Յունիս 15–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՅՈՒՆԻՍ 15–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 77 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Աստուածաշունչին պատգամը էջ 3 եւ մաս 1 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Բ. Թագաւորաց 22-24 (8 վրկ.)
Թիւ 1. Բ. Թագաւորաց 22։21-32 (3 վրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Խրատին հանդէպ մեր հակազդեցութիւնը շատ բան կ’ըսէ մեր մասին [Կայէն] (դ13 1/1 էջ 15 պարբ. 4-7) (5 վրկ.)
Թիւ 3. Սէրն ու հնազանդութիւնը ուրախութիւն կը յառաջացնեն (Աստուծոյ Խօսքը էջ 22 պարբ. 4-6) (5 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
Ամսուան բնաբանը. «Հին օրերը միտքդ բեր» (Բ. Օր. 32։7)։
12 վրկ. Աստուածաշունչի ո՞ր անձնաւորութիւնը կը սիրես։ Հարցազրոյց եւ դասախօսութիւն։ Նախ ժողովքէն երկու կամ երեք երեխաներու հետ հարցազրոյց ունեցիր։ Աստուածաշունչի ո՞ր անձնաւորութիւնը կը սիրեն։ Աստուածաշունչին համաձայն, ան ի՞նչ ըրաւ։ Անոնք ինչպէ՞ս կ’ուզեն Աստուածաշունչի այդ անձնաւորութիւնը ընդօրինակել։ Ապա, դասախօսութիւն տուր բացատրելով թէ երեխաները ինչպէ՞ս կրնան օգտուիլ Աստուածաշունչի անձնաւորութիւններու քարտերէն, որոնք կը գտնուին jw.org կայքին մէջ (նայէ՛ անգլերէնով BIBLE TEACHINGS > CHILDREN)։ Իւրաքանչիւր քարտ կը բովանդակէ անձնաւորութեան մասին հակիրճ տեղեկութիւն, պատկերներ, իր ապրած վայրը ցոյց տուող քարտէս, ապրած ժամանակաշրջանը ցոյց տուող ցուցակ եւ իրեն մասին երեք հարցումներ եւ պատասխաններ։ Իւրաքանչիւր քարտ պատրաստուած է այնպէս մը՝ որ կարելի է զայն տպել ու պահել։ Երեխաներ ունեցող ծնողները քաջալերէ որ այս բաժինը օգտագործեն, իրենց երեխաներուն սորվեցնելու «հին օրեր»ուն մասին (Բ. Օր. 32։7)։
18 վրկ. «Աւելի փորձառու հրատարակիչներէն սորվիլ»։ Քննարկութիւն։ Երբ 2–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, ներկաներէն խնդրէ որ պատմեն թէ փորձառու հրատարակիչի մը հետ ծառայելով ինչպէ՛ս օգտուեցան։
Երգ 4 եւ աղօթք