Լուրջի Առնուելիք Ազդարարական Օրինակներ՝ Մեր Օրերուն Համար
Բոլորս ալ կրնանք մեր ուղղամտութիւնը պահելու մեր վճռակամութիւնը ամրապնդել, Ազդարարական Օրինակներ՝ Մեր Օրերուն Համար պատկերիզին մէջ ներկայացուած սուրբ գրային թատերախաղէն քաղուած դասերուն անսալով։ Զայն դիտելէ առաջ, հաճեցէք կարդալ Թուոց 25–րդ գլուխը եւ յարակից տեղեկութիւններ՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Բ., էջ 419, պարբերութիւն 3-5։ Ապա հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք. Ո՞վ էին Մովաբացիները, եւ Եհովա ինչո՞ւ Մովսէսի ըսաւ որ անոնց դէմ չպատերազմի։ (Բ. Օր. 2։9) Բաղաամ ի՞նչպէս ծրագրեց Մովաբացիները գործածել, Իսրայէլ ազգը կործանելու համար։ Ինչո՞ւ պէտք չէ մոռնանք թէ բազմաթիւ Իսրայելացիներ կարեւոր փորձի մը մէջ ձախողեցան, Խոստացեալ Երկիրը մտնելէն ճիշդ առաջ։—Ա. Կորն. 10։11, 12
Մինչ Ազդարարական Օրինակներ պատկերիզը կը դիտէք, խորհեցէք կեանքի հետեւեալ չորս մարզերուն մասին, որոնց լուրջ ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք, որպէսզի հաւատարիմ ըլլանք ու Աստուծոյ հաճութիւնը վայելենք։ (1) Կեցուածք. Կարգ մը Իսրայելացիներ Եհովայի ու իր կարգադրութիւններուն հանդէպ ի՞նչպէս սխալ կեցուածք մը ցուցաբերեցին։ Անոնց հակառակը, ի՞նչպիսի կեցուածք մը պէտք է ջանանք ցուցաբերել։ (2) Ընկերակցութիւններ. Եհովա ինչո՞ւ չուզեց որ Իսրայելացիները Մովաբացիներուն հետ բարեկամանան։ (Ել. 34։12. Առ. 13։20) Մեր բարեկամները ինչո՞ւ իմաստութեամբ պէտք է ընտրենք։ (3) Բարոյականութիւն. Չար ընկերակցութիւնները առաջնորդեցին շուրջ 23,000 Իսրայելացիներ ո՞ր լուրջ մեղքը գործելու։ (Ա. Կորն. 10։8) Ներկայիս, ի՞նչ բան Աստուծոյ ժողովուրդէն ոմանց հրապուրած է անբարոյութիւն գործելու, սակայն ի՞նչպէս կրնանք մեր անձերը պաշտպանել։ (4) Պաշտամունք. Իսրայելացիները ի՞նչպէս փորձի ենթարկուեցան իրենց պաշտամունքի մաքրութեան առնչութեամբ։ Ներկայիս ոմանք կռապաշտութեան ո՞ր խորամանկ ձեւին կրնան անձնատուր ըլլալ, սակայն ի՞նչպէս կրնանք անկէ խուսափիլ։—Կող. 3։5
Թատերախաղին մէջ, Յամին ի՞նչպէս օրհնուեցաւ իր բարոյական ուղղամտութեան համար։ Այս պատկերիզին միջոցաւ, Կառավարիչ Մարմինը ի՞նչ ջերմ կոչ մը կ’ուղղէ բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն։ Եթէ ընտանիքի գլուխ մըն էք, ինչո՞ւ կը խորհիք թէ իմաստութիւն է որ ձեր ընտանիքը կրկին անգամ դիտէ այս պատկերիզը։