ՄԱՅԻՍ 12-18
ԱՌԱԿԱՑ 13
Երգ 29 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
1. «Ամբարիշտներուն ճրագ»ով մի՛ խաբուիր
(10 վրկ.)
Չարերը ապագայ չունին (Առ. 13։9. ժտա25.05-ԱՐ «Ճրագ»)
Մի՛ ընկերակցիր անձերու հետ, որոնք գէշ բաները որպէս լաւ բաներ կը ներկայացնեն (Առ. 13։20. դ12 7/1 17 ¶3)
Եհովան արդարը կ’օրհնէ (Առ. 13։25. դ04-ԱՐ 7/15 31 ¶6)
Անոնք՝ որոնք ծանր կ’աշխատին աշխարհային բաներ ձեռք ձգելու համար, հետաքրքրական եւ ուրախ կեանք չունին, թէեւ դուրսէն այնպէս կրնայ երեւիլ։ Բայց, անոնք՝ որոնք Եհովային կամքը կ’ընեն, իսկապէս գոհացուցիչ կեանք ունին։
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
Առ. 13։24. Ոմանք ի՞նչ սխալ կարծիք ունին սիրոյ եւ կրթութեան միջեւ (խա-2-ԱՐ «Սէր»)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Առ. 13։1-17 (կս դաս 10)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(3 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Վերջերս տեղի ունեցած դէպքի մը մասին խօսելէ ետք, Սուրբ Գիրքէն խօսէ նիւթի մը մասին, որմով տանտէրը աւելի՛ հետաքրքրուած է (մսա դաս 2 կէտ 5)։
5. Խօսակցութիւն սկսիլ
(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Անձը ժողովի հրաւիրէ (մսա դաս 2 կէտ 3)։
6. Դասախօսութիւն
(5 վրկ.) մսա յաւելեալ մաս 1 կէտ 9. Նիւթ՝ Այն զաւակները, որոնք իրենց ծնողները կը յարգեն եւ անոնց կը հնազանդին, իրենց կեանքին մէջ կը յաջողին (կս դաս 16)։
Երգ 143
7. «Արդարներուն լոյսը զուարթ պիտի ըլլայ»
(8 վրկ.) Քննարկութիւն։
Աստուծոյ Խօսքին մէջ կը գտնենք լաւագոյն գիտութիւնը եւ իմաստութիւնը։ Երբ Սուրբ Գիրքէն մեր սորվածները գործադրենք, մնայուն յաջողութիւն եւ ուրախութիւն կը գտնենք։ Եւ ասիկա բան մըն է, որ աշխարհը չի կրնար մեզի տալ։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Աշխարհը չի կրնար քեզի տալ բան մը՝ որ ինք չունի։ Ետքը, հարցուր.
Քոյր Կայնանշինային փորձառութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ որ «արդարներուն լոյսը» շա՜տ աւելի լաւ է, քան՝ «ամբարիշտներուն ճրագը» (Առ. 13։9)։
Բնաւ ժամանակ մի՛ վատներ երազելով այս աշխարհին հրամցուցած բաներուն մասին, ոչ ալ զղջա՛ այն որոշումներուն համար, որոնք առիր որ կարենաս Եհովային ծառայել (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Հապա, կեդրոնացիր այն «գերազանց գիտութեան» վրայ, որ ձեռք ձգեցիր (Փլպ. 3։8)։
8. Տեղական կարիքներ
(7 վրկ.)
9. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) աբ դաս 10 ¶1-7։