Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ23 Յուլիս էջ 3
  • ‘Բարի լուրը պաշտպանել եւ օրինապէս հաստատել’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Բարի լուրը պաշտպանել եւ օրինապէս հաստատել’
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Որոշումներ՝ որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովային կը վստահինք
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
  • Խոնարհաբար ընդունէ բաներ որ չես գիտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Աստուածաշունչը ամէն օր կարդա՛ եւ իմաստութիւն փնտռէ՛
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
ժտ23 Յուլիս էջ 3
1. Կէթի եւ Մէրի Պառնէթ 2. Եղբայր Քոքինաքիս եւ ուրիշներ՝ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին առջեւ։ 3. Եհովայի վկաները Ռոսթով դատարանին մէջ (Ռուսիա)։ 4. Խումբ մը եղբայրներ Հարաւային Քորէայի սահմանադրական ատեանին առջեւ։

Kokkinakis v. Greece: Droit réservé

Սլաքի ուղղութեամբ՝ սկսելով վերի ձախ նկարէն. Ուէսթ Վըրճինիա նահանգի կրթական խորհուրդը ընդդէմ Պառնէթի, Քոքինաքիս ընդդէմ Յունաստանի, Թականրոկի ՏԿԿ եւ ուրիշներ ընդդէմ Ռուսիայի, Չա եւ ուրիշներ ընդդէմ Հարաւային Քորէայի

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

‘Բարի լուրը պաշտպանել եւ օրինապէս հաստատել’

Երբ որ թշնամիները փորձեցին տաճարին վերաշինութեան գործը կեցնել, շինարարները իրենց ձեռքէն եկածը ըրին, որ օրինական իրաւունք ունենան շինարարութիւնը ամբողջացնելու (Եզր. 5։11-16)։ Նոյնպէս, քրիստոնեաները իրենց ձեռքէն եկածը ըրած են «բարի լուրը պաշտպանելու եւ օրինապէս հաստատելու» համար (Փլպ. 1։7, ՆԱ)։ Ասիկա ընելու համար, 1936–ին, կեդրոնատեղիին մէջ բացուեցաւ Օրինական բաժանմունքը։ Այսօր, այդ բաժանմունքը ամբողջ աշխարհի մէջ Թագաւորութեան շահերը պաշտպանելու գործը կը կազմակերպէ։ Այս բաժանմունքը ինչպէ՞ս օգտակար դարձած է Թագաւորութեան գործին եւ Աստուծոյ ժողովուրդին։

ԴԻՏԷ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻԻՆ ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱԳԱՅՈՒԹԻՒՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Եհովայի վկաները ի՞նչ օրինական խնդիրներ ունեցած են։

  • Ի՞նչ օրինական յաղթանակներ ունեցած ենք. օրինակ տուր։

  • Ամէն մէկս ի՞նչ կրնայ ընել որ բարի լուրը ‘պաշտպանէ եւ օրինապէս հաստատէ’։

  • Մեր կայքին մէջ ո՞ւր կրնանք գտնել այն Եհովայի վկաներուն ցանկը, որոնք բանտարկուած են իրենց հաւատքին համար, ինչպէս նաեւ՝ տեղեկութիւններ այն օրինական զարգացումներուն մասին, որոնք կ’ազդեն Աստուծոյ ժողովուրդին։

Եթէ ծառայութեան մասնակցած ատեն, կառավարական մարդիկ քեզ կեցնեն եւ ըսեն որ օրէնքը կը կտրես, մի՛ փորձեր հարցը անձամբ լուծել՝ պնդելով որ քարոզելու իրաւունք ունիս եւ իրենց մի՛ հակառակիր։ Իսկ եթէ ոստիկա՛ն մը քեզմէ խնդրէ որ քարոզելը կեցնես, եթէ կարելի է, ամենայն զգուշութեամբ կրծքանշանին վրայի թիւը եւ ոստիկանատան անունը կամ թիւը առ։ Ետքը, անմիջապէս երէցները տեղեակ պահէ, որ անոնք մասնաճիւղին հետ կապի մէջ մտնեն եւ օգնութիւն խնդրեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել