ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ի՞նչ կրնաս սորվիլ փորձառու քրիստոնեաներէն
Մեր ժողովքներուն մէջ կան եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք երկար տարիներ ծառայած են Եհովային։ Կրնանք անոնցմէ սորվիլ ինչպէ՛ս լման վստահիլ Եհովային։ Կրնանք անոնց հարցնել Եհովային կազմակերպութեան պատմութեան մասին եւ թէ ի՛նչ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելած են Եհովային օգնութեամբ։ Նոյնիսկ կրնանք անոնցմէ մէկէն խնդրել, որ իր փորձառութիւններէն պատմէ մեր ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին։
Եթէ փորձառու քրիստոնեայ մըն ես, պատրաստ եղիր քու փորձառութիւններդ պատմելու աւելի երիտասարդ անհատներու։ Յակոբ եւ Յովսէփ իրենց ընտանիքին երիտասարդ անդամներուն պատմեցին, թէ Եհովան ի՛նչ ըրած էր իրենց համար (Ծն. 48։21, 22. 50։24, 25)։ Յետագային, Եհովան ընտանիքի գլուխներուն ըսաւ որ իր հրաշալի գործերուն մասին սորվեցնեն իրենց զաւակներուն (Բ. Օր. 4։9, 10. Սաղ. 78։4-7)։ Մեր օրերուն, ծնողները եւ ժողովքին մէջ ուրիշներ կրնան աւելի երիտասարդներուն խօսիլ այն հիանալի բաներուն մասին, որոնք Եհովան ըրած է իր կազմակերպութեան միջոցաւ։
ԴԻՏԷ ՄԻԱՑԱԾ ՄՆԱԼ ԵՐԲ ՄԵՐ ԳՈՐԾԸ ԱՐԳԵԼՔԻ ՏԱԿ Է ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
Աւստրիոյ մասնաճիւղը ինչպէ՞ս մեր եղբայրներուն օգնեց երկիրներու մէջ, ուր մեր գործը արգիլումի տակ էր։
Այդ երկիրներուն մէջ եղբայրները ինչպէ՞ս զօրաւոր պահեցին իրենց հաւատքը։
Ռումանիայի մէջ շատ մը հրատարակիչներ ինչո՞ւ ձգեցին Եհովայի կազմակերպութիւնը, եւ յետագային ինչպէ՞ս վերադարձան։
Այս փորձառութիւնները ինչպէ՞ս հաւատքդ կը զօրացնեն։
Փորձառու քրիստոնեաներուն ունեցած հոգեւոր գանձերը դուրս հանէ