ՅՈՒՆԻՍ 16-22
ԱՌԱԿԱՑ 18
Երգ 121 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
1. Քաջալերէ առողջապահական խնդիրներ ունեցողները
(10 վրկ.)
Թոյլ տուր որ Աստուծմէ սորված իմաստութիւնը քեզի օգնէ, որ գիտնաս ի՛նչ ըսել (Առ. 18։4. դ22.10 22 ¶17)
Փորձէ հասկնալ թէ անձը ի՛նչ բաներէ կ’անցնի (Առ. 18։13. ուն-ԱՐ 19 տուփիկ)
Օգտակար եւ համբերատար բարեկամ եղիր (Առ. 18։24. դհ23.1-ԱՐ 14 ¶3–15 ¶1)
ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Ի՞նչ կրնամ ընել, որ ամուսինիս կամ կնոջս օգնեմ, եթէ ան առողջապահական կամ մտային հիւանդութիւն ունի’։
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
Առ. 18։18. Ինչո՞ւ Աստուածաշունչի օրերուն վիճակ կը ձգուէր (ժտա25.05-ԱՐ «Վիճակ ձգել»)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Առ. 18։1-17 (կս դաս 11)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(1 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Տանտէրը օտար լեզու կը խօսի (մսա դաս 2 կէտ 5)։
5. Վերայցելել
(3 վրկ.) ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Անձը կը խնդրէ որ խօսակցութիւնը կարճ պահես (մսա դաս 7 կէտ 4)։
6. Վերայցելել
(3 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Մէկու մը խօսէ Աստուծոյ Թագաւորութեան վերաբերեալ կարեւոր ճշմարտութեան մը մասին (մսա դաս 9 կէտ 5)։
7. Հաւատալիքներդ բացատրել
(4 վրկ.) Ցուցադրութիւն։ կյհ 29։ Կը հաւատա՞ս թէ երկրագունդը բառացի 6 օրուան մէջ ստեղծուեցաւ (մսա դաս 5 կէտ 5)։
Երգ 24
8. Սիրելիի մը օգնել որ Եհովային մօտենայ՝ «առանց խօսքի»
(15 վրկ.) Քննարկութիւն։
Շատերս կը ճանչնանք մէկը, որ ներկայիս Եհովային չի ծառայեր. թերեւս մեր ամուսինը, կինը, զաւակը կամ սիրելի բարեկամ մը, որ ժողովքէն հեռացած է։ Արդեօք պատահա՞ծ է որ զգացած ես թէ այդ անձը կը ճնշես կամ կոշտ ոճով կը ստիպես որ Եհովային ծառայէ։ Ճիշդ է որ լաւ նպատակով այդպէս կ’ընենք, բայց մեր բառերը կրնան վիճակը բարդացնել (Առ. 12։18)։ Արդեօք աւելի լաւ մօտեցում կա՞յ։
Ա. Պետրոս 3։1–ը կը բացատրէ որ անհաւատ ամուսին մը կրնայ «շահուի[լ] առանց խօսքի»։ Նոյնիսկ եթէ ան մերժէ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները իր կնոջ հետ քննարկել, կինը տակաւին կրնայ իր ամուսինին օգնել որ Եհովան ճանչնայ։ Կինը Աստուածաշունչէն սորված է սիրով, ազնուութեամբ եւ իմաստութեամբ վարուիլ, եւ ասիկա կրնայ ամուսինին օգնել, որ փափաքի՛ Եհովային մասին սորվիլ (Առ. 16։23)։ Մեր վարքը եւ շնորհալի կամ ազնիւ խօսքերը կրնան լաւ ազդեցութիւն ունենալ մեր սիրելիներուն վրայ, որոնք հիմակուհիմա Եհովային չեն ծառայեր։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Հաւատքի պայքարին մէջ յաղթողներ. Եհովան չպաշտող կողակիցներ ունեցողներ։ Ետքը, հարցուր.
Քոյր Սասաքիին փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։
Քոյր Իթոյին փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։
Քոյր Օքատային փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։
9. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) աբ դաս 16 ¶1-7։