Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ25 Մայիս էջ 6-7
  • Մայիս 19-25

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մայիս 19-25
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2025)
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2025)
ժտ25 Մայիս էջ 6-7

ՄԱՅԻՍ 19-25

ԱՌԱԿԱՑ 14

Երգ 120 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. Լաւ մտածէ թէ ի՛նչ քայլեր պիտի առնես, երբ աղէտ մը հարուածէ

(10 վրկ.)

Ուշադիր եղիր որ լսած «ամէն խօսքի»դ չհաւատաս (Առ. 14։15. դ23.02 23 ¶10-12)

Զգացումներուդ կամ անցեալին ունեցած փորձառութիւններուդ մի՛ վստահիր (Առ. 14։12)

Ականջ մի՛ տար անոնց՝ որոնք Եհովային կազմակերպութեան տուած ուղղութիւնը կը մերժեն (Առ. 14։7)

Ընտանիք մը կը դիտէ JW Հեռատեսիլի կայանին մէկ յայտագիրը։

ԽՈԿԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ. Երէցնե՛ր, երբ աղէտ մը հարուածէ, պատրա՞ստ էք ուղղութիւններու հետեւելու եւ Եհովային վստահելու (դ24.07 5 ¶11)։

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Առ. 14։17, ՆԱ. Ի՞նչ կերպերով ան որ «ամէն բան կը կշռադատէ» կ’ատուի (ժտա-ԱՐ «Մտային կարողութիւն»)։

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

(4 վրկ.) Առ. 14։1-21 (կս դաս 11)

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(3 վրկ.) ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Սուրբ Գիրքէն համար մը նկատի առ անձի մը հետ, որ մտահոգ է երկրին տնտեսական վիճակով (մսա դաս 3 կէտ 3)։

5. Վերայցելել

(4 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Տանտէրին առաջարկէ պարբերաթերթ մը, որուն նիւթով անցեալ անգամին հետաքրքրուած էր (մսա դաս 9 կէտ 4)։

6. Աշակերտել

(5 վրկ.) Աշակերտդ քաջալերէ, որ Սուրբ Գիրքը ամէն օր կարդայ եւ իրեն ցոյց տուր, թէ ինչպէ՛ս կրնայ իր նպատակակէտին հասնիլ (կս դաս 19)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 43

7. Աղէտի մը պատրաստ եղիր

(15 վրկ.) Քննարկութիւն։

Երէց մը այս նիւթը թող ներկայացնէ։ Եթէ մասնաճիւղէն եւ երէցներու մարմինէն յիշեցումներ կան, ատոնք փոխանցէ։

Մինչ այս «վերջին օրեր»ուն կը տոկանք, կ’ակնկալենք որ խնդիրները շատնան (Բ. Տիմ. 3։1)։ Շատ անգամ, աղէտէ մը առաջ կամ անոր ընթացքին, Եհովային ժողովուրդը ժամանակայարմար եւ կեանք փրկող ուղղութիւններ կը ստանայ։ Ապագային, աղէտէ մը ազատիլը կրնայ կախեալ ըլլալ մեր հիմակուան պատրաստակամութենէն, ըլլայ ատիկա հոգեւոր կամ ֆիզիքական (Առ. 14։6, 8)։

  • Հոգեւոր գետնի վրայ պատրաստուէ։ Սուրբ Գիրքը կարդալու եւ անձնական ուսումնասիրութիւն ունենալու լաւ ռութին ունեցիր։ Ծառայութեան տարբեր երեսակներուն մէջ հմտութիւններդ սրէ։ Տակնուվրայ մի՛ ըլլար, եթէ ժամանակաւորապէս ժողովքէդ բաժնուիս (Առ. 14։30)։ Եհովան եւ Յիսուսը բնա՛ւ քեզ առանձին պիտի չձգեն (ժտա21.05 էջ 6)։

  • Ֆիզիքական գետնի վրայ պատրաստուէ։ Անակնկալ պարագաներու համար պայուսակ պատրաստելէ զատ, ամէն մէկ ընտանիք պէտք է ունենայ տրամաբանական քանակով ուտելիք, ջուր, դեղ եւ նման ապրանքներ, եթէ ամէն մարդէ խնդրուի երկար ժամանակ տունէն դուրս չելլել (Առ. 22։3. ժտա22.05 էջ 4)։

Առաջին նկարին մէջի ընտանիքը անակնկալ աղէտի համար պատրաստ ըլլալու համար պայուսակ կը պատրաստէ։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Աղէտի մը պատրա՞ստ ես։ Ետքը, հարցուր.

  • Աղէտի ժամանակ Եհովան ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ։

  • Ի՞նչ գործնական քայլեր կրնանք առնել պատրաստուելու համար։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել ուրիշներու, որոնք աղէտներէ վնասուած են։

ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ.

‘Վերջերս պատահած աղէտներէն ի՞նչ դասեր սորվեցայ աղէտներու պատրաստ ըլլալու մասին’։

8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

(30 վրկ.) աբ դաս 11 ¶1-6։

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 79 եւ աղօթք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել