Աւելի փորձառու հրատարակիչներէն սորվիլ
Մենք իրապէս կ’արժեւորենք ժողովքի փորձառու հրատարակիչները։ Ոմանք տարիներէ ի վեր Եհովային հաւատարմօրէն կը ծառայեն, իսկ ուրիշներ թերեւս վերջերս ծառայութեան մէջ հմտութիւններ ձեռք ձգած են։ Այս հրատարակիչները տեսած են, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս այս վերջին օրերուն ժողովքը ուղղած է՝ քարոզչութիւնն ու աշակերտելու գործը ընդլայնելով (Մատ. 28։19, 20)։ Ծառայութեան մասնակցելով անոնք «զօրութեան առաւելութիւնը» ստացած են։ Ասիկա իրենց օգնած է որ անձնական մարտահրաւէրներու եւ փորձութիւններու հետ գլուխ ելլեն (Բ. Կոր. 4։7)։ Այս փորձառու հրատարակիչներէն շատ բան ունինք սորվելիք։ Երբ առիթը ստեղծուի, անոնք սիրայօժար իրենց սորվածը ուրիշներուն կը սորվեցնեն (Սաղ. 71։18)։ Արդ, պէտք է առիթներ ստեղծենք իրենցմէ սորվելու։ Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է ընել։
Ծառայութեան մէջ։ Ծառայութեան մէջ ազդու ըլլալու համար, պէտք է որ նոր կամ նուազ փորձառու հրատարակիչները մարզուին։ Շատ բան կրնանք սորվիլ ուշադրութիւն դարձնելով հասուն հրատարակիչներու ծառայութեան (տե՛ս Դիտարան–ի 15 փետրուար 2015 թիւը, «Ծառայութեան մէջ նախանձախնդրութիւնդ վառ պահէ» նիւթին «Օգնէ նոր հրատարակիչներուն» ենթավերնագրին երրորդ պարբերութիւնը)։ Այսպիսի անհատներու հետ ծառայելէն ինչպէ՞ս օգտուած ես։
Ատակ հրատարակիչէ մը կրնա՞ս խնդրել որ քեզի հետ ծառայէ։ Եթէ հրատարակիչը անկարող է, թերեւս իր տան մէջ ատեն–ատեն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններէդ մէկը վարես։ Ուսումնասիրութիւնը լրանալէ ետք, հրատարակիչէն խնդրէ որ նկատողութիւններ եւ ուղղութիւն տայ քեզի։
Անոնց հետ ժամանակ անցուր։ Ջանա՛ փորձառու հրատարակիչները մօտէն ճանչնալ, անոնց հետ ժամանակ անցընելով։ Կրնաս անոնցմէ մէկը ընտանեկան պաշտամունքիդ հրաւիրել եւ իրեն հարցումներ ուղղել։ Եթէ հրատարակիչը անկարող է, կրնա՞ս կարգադրութիւններ ընել որ իր տան մէջ ընտանեկան պաշտամունքդ ունենաս։ Փորձէ գիտնալ թէ ան ինչպէ՛ս ճշմարտութիւնը գիտցաւ։ Ի՞նչ օրհնութիւններ վայելած է։ Ինչպիսի՞ տեղական աճի մը ականատես եղած է։ Եհովային ծառայելով ի՞նչ ուրախութիւն վայելած է։
Փորձառու հրատարակիչներէն կատարելութիւն մի՛ ակնկալեր։ Երկար ատենէ ի վեր ծառայող հրատարակիչները ծառայութեան մէջ տարբեր պարգեւներ ունին՝ ինչպէս մենք ունինք (Հռով. 12։6-8)։ Ոմանք իրենց տարիքը առած են, ինչ որ իրենց շատ թոյլ չի տար որ մեզի հետ ժամանակ անցընեն։ Այսուհանդերձ, կրնանք իրենցմէ շատ բան սորվիլ, քանի որ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայելու մէջ փորձառու են։