ՅՈՒՆԻՍ 9-15
ԱՌԱԿԱՑ 17
Երգ 157 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
Իսրայէլացի զոյգ մը միասնաբար կը ճաշէ խաղաղ վայրի մը մէջ
1. Խաղաղ ամուսնութիւն վայելէ
(10 վրկ.)
Խաղաղ ամուսնութիւն ունենալը ծանր աշխատանք է, բայց կ’արժէ՛ ջանք թափել (Առ. 17։1. տե՛ս նկարը)
Պզտիկ բաներու պատճառով խնդիրներու դուռ մի՛ բանար (Առ. 17։9. զ-ԱՐ 9/14 11 ¶2)
Զգացումներդ հակակշռի տակ առ (Առ. 17։14. դ08 5/1 10 ¶6–11 ¶1)
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Առ. 17։1-17 (կս դաս 10)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(3 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ (մսա դաս 3 կէտ 5)։
5. Խօսակցութիւն սկսիլ
(4 վրկ.) ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Դաս առաջարկէ (մսա դաս 6 կէտ 4)։
6. Դասախօսութիւն
(5 վրկ.) կահբ-ԱՐ 60։ Նիւթ՝ Առակաց 17։17–ին իմաստը ի՞նչ է (կս դաս 13)։
Երգ 39
7. Աշխատէ ունենալ սովորութիւններ, որոնք լաւ հաղորդակցութեան կ’առաջնորդեն
(15 վրկ.) Քննարկութիւն։
Ուրախ ընտանեկան կեանք ունենալու համար լաւ հաղորդակցութիւնը շատ կարեւոր է։ Երբ ընտանիքի մը անդամները իրարու հետ բացէ ի բաց կը խօսին, խմբովին կրնան նպատակակէտերու հասնիլ եւ իրարու օգնել դժուար ժամանակներուն (Առ. 15։22)։ Ի՞նչ կրնաս ընել, որ ընտանիքի ամէն մէկ անդամ հանգիստ զգայ իր մտածումները եւ զգացումները արտայայտելու։
Միասին ժամանակ անցուցէք (Բ. Օր. 6։6, 7)։ Երբ ընտանեօք մասնակցիք հոգեւոր յայտագիրներու եւ միասնաբար ժամանց ունենաք, իրարու հանդէպ ձեր սէրն ու վստահութիւնը պիտի զօրանայ։ Ասիկա նաեւ առիթ պիտի բանայ, որ իրարու հետ հաճելի ժամանակ անցընէք։ Ատեններ, պէտք է պատրաստ ըլլաս ընելու բաներ, որոնք ընտանիքիդ միւս անդամները կը նախընտրեն ընել, փոխանակ ընելու այն ինչ որ դո՛ւն կ’ուզես ընել։ Այո՛, ասիկա զոհողութիւն կը պահանջէ, բայց կ’արժէ՛ ընտանիքիդ սէր ցոյց տալ (Փլպ. 2։3, 4)։ Ինչպէ՞ս կրնաք ձեր ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածել (Եփ. 5։15, 16)։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Ինչպէ՛ս կրնաք խաղաղ ընտանեկան կեանք ունենալ. Ձեր հաղորդակցութիւնը բարելաւեցէք։ Ետքը, հարցուր.
Ելեկտրոնային սարքերու անզուսպ գործածութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել ընտանիքի անդամներուն հաղորդակցութեան։
Այս վիտէոյէն ուրիշ ի՞նչ սորվեցար լաւ հաղորդակցութիւն ունենալու նկատմամբ։
Իրարու ականջ տուէք (Յակ. 1։19)։ Զաւակները աւելի՛ կ’արտայայտուին, երբ գիտնան թէ իրենց ըսածը սխալ պիտի չհասկցուի կամ թէ պիտի չդատուին։ Անոր համար, ջանք ըրէ չափէ դուրս չհակազդել, երբ զաւակդ քեզ մտահոգեցնող բան մը ըսէ (Առ. 17։27)։ Հասկացողութեամբ մտիկ ըրէ։ Փորձէ անոր մտածումները եւ զգացումները հասկնալ, որ կարենաս սիրալիր կերպով հանգստացնել կամ օգնել իրեն։
8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) աբ դաս 15 ¶1-7։