Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ21 Մարտ էջ 15
  • Բարեկամներդ իմաստութեամբ ընտրէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Բարեկամներդ իմաստութեամբ ընտրէ
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Լուրջի Առնուելիք Ազդարարական Օրինակներ՝ Մեր Օրերուն Համար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Ընկերներդ իմաստութեամբ զատէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Մէկ հոգիի քաջութիւնը օգուտ մը ունի՞
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
ժտ21 Մարտ էջ 15
Մովաբացի կիներ իսրայէլացի տղամարդիկը կը կանչեն որ իրենց հետ երթան։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Բարեկամներդ իմաստութեամբ ընտրէ

Ինչ որ Մովաբի դաշտերուն մէջ իսրայէլացիներուն հետ պատահեցաւ՝ քրիստոնեաներուն դաս մը կրնայ սորվեցնել (Ա. Կոր. 10։6, 8, 11)։ Այն իսրայէլացիները, որոնք սկսան ընկերակցիլ Մովաբի անբարոյ եւ կռապաշտ կիներուն հետ, մղուեցան լուրջ մեղք գործելու։ Ասիկա շատ գէշ հետեւանքներ ունեցաւ (Թւ. 25։9)։ Մենք ունինք շատ մը գործակիցներ, դասընկերներ, դրացիներ, ազգականներ եւ ծանօթներ, որոնք Եհովան չեն պաշտեր։ Այս պատմութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ այսպիսի անհատներու հետ ընկերակցելու վտանգներուն մասին։

ԴԻՏԷ ԱԶԴԱՐԱՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ՝ ՄԵՐ ՕՐԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ. ՀԱՏՈՒԱԾ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • «Ազդարարական օրինակներ՝ մեր օրերուն համար. Հատուած» վիտէոյէն տեսարան մը. Զամբրի Յամինին եւ ուրիշներու կը պատմէ մովաբացի կիներուն մասին։

    Զամբրին եւ ուրիշներ ի՞նչ սխալ միտքեր ըսին Յամինին։

  • «Ազդարարական օրինակներ՝ մեր օրերուն համար. Հատուած» վիտէոյէն տեսարան մը. Փենէհէս Յամինին հետ կը խօսակցի։

    Փենէհէս ինչպէ՞ս օգնեց Յամինին, որ ճիշդ աչքով դիտէ հարցերը։

  • Ի՞նչ է տարբերութիւնը Եհովան չպաշտող մէկու մը հետ ընկերային ըլլալուն եւ անոր ընկերը ըլլալուն միջեւ։

  • Ինչո՞ւ պէտք է նոյնիսկ ժողովքին մէջ ուշադրութեամբ ընտրենք մեր մտերիմ բարեկամները։

  • Ինչո՞ւ ընկերային ցանցերու վրայ պէտք չէ խօսինք խումբ մը մարդոց հետ, որ անձամբ չենք ճանչնար։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել