ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 6-8
«Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս»
Երեւակայէ որ Նոյը եւ իր ընտանիքը որքա՜ն ծանր պէտք էր աշխատէին, որ տապանը շինէին առանց ներկայիս մեր ունեցած գործիքներուն եւ շինարարական մեթոտներուն։
Տապանը հսկայ էր. մօտ 133 մեթր երկայնք, 22 մեթր լայնք եւ 13 մեթր բարձրութիւն ունէր։
Ծառեր պէտք էր կտրուէին, ձեւաւորուէին եւ տեղաւորուէին։
Տապանը թէ՛ ներսէն եւ թէ դուրսէն պէտք էր ձիւթով ծեփուէր։
Ամբողջ մէկ տարուան ուտելիքը պէտք էր ապահովուէր անասուններուն եւ Նոյին ընտանիքին համար։
Ծրագիրը հաւանաբար 40–էն 50 տարի առաւ որ ամբողջանայ։
Այս պատմութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ քաջալերել մեզ, երբ մեզի համար դժուար ըլլայ Եհովային ուզածը ընել։