Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ25 Մայիս էջ 2-3
  • Մայիս 5-11

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մայիս 5-11
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2025)
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2025)
ժտ25 Մայիս էջ 2-3

ՄԱՅԻՍ 5-11

ԱՌԱԿԱՑ 12

Երգ 53 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. Երբ ծանր աշխատիս, կը վարձատրուիս

(10 վրկ.)

Ժամանակդ մի՛ վատներ անարժէք բաներու ետեւէ ըլլալով (Առ. 12։11)

Ծանր աշխատէ եւ ժրաջան եղիր (Առ. 12։24. դ16.06 30 ¶5)

Երբ ծանր աշխատիս, պիտի վարձատրուիս (Առ. 12։14)

Եղբայր մը ծանր կ’աշխատի իր աշխարհիկ գործին մէջ եւ հոգեւոր գործունէութիւններու մէջ։ 1. Ան իր գործիքներով կ’աշխատի։ 2. Իր ունեցած գործիքները վարպետութեամբ կը գործածէ։ 3. Իր ընտանիքին հետ ժողովի ներկայ կը գտնուի։ Թէ՛ ինքը եւ թէ իր պզտիկ աղջիկը ձեռքերնին կը բարձրացնեն պատասխան տալու համար։ 4. Ան պենզինի կայանին մէջ, թերթիկ մը կը գործածէ այդ տեղ աշխատողին վկայելու համար։

ԱՌԱՋԱՐԿ. Ծանր աշխատանքէդ գոհ կ’ըլլաս, երբ մտածես թէ ատիկա որքա՜ն օգտակար է ուրիշներուն (Գործք 20։35. դ15 2/1 5 ¶4-6)։

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Առ. 12։16. Այս համարին սկզբունքը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մէկու մը, որ զօրաւոր մնայ դժուար պարագաներու տակ (կպհ-ԱՐ 95 ¶10-11)։

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

(4 վրկ.) Առ. 12։1-20 (կս դաս 5)

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(2 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ (մսա դաս 1 կէտ 4)։

5. Խօսակցութիւն սկսիլ

(3 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Դաս առաջարկէ (մսա դաս 5 կէտ 4)։

6. Վերայցելել

(3 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Մեր կայքը ցոյց տուր մէկու մը, որ զաւակներ ունի (մսա դաս 9 կէտ 3)։

7. Հաւատալիքներդ բացատրել

(3 վրկ.) Ցուցադրութիւն։ կյհ 3։ Նիւթ՝ Կը հաւատա՞ս որ կրօնքդ միակ ճշմարիտ կրօնքն է (մսա դաս 4 կէտ 3)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 40

8. Տնտեսական խնդիրները դիմագրաւէ Եհովային օգնութեամբ

(15 վրկ.) Քննարկութիւն։

Արդեօք մտահո՞գ ես որ հիմա կամ ապագային գործ պիտի չգտնես, գործդ պիտի կորսնցնես կամ քու եւ տանդ ծախսերուն պիտի չհասնիս։ Այս աշխարհին տնտեսական պայմանները շատ արագ կրնան փոխուիլ։ Բայց Եհովան մեզ կը վստահեցնէ, որ եթէ իր պաշտամունքը առաջին տեղը դնենք մեր կեանքին մէջ, ան միշտ մեր պէտքերը պիտի հոգայ, նոյնիսկ եթէ մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւն մը պատճառ դառնայ որ յանկարծ դրամական խնդիրներ ունենանք (Սաղ. 46։1-3. 127։2. Մատ. 6։31-33)։

Տեսարան մը՝ «Եհովան միշտ իր խոստումը պահած է» վիտէոյէն։ Եղբայր Ալվարատոն իր կնոջ ձեռքը բռնած է, մինչ իր ընտանիքին համար կ’աղօթէ։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Եհովան մեզ բնա՛ւ երեսէ չձգեց։ Ետքը, հարցուր.

  • Եղբայր Ալվարատոյին փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։

Կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 5։8։ Ետքը հարցուր.

  • Այս համարը ինչպէ՞ս հաւատքդ կը զօրացնէ, թէ Եհովան միշտ հոգ պիտի տանի զինք պաշտողներուն պէտքերուն։

Նկատի առ կարգ մը սկզբունքներ, որոնք կրնան քեզի օգնել, որ տնտեսական խնդիրներու հետ գլուխ ելլես.

  • Կեանքդ պարզ պահէ։ Անկարեւոր պարտքեր եւ ծախսեր թեթեւցուր (Մատ. 6։22)։

  • Գործի եւ ուսումի վերաբերեալ որոշումներ այնպէս մը առ, որ կարենաս հոգեւոր բաները առաջին տեղը դնել (Փլպ. 1։9-11)։

  • Խոնարհ եւ յարմարող եղիր։ Եթէ անգործ մնաս, տես թէ ուրիշ ի՛նչ գործեր, նոյնիսկ պարզ գործեր, կրնաս աշխատիլ որ ընտանիքիդ պէտքերը հոգաս (Առ. 14։23)։

  • Առատաձեռն եղիր, նոյնիսկ եթէ ուրիշներուն չես կրնար շատ բան տալ (Եբ. 13։16)։

9. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

(30 վրկ.) աբ դաս 8 ¶1-3 եւ դաս 9 ¶1-3։

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 142 եւ աղօթք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել