ՕԳՈՍՏՈՍ 11-17
ԱՌԱԿԱՑ 26
Երգ 69 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
1. «Յիմար»էն հեռու մնա՛
(10 վրկ.)
«Յիմար»ը պատիւ չ’արժեր (Առ. 26։1. ժտա25.07-ԱՐ)
«Յիմար»ները շատ անգամ լրջօրէն կրթուելու կամ պատժուելու պէտք կ’ունենան (Առ. 26։3. դ88-ԱՐ 2/15 26 ¶12)
«Յիմար»ը վստահելի անձ չէ (Առ. 26։6. ժտա25.07-ԱՐ)
ԻՄԱՍՏ. Աստուածաշունչին մէջ, «յիմար»ը տրամաբանող անձ մը չէ եւ Աստուծոյ արդար չափանիշներուն չի հնազանդիր։
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
Առ. 26։4, 5. Ինչո՞ւ այս երկու առակները իրար չեն հակասեր (ժտա25.07-ԱՐ)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Առ. 26։1-20 (կս դաս 5)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(3 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Թերթիկով մը խօսակցութիւն սկսէ (մսա դաս 1 կէտ 5)։
5. Վերայցելել
(4 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Թերթիկէն շարունակէ անցեալ անգամուան խօսակցութիւնը (մսա դաս 7 կէտ 4)։
6. Աշակերտել
(5 վրկ.) Աշակերտիդ օգնէ, որ պատրաստուի ազգականի մը վկայելու (մսա դաս 11 կէտ 5)։
Երգ 113
7. Փրկուելու համար, իմաստուն դարձիր՝ անձնական ուսումնասիրութեան միջոցաւ
(15 վրկ.) Քննարկութիւն։
Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին յիշեցուց իր մանկութենէն սորված սուրբ գրութիւններուն արժէքը։ Ատոնք կրնային Տիմոթէոսը ‘իմաստուն ընել փրկուելու’ համար (Բ. Տիմ. 3։15)։ Քանի՛ որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները շատ թանկագին են, կարեւոր է որ ամէն մէկ քրիստոնեայ իր յայտագրին մէջ կանոնաւորաբար ժամանակ տրամադրէ Աստուածաշունչը կարդալու եւ սերտելու։ Բայց ի՞նչ պիտի ընենք, եթէ սերտելէն հաճոյք չենք առներ։
Կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։2։ Ետքը, հարցուր.
Կարելի՞ է որ սորվինք Աստուածաշունչը սերտելէն հաճոյք առնել։
Ի՞նչ կրնանք ընել, որ ‘փափաքինք’ Աստուծոյ Խօսքը սերտել (դ18.03 29 ¶6)։
Կազմակերպութեան տրամադրած ելեկտրոնային դիւրութիւնները ինչպէ՞ս կրնան մեզի օգնել որ աւելի՛ն սորվինք, երբ Աստուածաշունչը կը կարդանք եւ կը սերտենք։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Կազմակերպութեան իրագործումները. JW Library–ն գործածելու նկատմամբ առաջարկներ։ Ետքը, հարցուր.
Ինչպէ՞ս օգտուած ես JW Library® էփէն։
JW Library® էփին ո՞ր բաժինները կը սիրես գործածել։
Ո՞ր բաժիններուն մասին կ’ուզես աւելի՛ սորվիլ եւ ատոնք գործածել։
8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) ապս-ԱՐ դասեր 8-9։