ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Շարունակեցէք ‘անոնց մասին խորհիլ’
Ի՞նչ բաներու մասին։ Փիլիպպեցիս 4։8–ը կ’ըսէ որ պէտք է խորհինք այն բաներուն մասին, որոնք ճշմարտութիւնով, պարկեշտութիւնով, արդարութիւնով, մաքրութիւնով, սիրով, բարի համբաւով, առաքինութիւնով եւ գովութիւնով են։ Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր որ քրիստոնեաները պէտք է միայն Սուրբ Գիրքին մասին մտածեն։ Բայց մեր մտածումները պէտք է միշտ հաճելի ըլլան Եհովային։ Պէտք չէ մտածենք բաներու մասին, որոնք կը դժուարացնեն որ Եհովային հաւատարիմ մնանք (Սաղ. 19։14)։
Դժուար է անպատշաճ մտածումները մերժել, քանի որ ոչ միայն մեր անկատար մարմինին դէմ պէտք է պայքարինք, հապա նաեւ Սատանային, ‘այս աշխարհի աստուծոյն’ (Բ. Կոր. 4։4)։ Մեր կարդացածներուն եւ հեռատեսիլին վրայ, ռատիոյին վրայ եւ համացանցին մէջ մեր տեսածներուն մեծամասնութիւնը ապականուած է, քանի որ Սատանան ի՛նք կը ղեկավարէ աշխարհը։ Պէտք է ուշադրութեամբ ընտրենք, թէ ի՛նչ բաներու մասին կը մտածենք, քանի որ ատոնք կ’ազդեն մեր միտքին եւ ըրածներուն (Յակ. 1։14, 15)։
ԴԻՏԷ ՀԵՌՈՒ ՄՆԱՑԷՔ ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ, ՈՐ ՁԵՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՏԿԱՐԱՑՆԷ. ԱՆՊԱՏՇԱՃ ԺԱՄԱՆՑ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
Եղբայրը ի՞նչ կը դիտէր իր հեռաձայնին վրայ, եւ ատիկա ինչպէ՞ս ազդեց իրեն։
Գաղատացիս 6։7, 8–ը եւ Սաղմոս 119։37–ն ինչպէ՞ս օգնեցին եղբօր։