Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ24 Մարտ էջ 10-11
  • Ապրիլ 8-14

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ապրիլ 8-14
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
ժտ24 Մարտ էջ 10-11

ԱՊՐԻԼ 8-14

ՍԱՂՄՈՍ 26-28

Երգ 29 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

Դաւիթ թագաւորը ջերմօրէն կ’աղօթէ։

1. Դաւիթը ինչպէ՞ս իր միտքը դրաւ Եհովային հաւատարիմ մնալ

(10 վրկ.)

Դաւիթ Եհովայէն խնդրեց որ իրեն օգնէ որ աւելի լաւ անձ դառնայ (Սաղ. 26։1, 2. դ04 12/1 22 ¶8-9)

Դաւիթ չար ընկերակցութիւններէ հեռացաւ (Սաղ. 26։4, 5. դ04 12/1 23 ¶12-13)

Դաւիթ Եհովան պաշտելը սիրեց (Սաղ. 26։8. դ04 12/1 24 ¶17-18)


Ճիշդ է որ Դաւիթ սխալներ ըրաւ, բայց «կատարեալ սրտով» քալեց Եհովային հետ (Գ. Թագ. 9։4)։ Եւ ամէն մարդ կրցաւ տեսնել որ ան Եհովային հաւատարիմ էր։

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Սաղ. 27։10. Այս համարը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ մխիթարել, երբ զգանք որ մեր մտերիմ բարեկամները մեզ լքած են (դ06 8/1 16 ¶15)։

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

(4 վրկ.) Սաղ. 27։1-14 (կս դաս 2)

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(2 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Ուսուցանելու գործիքներու տուփէն թերթիկ մը գործածէ (կս դաս 3)։

5. Վերայցելել

(4 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Անցեալ անգամ տուած թերթիկիդ ետեւի կողքին վրայի հարցումը նկատի առ։ Անձը jw.org կայքին ուղղէ եւ իրեն ցուցուր որ հոն ինչ կրնայ գտնել (մսա դաս 9 կէտ 3)։

6. Դասախօսութիւն

(5 վրկ.) մսա յաւելեալ մաս 1 կէտ 3։ Նիւթ՝ Երկրին մթնոլորտը պիտի նորոգուի (կս դաս 13)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 135

7. Պատանիներ, որոնք բարոյական գետնի վրայ մաքուր կը մնան

(15 վրկ.) Քննարկութիւն։

Պատանի մը իր կարդացած մէկ համարին վրայ կը խոկայ։ Անոր քով կայ թապլեթ մը, որուն վրայ կ’երեւի «Պատանեկան կեանքս. Ինչպէ՞ս կրնամ դէմ դնել ամուսնանալէ առաջ սեքս ընելու ճնշումին» վիտէոյէն տեսարան մը։ Այդ տեսարանին մէջ, Յովսէփը Պետափրէսի կնոջմէն կը փախչի։

Քրիստոնեայ պատանիներ պէտք է ջանք թափեն որ բարոյական գետնի վրայ մաքուր մնան։ Անոնք անկատար են եւ ջանք կ’ընեն որ մաքուր մնան իրենց պատանի տարիքին, երբ սեռային յարաբերութիւն ունենալու փափաքը կրնայ զօրաւոր ըլլալ, ինչ որ կը դժուարացնէ ճիշդը ընելը (Հռով. 7։21. Ա. Կոր. 7։36)։ Անոնք նաեւ պէտք է միշտ ու միշտ դէմ դնեն ուրիշներուն ճնշումին որ սեռային յարաբերութիւն ընեն թէ՛ հակառակ սեռի եւ թէ նոյն սեռի հետ (Եփ. 2։2)։ Մենք հպարտ ենք այն պատանիներով, որոնք կը շարունակեն Եհովային հնազանդիլ։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Պատանեկան կեանքս. Ինչպէ՞ս կրնամ դէմ դնել ամուսնանալէ առաջ սեքս ընելու ճնշումին։ Ետքը, ներկաներուն հարցուր.

  • Քորին եւ Քեմրընը ի՞նչ ճնշումի տակ էին։

  • Ի՞նչը իրենց օգնեց որ ուղղամիտ մնան։

  • Աստուածաշունչի ո՞ր սկզբունքները կրնան քեզի օգնել, եթէ նոյն պարագաներէն անցնիս։

8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

(30 վրկ.) եպվ-ԱՐ դաս 8 ¶8-15 եւ 8Ա տուփը։

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 108 եւ աղօթք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել