կապէ Աբէլին հետ, որ այնպէս կ’երեւի թէ առաջին անհատն էր որ որակեալ էր փրկուելու եւ իր անունը ‘աշխարհի հիմնուելէն ի վեր կենաց գրքին մէջ գրուելու’ (Ղուկ. 11։50, 51, ՆԱ. Յայտ. 17։8, ՆԱ)։ Այս խօսքերը, որոնք Յիսուս աղօթքի մէջ ըսաւ իր Հօր, ապացոյց են թէ Աստուած իր միածին Որդին սիրեց շա՜տ առաջ,– առաջ որ Ադամն ու Եւան զաւակներ ծնանէին։
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 29–ՆՈՅԵՄԲԵՐ 4
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18-19
«Յիսուս ճշմարտութեան մասին վկայեց»
(Յովհաննէս 18։36) Յիսուս պատասխան տուաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ. եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ»։
(Յովհաննէս 18։37) Այն ատեն Պիղատոս ըսաւ անոր. «Ուրեմն դուն թագաւո՞ր մըն ես»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս. «Դուն կ’ըսես, քանզի թագաւոր եմ։ Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ։ Ամէն մարդ որ ճշմարտութենէն է՝ իմ ձայնիս ականջ կը դնէ»։
nwtsty սերտելու նոթեր. Յովհ. 18։37
վկայեմ։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ «վկայել» (mar·ty·reʹo) եւ «վկայ» (mar·ty·riʹa; marʹtys) թարգմանուած յունարէն բառերը ընդարձակ իմաստ ունին։ Երկու բառերն ալ գլխաւորաբար կը նշանակեն վկայել այն իրողութիւններուն համար, որոնք անհատը իր աչքովը տեսած է կամ անոնցմէ անձամբ տեղեակ է։ Բայց այս բառերը նաեւ կրնան կրել «յայտարարել», «հաստատել», «մէկու մը մասին լաւ խօսիլ» իմաստները։ Յիսուս ո՛չ միայն վկայեց եւ քարոզեց այն ճշմարտութիւնները, որոնցմով համոզուած էր, հապա նաեւ ապրեցաւ այնպէս մը, որ իր Հօր մարգարէական խօսքերուն եւ խոստումներուն ճշմարիտ ըլլալը պաշտպանեց (Բ. Կոր. 1։20)։ Թագաւորութեան եւ անոր մեսիական Կառավարիչին նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը մանրամասնութեամբ մարգարէացուած էր։ Յիսուսին ամբողջ երկրային կեանքի ընթացքը եւ իր զոհաբերական մահը կատարեցին իրեն մասին ըսուած բոլոր մարգարէութիւնները, մէջը ըլլալով Օրէնքի ուխտին շուքերը (Կող. 2։16, 17. Եբ. 10։1)։ Ուրեմն կարելի է ըսել, որ Յիսուս թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով ‘ճշմարտութեան համար վկայեց’։
ճշմարտութեան։ Յիսուս չէր խօսեր ճշմարտութեան մասին ընդհանուր առմամբ, հապա կը խօսէր Աստուծոյ նպատակներուն հետ կապ ունեցող ճշմարտութեան մասին։ Աստուծոյ նպատակին կարեւոր մէկ երեսակն էր որ Յիսուս՝ ‘Դաւիթի որդին’, ծառայէր որպէս Քահանայապետ եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան Կառավարիչ (Մատ. 1։1)։ Յիսուս բացատրեց, որ իր աշխարհ գալու եւ ծառայելու գլխաւոր պատճառը Թագաւորութեան նկատմամբ ճշմարտութեան մասին վկայելն էր։ Հրեշտակները նման պատգամ մը ծանուցանեցին Յիսուսին գալէն առաջ ինչպէս նաեւ իր ծնած ատեն Հրէաստանի Բեթլեհէմին մէջ, ուր Դաւիթ ծնած էր (Ղուկ. 1։32, 33. 2։10-14)։
(Յովհաննէս 18։38ա) Պիղատոս ըսաւ անոր. «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը»։
nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 18։38ա
Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը։ Այնպէս կ’երեւի, որ Պիղատոսին հարցումը կ’ակնարկէ ճշմարտութեան ընդհանուր առմամբ՝ եւ ոչ թէ այն «ճշմարտութեան», որուն մասին Յիսուս քիչ առաջ կը խօսէր (Յովհ. 18։37)։ Եթէ Պիղատոս այս հարցումը անկեղծօրէն հարցուցած ըլլար, Յիսուս անկասկած պիտի պատասխանէր անոր։ Բայց Պիղատոս հաւանաբար այս հարցումը չէր հարցներ պատասխան առնելու միտումով, հապա կը հարցնէր անհաւատօրէն՝ կասկածոտ եւ ծաղրական ոճով։ Ան կարծես կ’ըսէր. «Ի՞նչ ըսել է ճշմարտութիւն։ Ատանկ բան գոյութիւն չունի»։ Իրականութեան մէջ, Պիղատոս ոչ ալ կը սպասէ որ Յիսուս իրեն պատասխանէ, հապա վայրէն դուրս կ’ելլէ եւ հրեաներուն քով կ’երթայ։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Յովհաննէս 19։30) Ուստի Յիսուս երբ քացախը առաւ՝ ըսաւ. «Ամէն բան կատարուեցաւ» ու գլուխը ծռելով՝ հոգին աւանդեց։
nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 19։30
հոգին աւանդեց։ Կամ «մեռաւ», «շունչ առնելէ դադրեցաւ»։ «Հոգի» (յունարէնով pneuʹma) բառը թերեւս հոս կը հասկցուի «շունչ» կամ «կեանքի ոյժ»։ Ասոր թիկունք կը կանգնի յունարէն ek·pneʹo բային գործածութիւնը Մարկոս 15։37–ին եւ Ղուկաս 23։46–ին զուգահեռ արձանագրութիւններուն մէջ։ Յունարէն ek·pneʹo բայը բառացիօրէն կը նշանակէ «արտաշնչել» (Նոր աշխարհի թարգմանութեան մէջ ատիկա եկած է «մեռաւ», իսկ Մարկոս 15։37–ին եւ Ղուկաս 23։46–ին սերտելու նոթերուն մէջ եկած է «վերջին շունչը փչեց»)։ Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն, որ «աւանդեց» թարգմանուած յունարէն արտայայտութիւնը կը նշանակէ, որ Յիսուս չշարունակեց պայքարիլ ապրելու համար, քանի որ ամէն բան կատարուած էր։ Ամէն պարագայի, ան յօժարաբար «իր անձը մահուան մատնեց» (Եսա. 53։12. Յովհ. 10։11)։
(Յովհաննէս 19։31) Այն ատեն Հրեաները, որովհետեւ ուրբաթ օր էր եւ որպէս զի այն մարմինները խաչին վրայ չմնան մինչեւ շաբաթ օրը, (վասն զի այն շաբաթը մեծ օր էր,) Պիղատոսին աղաչեցին, որ անոնց սրունքները կոտրտեն ու վերցուին։
nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 19։31
այն շաբաթը մեծ օր էր։ Պասեքին յաջորդող օրը՝ նիսան 15–ը, միշտ Շաբաթ կամ հանգստեան օր կ’ըլլար, շաբթուան որ օրն ալ որ գար (Ղեւ. 23։5-7)։ Երբ այս յատուկ Շաբաթը զուգադիպէր սովորական շաբաթին հետ (հրէական շաբթուան եօթներորդ օրը, որ կը տեւէ ուրբաթ արեւամուտէն մինչեւ շաբաթ արեւամուտ), «մեծ» Շաբաթ կը կոչուէր։ Յիսուսի մահուան յաջորդ օրը մեծ Շաբաթ էր։ Ք.Ե. 29–էն մինչեւ Ք.Ե. 35, Ք.Ե. 33–ը միակ տարին էր երբ նիսան 14–ը զուգադիպեցաւ ուրբաթ օրուան։ Ուրեմն, ասոր վրայ հիմնուելով կրնանք եզրակացնել, որ Ք.Ե. 33–ի նիսան 14–ին էր որ Յիսուս մահացաւ։