Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ22 Մարտ էջ 13
  • Բոլոր դժուարութիւնները օր մը պիտի վերջանան

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Բոլոր դժուարութիւնները օր մը պիտի վերջանան
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2022)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովան մեր դժուարութիւններուն մէջ մեզի կ’օգնէ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Շարունակէ համբերող ըլլալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Յօժա՞ր ես համբերութեամբ սպասելու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Համբերութեամբ Եհովային սպասէ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2022)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2022)
ժտ22 Մարտ էջ 13
«Միացած ժողովուրդ մը՝ բաժնուած աշխարհի մը մէջ» վիտէոյէն տեսարան մը. 1. Միայն սեւամորթ եղբայրներէ եւ քոյրերէ բաղկացած խումբ մը համաժողովին ընթացքին։ 2. Թէ՛ սեւամորթ եւ թէ ճերմակամորթ երէցներ եւ անոնց կիները կը նկարուին։ 3. Տարբեր տարիքի եւ տարբեր ազգերէ եղող երկու քոյրեր հանրային վկայութեան կը մասնակցին։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Բոլոր դժուարութիւնները օր մը պիտի վերջանան

Նեղութիւնները կրնան մեզ յուսահատեցնել, մանաւանդ երբ երկարին։ Դաւիթ գիտէր որ Սաւուղէն քաշած իր նեղութիւնը վերջ պիտի գտնէր եւ ի վերջոյ թագաւոր պիտի ըլլար, ինչպէս որ Եհովան խոստացած էր (Ա. Թագ. 16։13)։ Դաւիթին հաւատքը իրեն օգնեց որ համբերէ եւ Եհովային սպասէ։

Երբ նեղութիւն ունենանք, կրնանք մեր ճարպիկութիւնը, գիտութիւնը կամ մտածելու կարողութիւնը գործածել որ մեր խնդիրը լուծենք (Ա. Թագ. 21։12-14. Առ. 1։4)։ Բայց կան դժուարութիւններ որոնք չեն լուծուիր, նոյնիսկ եթէ մեր ձեռքէն եկածը ընենք եւ Եհովային կամքին հակառակ բան մը չընենք։ Այսպիսի պարագաներու պէտք է համբերենք եւ Եհովային սպասենք։ Մօտ ատենէն ան մեր ցաւերուն վերջ պիտի դնէ եւ մեր աչքերէն «բոլոր արցունքները պիտի սրբէ» (Յայտ. 21։4)։ Մեր բոլոր նեղութիւնները պիտի վերջանան. կա՛մ Եհովան զանոնք ուղղակի պիտի վերջացնէ, կամ ալ ուրիշ պատճառով մը պիտի վերջանան։ Ասիկա մեզ շատ կը հանգչեցնէ։

ԴԻՏԷ ՄԻԱՑԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՄԸ՝ ԲԱԺՆՈՒԱԾ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԸ ՄԷՋ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Միացեալ Նահանգներուն հարաւը գտնուող կարգ մը քրիստոնեաներ ի՞նչ դժուարութիւններ ունէին։

  • Անոնք ինչպէ՞ս համբերեցին եւ սէր ցուցուցին իրարու հանդէպ։

  • Անոնք ինչպէ՞ս շարունակեցին աւելի կարեւոր բաներու վրայ կեդրոնանալ (Փլպ. 1։10)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել