Կրնա՞ս օգնութեան ձեռք տալ
Շատ մը ժողովքներու մէջ կան հրատարակիչներ, որոնք սահմանափակ կերպով կը մասնակցին ծառայութեան՝ երկարատեւ հիւանդութեան կամ ծերութեան պատճառով (Բ. Կոր. 4։16)։ Կրնա՞ս այսպիսի պարագայ ունեցող հրատարակիչէ մը խնդրել որ քեզի ընկերակցի, մինչ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարես։ Եթէ հրատարակիչը տունէն դուրս ելլելու անկարող է, թերեւս նոյնիսկ կարենաս ուսումնասիրութիւն վարել անոր տան մէջ։ Կրնա՞ս կարգադրութիւն ընել որ անկարող հրատարակիչ մը քեզի հետ ծառայութեան մասնակցի, մինչ տունէ տուն ծառայութեան մէջ քանի մը դուռ կը զարնես կամ մէկ–երկու վերայցելութիւն կ’ընես։ Տարեց հրատարակիչներէն շատեր ծառայութեան մէջ բաւական փորձառութիւն ունին։ Ուստի, տարած ջանքերուդ առ ի արդիւնք, ոչ միայն անկարող հրատարակիչները պիտի մխիթարուին կամ քաջալերուին, այլ նաեւ դո՛ւն պիտի օգտուիս (Հռով. 1։12)։ Ասկէ զատ, մինչ կը ջանաս այս կերպով սէր ցուցաբերել՝ Եհովան ջանքերդ պիտի օրհնէ (Առ. 19։17. Ա. Յովհ. 3։17, 18)։