Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ24 Յուլիս էջ 10-16
  • Օգոստոս 5-11

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Օգոստոս 5-11
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
ժտ24 Յուլիս էջ 10-16

ՕԳՈՍՏՈՍ 5-11

ՍԱՂՄՈՍ 70-72

Երգ 104 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. Յաջորդ սերունդին Աստուծոյ զօրութեան մասին պատմել

(10 վրկ.)

Դաւիթ Եհովային պաշտպանութիւնը իր մորթին վրայ զգաց՝ իր մանկութեան ժամանակ (Սաղ. 71։5. դ99 9/1 27 ¶17)

Դաւիթ Եհովային օգնութիւնը տեսաւ իր ծերութեան ժամանակ (Սաղ. 71։9. զ04-ԱՐ 10/8 23 ¶3)

Դաւիթը տարիքով պզտիկները քաջալերեց, իր փորձառութիւնները պատմելով (Սաղ. 71։17, 18. դ14 1/15 23 ¶4-5)

Անցեալ շաբթուան մէջ անցած «Ընտանեկան պաշտամունքի համար սկզբունքներ» բաժինին մէջ ներկայացուած ընտանիքը։ Անոնք տարեց զոյգ մը կը հրաւիրեն իրենց ընտանեկան պաշտամունքին եւ ուրախութեամբ մտիկ կ’ընեն, մինչ զոյգը նկարներ ցոյց կու տայ եւ փորձառութիւններ կը պատմէ։

ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Երկար տարիներէ ծառայող ո՞ր եղբօր կամ քրոջ հետ կ’ուզես հարցազրոյց ունենալ ընտանեկան պաշտամունքիդ ընթացքին’։

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Սաղ. 72։8. Ծննդոց 15։18–ին մէջ անցած Եհովային խոստումը Աբրահամին, ինչպէ՞ս կատարուեցաւ Սողոմոն թագաւորի իշխանութեան ժամանակ (խա-1-ԱՐ «Եփրատ»)։

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

(4 վրկ.) Սաղ. 71։1-24 (կս դաս 5)

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(3 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Երբ անձը սկսի հակաճառել, խօսակցութեան վերջ դիր դրական ոճով (մսա դաս 4 կէտ 5)։

5. Վերայցելել

(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Խօսակցութիւն մը շարունակէ ազգականի մը հետ որ երկու մտքի վրայ է Սուրբ Գիրքը սերտելու նկատմամբ (մսա դաս 8 կէտ 4)։

6. Հաւատալիքներդ բացատրել

(5 վրկ.) Դասախօսութիւն։ կյհ 49։ Նիւթ՝ Եհովայի վկաները ինչո՞ւ փոխած են իրենց կարգ մը հաւատալիքները (կս դաս 17)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 153

7. Ընտանեկան պաշտամունքի համար առաջարկներ

(15 վրկ.) Քննարկութիւն։

Նախապէս տեսնուած ընտանիքը ոտքի կեցած Թագաւորութեան երգ փորձ կ’ընէ։
Ընտանիքը JW Հեռատեսիլի կայանէն յայտագիր մը կը դիտէ։
Ընտանեկան պաշտամունքին մէջ փորձ ըրած ատեն, աղջիկներէն մէկը իր մօր կը պատասխանէ։

Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն շատ կարեւոր ժամանակ է՝ պզտիկները մարզելու որ Եհովային «վարժութիւնով ու խրատով» մեծնան (Եփ. 6։4)։ Սորվիլը աշխատանք կը պահանջէ, բայց կրնայ ուրախ փորձառութիւն դառնալ, մանաւանդ եթէ պզտիկները Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվելու փափաք զարգացնեն (Յովհ. 6։27. Ա. Պետ. 2։2)։ Ամփոփէ «Ընտանեկան պաշտամունքի համար առաջարկներ» տուփը, որ կ’օգնէ ծնողներուն որ յաջող եւ ուրախ ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյ մը ունենան, եւ ետքը այս հարցումները քննարկէ.

  • Ո՞ր առաջարկը կ’ուզես փորձել։

  • Ուրիշ օգտակար բան մը գտա՞ր։

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔ

  • Շաբաթական Սուրբ Գիրքի ձայնագրութիւնը մտիկ ըրէք կամ բարձր ձայնով կարդացէք։ Ամէն մէկ անդամ կրնայ Սուրբ Գիրքի տարբեր անձնաւորութեան մը դերը առնել

  • Շաբաթական Սուրբ Գիրքի ընթերցանութեան վրայ հիմնուած հարցումներ պատրաստեցէք։ Ընտանիքի ամէն մէկ անդամ մէկ հարցում թող զատէ եւ անոր մասին պրպտէ։ Ետքը ամէն մէկը կրնայ իր գտած կէտերը միւսներուն փոխանցել

  • Հարցում մը կամ պարագայ մը նկատի առէք եւ անոր մասին Աստուածաշունչի սկզբունքներ պրպտեցէք Քրիստոնեային կեանքին օգտակար եղող համարներ գիրքէն

  • Աստուածաշունչի հատուած մը խաղարկեցէք

  • Քարտերու վրայ Աստուածաշունչէն համարներ պատրաստեցէք, օրինակ համարներ՝ Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ գրքոյկի յաւելեալ մաս 1–էն, քարտին մէկ կողմը համարը գրեցէք, իսկ միւս կողմը՝ ատոր բովանդակութիւնը, եւ ետքը փորձեցէք ատոնք գոց սորվիլ։ Անցեալ շաբաթներու քարտերը վերաքաղ ըրէք

  • Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքէն կարգ մը կէտեր սերտեցէք

  • Ընտանիքէն անդամներ զատեցէք որ ներկայացնեն յօդուած մը «Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները» յօդուածաշարքէն, որ կը գտնուի «ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾՆԵՐԸ» բաժինին տակ jw.org/hyw կայքին վրայ կամ «Աստուածաշունչի համարներու բացատրութիւն» յօդուածաշարքէն, որ կը գտնուի «ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾՆԵՐԸ» բաժինին տակ jw.org/ar կայքին վրայ

ԺՈՂՈՎՆԵՐ

  • Ժողովներէն մաս մը միասին պատրաստեցէք

  • Պատասխաններ պատրաստեցէք եւ փորձ ըրէք։ Ժամանակին ուշադիր ըղէք

  • Թագաւորութեան երգերը փորձ ըրէք

  • Քննարկեցէք եւ փորձ ըրէք թէ յաջորդ ժողովէն առաջ կամ վերջ ի՛նչ կրնաք ըսել մէկը քաջալերելու համար

  • Եթէ ձեզմէ մէկը մօտերս բաժին ունի Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, ամբողջ ընտանիքին առջեւ կրնայ փորձ ընել

ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ

  • Տունէ տուն ծառայութեան պատրաստուեցէք

  • Վերայցելութիւններու պատրաստուեցէք

  • Երեւակայեցէք անպաշտօն պարագայ մը, եւ փորձ ըրէք թէ ինչպէս կրնաք խօսակցութիւն մը սկսիլ

  • Քննարկեցէք թէ ինչպէս կրնաք ձեր ծառայութիւնը աւելցնել Յիշատակատօնի շրջանին կամ ալ դպրոցական կամ գործի արձակուրդի ժամանակ

ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿԱՐԻՔՆԵՐԸ

  • Փորձեր ըրէք յատուկ պարագաներու մասին, որոնք ծագած են կամ կրնան ծագիլ, օրինակ՝ չէզոք մնալու, սպառնալիքի դէմ դնելու, հակառակ սեռի հետ ժամադրուելու կամ տօներ տօնելու մասին

  • Փորձ մը ունեցէք, ուր ծնողներն ու զաւակները իրենց դերերը կը փոխանակեն։ Զաւակները նիւթի մը շուրջ պրպտում կ’ընեն, եւ ետքը իրենց ծնողքին հետ կը պատճառաբանեն

ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

  • Դիտեցէք եւ քննարկեցէք JW Հեռատեսիլի կայանէն ամսական յայտագիր մը

  • Յօդուած մը կարդացէք կամ վիտէօ մը դիտեցէք jw.org կայքէն եւ ետքը ատիկա միասին քննարկեցէք

  • Նկատի առէք վիտէօ մը կամ յօդուած մը «Պատանիներ եւ երիտասարդներ» կամ «Պզտիկներ» մասերէն, որոնք կը գտնուին «ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾՆԵՐԸ» բաժինին տակ՝ jw.org/hyw կայքին վրայ

  • Համաժողովներուն առած ձեր նոթերը աչքէ անցուցէք

  • Եհովայի ստեղծագործութիւնը անձամբ դիտեցէք կամ պրպտում ըրէք եւ ետքը քննարկեցէք, թէ անիկա մեզի ի՛նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին

  • Ատեն–ատեն, մէկը հրաւիրեցէք ձեր ընտանեկան պաշտամունքին եւ անոր հետ հարցազրոյց ըրէք

  • Հոգեւոր նպատակակէտեր դրէք եւ քննարկեցէք թէ ինչպէս կրնաք ատոնց հասնիլ

  • Միասին ծրագիրի մը վրայ աշխատեցէք, օրինակ՝ ձեռային աշխատանք, քարտէս կամ ցուցակ

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ Շարունակեցէք ձեր ընտանեկան պաշտամունքը բարելաւել։ Ետքը, ներկաներուն հարցուր.

  • Ամուսին մը ինչպէ՞ս կրնայ հաճելի ընտանեկան պաշտամունք մը ունենալ իր կնոջ հետ, եթէ անոնք պզտիկներ չունին։

8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

(30 վրկ.) եպվ-ԱՐ դաս 13 ¶1-6 եւ դասին վիտէոն։

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 135 եւ աղօթք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել