ՕԳՈՍՏՈՍ 18-24
ԱՌԱԿԱՑ 27
Երգ 42 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
1. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք իսկական բարեկամներ ունենալով
(10 վրկ.)
Իսկական բարեկամները պէտք եղած խրատը քաջաբար կու տան (Առ. 27։5, 6. դ19.09 5 ¶12)
Իսկական բարեկամները թերեւս մեր ազգականներէն աւելի լաւ հասկնան մեզի ինչպէ՛ս օգնել (Առ. 27։10. ժտա25.07-ԱՐ)
Իսկական բարեկամները մեզի կ’օգնեն, որ աւելի լաւ անձեր դառնանք (Առ. 27։17. դ23.09 9 ¶7)
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
Առ. 27։21. Գովասանքը ի՞նչ իմաստով մեզ կը փորձէ (դ06 10/1 31 ¶11)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Առ. 27։1-17 (կս դաս 5)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(3 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Տանտէրը քրիստոնեայ չէ (մսա դաս 6 կէտ 5)։
5. Վերայցելել
(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Ուսուցանելու գործիքներու տուփէն վիտէօ մը ցոյց տուր (մսա դաս 8 կէտ 3)։
6. Դասախօսութիւն
Երգ 73
7. «Նեղութեան ատենուան համար ծնած» եղբայր մը
(15 վրկ.) Քննարկութիւն։
Եհովան մեզի տուած է համաշխարհային եղբայրութիւն մը, ուր կրնանք գտնել սիրալիր ընկերներ։ Ճիշդ է որ ժողովքին մէջ շատերու հետ ընկերային ենք, բայց անոնցմէ քանի՞ հոգի մեր մտերիմ ընկերներն են։ Ուրիշներու հետ կը մտերմանանք, երբ իրար ճանչնանք, իրարու վստահինք, մեր զգացումները արտայայտենք, իրարու հետ յայտագիրներ ընենք եւ երբ իրարու օգնենք։ Ուրեմն, ընկերներ ունենալը եւ անոնց հետ շարունակ զօրաւոր կապ պահելը՝ ժամանակ եւ ջանք կը պահանջէ։
Կարդա՛ Առակաց 17։17։ Ետքը, հարցուր.
Ինչո՞ւ իմաստութիւն է մտերիմ ընկերներ ունենալ հիմա՛,– մեծ նեղութիւնը սկսելէ առաջ։
Կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 6։12, 13։ Ետքը, հարցուր.
Այս համարները գործադրելը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, որ ընկերներ ունենանք։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. «Ամէն բանի ատենը կայ». Ընկերներ ունենալը ժամանակ կ’առնէ։ Ետքը, հարցուր.
Այս վիտէոյէն ի՞նչ սորվեցար բարեկամութիւններու մասին։
Կրնաս բարեկամութեան սերմը ցանել՝ ժպտելով կամ ընկերային ոճով բարեւելով. ետքը, այդ սերմը ջրէ՝ դիմացինին ցոյց տալով, որ իրմով հետաքրքրուած ես։ Համբերատար եղիր, քանի որ ժամանակ կ’առնէ որ բարեկամութիւն մը զօրաւոր դառնայ։ Բայց արդիւնքը շատ աղուոր կրնայ ըլլալ. դուք կրնաք յաւիտեա՛ն բարեկամներ ըլլալ։
8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) ապս-ԱՐ դասեր 10-11։