Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ24 Մարտ էջ 9-16
  • Ապրիլ 1-7

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ապրիլ 1-7
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
ժտ24 Մարտ էջ 9-16

ԱՊՐԻԼ 1-7

ՍԱՂՄՈՍ 23-25

Երգ 22 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. «Տէրը իմ հովիւս է»

(10 վրկ.)

Եհովան մեզ կ’առաջնորդէ (Սաղ. 23։1-3. դ11 6/1 14 ¶3)

Եհովան մեզ կը պաշտպանէ (Սաղ. 23։4. դ11 6/1 14 ¶4)

Եհովան մեզ կը կերակրէ (Սաղ. 23։5. դ11 6/1 14 ¶5)

Հովիւ մը գառնուկ մը գրկած կը շոյէ։

Եհովան իր ծառաներուն հոգ կը տանի, ճիշդ ինչպէս որ հոգատար հովիւ մը իր ոչխարներուն հոգ կը տանի։

ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Եհովան ինչպէ՞ս ինծի հոգ կը տանի’։

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Սաղ. 23։3. Ի՞նչ են «արդարութեան ճամբաներ»ը եւ ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ ատոնցմէ չշեղինք (դ11 2/1 24 ¶1-3)։

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

(4 վրկ.) Սաղ. 23։1–24։10 (կս դաս 5)

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(3 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Քաջալերական համար մը կարդա՛ մէկու մը, որ կ’ըսէ թէ Երկիր մոլորակին մթնոլորտով մտահոգուած է (մսա դաս 2 կէտ 5)։

5. Վերայցելել

(4 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Ցոյց տուր թէ Աստուածաշունչի սերտողութիւնը ինչպէ՛ս կ’ըլլայ։ Անձը ասկէ առաջ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքոյկը առած էր (մսա դաս 9 կէտ 3)։

6. Աշակերտել

(5 վրկ.) կվյ դաս 14 կէտ 4 (մսա դաս 11 կէտ 3)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 65

7. Մենք կը մերժենք օտարներուն ձայնը

(15 վրկ.) Քննարկութիւն։

Հովիւ մը եւ օտար մը կը կանչեն ոչխարներու նոյն հօտը։ Ոչխարները մտիկ կ’ընեն իրենց հովիւին եւ իրեն կը հետեւին։

Ոչխարները իրենց հովիւին ձայնը գիտեն եւ իրեն կը հետեւին։ Բայց կը փախչին օտարէ մը, որուն ձայնը չեն ճանչնար (Յովհ. 10։5)։ Նոյնպէս, մենք կը լսենք մեր հոգեւոր Հովիւներուն՝ Եհովային եւ Յիսուսին՝ ձայնը, որոնք սիրով լեցուն եւ վստահելի են (Սաղ. 23։1. Յովհ. 10։11)։ Բայց կը մերժենք օտարներուն ձայնը, որոնք կը փորձեն մեր հաւատքը տկարացնել «հնարուած խօսքերով» (Բ. Պետ. 2։1, 3)։

Ծննդոց գիրքին երրորդ գլուխին մէջ կը կարդանք, որ առաջին անգամ ըլլալով օտարի մը ձայնը լսուեցաւ երկրի վրայ։ Սատանան Եւային հետ խօսեցաւ օձի մը միջոցաւ, որ ան չգիտնայ թէ ճիշդ ո՛վ է հետը խօսողը։ Սատանան ձեւացուց որ Եւային բարեկամն է եւ սուտ–սուտ խօսքեր ըսաւ Եհովային եւ անոր մղումներուն մասին։ Ցաւալի էր որ Եւան Սատանային մտիկ ըրաւ եւ մեծ գլխու ցաւ բերաւ իրեն եւ իր ընտանիքին։

Այսօր, Սատանան կը փորձէ մեր մէջ կասկածներ արթնցնել Եհովային եւ անոր կազմակերպութեան մասին՝ սուտ տեղեկութիւններու եւ կէս ճշմարտութիւններու միջոցաւ։ Երբ որ օտարի մը ձայնը լսենք, պէտք է փախչինք։ Օտարին մտիկ ընելը վտանգաւո՛ր է, նոյնիսկ եթէ ատիկա առ ի հետաքրքրութիւն ըլլայ եւ միայն քանի մը վայրկեան։ Մտածէ. Սատանան վրայ վրայի քանի՞ բառ գործածեց այդ կարճ խօսակցութեան ժամանակ, որ Եւան մոլորեցնէ (Ծն. 3։1, 4, 5)։ Լաւ ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ ծանօթ մը, որ մեզ շատ կը սիրէ եւ գիտենք որ լաւ միտումներ ունի, ուզէ մեզի ժխտական տեղեկութիւններ փոխանցել Եհովային կազմակերպութեան մասին։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. «Օտարներուն ձայնը» մերժէ։ Ետքը, ներկաներուն հարցուր.

Ի՞նչ սորվեցար Ճէյտէն, երբ Եհովան չպաշտող իր մայրը ուզեց իրեն ժխտական տեղեկութիւններ տալ Եհովային կազմակերպութեան մասին։

8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

(30 վրկ.) Մաս 3, դաս 8 ¶1-7, դասին վիտէոն։

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 68 եւ աղօթք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել