ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 1-4
Հինը վրայէդ հանէ եւ նորը հագուէ
Երբ ճշմարտութեան եկար, մեծ փոփոխութիւններ մտցուցի՞ր անձնաւորութեանդ մէջ։ Կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան ուրախացաւ երբ ջանքերդ տեսաւ (Եզեկ. 33։11)։ Բայց պէտք է շարունակենք ջանք թափել, որ մեր հին անձնաւորութեան յատկութիւնները ետ չարթննան մեր մէջ եւ պահենք մեր նոր անձնաւորութիւնը։ Այս հարցումներուն պատասխանէ, որ տեսնես թէ արդեօք պէտք կա՞յ որ բարելաւուիս կարգ մը մարզերու մէջ.
Ոխ կը պահե՞մ մէկու մը հանդէպ, որ ինծի դէմ սխալած է։
Համբերութեամբ կը վարուի՞մ, նոյնիսկ եթէ աճապարանօք կամ յոգնած ըլլամ։
Եթէ անբարոյ միտք մը անցնի միտքէս, շուտով ուրիշ բանի մասին կը մտածե՞մ։
Ժխտական զգացումներ ունի՞մ ուրիշ ցեղի կամ երկրի պատկանող անհատներու հանդէպ։
Վերջերս անազնիւ կերպով խօսեցա՞յ մէկու մը հետ կամ ջղայնութիւնս պարպեցի՞ մէկու մը վրայ։