ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ի՞նչ կրնաս սորվիլ անոնցմէ
Նոր նշանակուած օգնական ծառայ կամ երէ՞ց ես։ Թերեւս ունիս ձիրքեր, կարողութիւններ կամ ուսում, որոնք ուրիշ օգնական ծառաներ կամ երէցներ չունին։ Բայց շատ բաներ կրնաս սորվիլ այդպիսի եղբայրներէ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր տղամարդոցմէ, որոնք այլեւս երէցներու մարմինին մէջ չեն, քանի որ սահմանափակումներ ունին իրենց տարիքին, առողջական խնդիրներու կամ ընտանեկան պատասխանատուութիւններու պատճառով։
ԴԻՏԷ ՓՈՐՁԱՌՈՒ ՏՂԱՄԱՐԴԻԿԸ ՅԱՐԳԷ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
1. Եղբայր Տիգրանը ինչպէ՞ս յարգեց եղբայր Անդոն։
2. Պետիկը ի՞նչ սխալ ըրաւ, եւ ինչո՞ւ։
3. Պետիկը ի՞նչ սորվեցաւ Եղիսէէն։
4. Ըլլա՛ս եղբայր կամ քոյր, ինչպէ՞ս կրնաս փորձառու անհատները յարգել եւ անոնցմէ սորվիլ։