Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ25 Սեպտեմբեր էջ 8-9
  • Սեպտեմբեր 29–⁠Հոկտեմբեր 5, 2025

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սեպտեմբեր 29–⁠Հոկտեմբեր 5, 2025
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2025)
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2025)
ժտ25 Սեպտեմբեր էջ 8-9

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 29–ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 5

ԺՈՂՈՎՈՂ 3-4

Երգ 20 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

Ամուսնացած զոյգ մը ուրախ–⁠ուրախ Աստուածաշունչը միասին կը կարդան։

Ժամանակ անցուցէք միասնաբար եւ Եհովային հետ

1. Ձեր երեքպատիկ դերձանը ամրացուցէք

(10 վրկ.)

Ժամանակ տրամադրեցէք որ քաջալերական եւ կարեւոր խօսակցութիւններ ունենաք (Ժող. 3։1. կուը-ԱՐ 10 ¶2-8)

Միասնաբար բաներ ըրէք (Ժող. 4։9. դ23.05 23-24 ¶12-14)

Աշխատեցէք որ որպէս զոյգ զօրաւոր կապ ունենաք Եհովային հետ (Ժող. 4։12. դ23.05 21 ¶3)


ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Մեր ամուսնութիւնը ինչպէ՞ս պիտի ազդուի, եթէ երկար ժամեր կողակիցէս հեռու մնամ, գործի պատճառով առանձին ճամբորդեմ կամ նոյնիսկ առանձին արձակուրդներ առնեմ’։

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Ժող. 3։8. Ե՞րբ չէ «սիրելու ժամանակ»ը (խա-2-ԱՐ «Սէր»)։

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

(4 վրկ.) Ժող. 4։1-16 (կս դաս 2)

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(3 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Դիտարան 2025–ի թիւ 1–ով խօսակցութիւն սկսէ։ Ըսելիքդ փոխէ, երբ անձը հետաքրքրութիւն ցոյց տայ ուրիշ նիւթի մը նկատմամբ (մսա դաս 2 կէտ 5)։

5. Վերայցելել

(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Դաս առաջարկէ անձի մը, որ ընդունեց Դիտարան 2025–ի թիւ 1–ը (մսա դաս 9 կէտ 4)։

6. Դասախօսութիւն

(5 վրկ.) մսա յաւելեալ մաս 1 կէտ 12. Նիւթ՝ Աստուած ամէն մարդ նոյն աչքով կը դիտէ (կս դաս 19)1

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 36

7. Երբ ամուսնական խնդիրներ ծագին, Եհովային ուղղութեան վստահէ

(15 վրկ.) Քննարկութիւն։

Եհովան քրիստոնեայ զոյգերուն պէտք եղածը տուած է, որ ուրախ եւ յաջող ամուսնութիւն վայելեն։ Բայց ամուսնացած զոյգերը ատեն–ատեն խնդիրներ պիտի ունենան (Ա. Կոր. 7։28)։ Եւ եթէ անոնք այդ անհամաձայնութիւնները չլուծեն, կրնան իրենց ուրախութիւնը կորսնցնել եւ մտածել որ իրենց փոխյարաբերութիւնը բնաւ պիտի չբարելաւուի։ Եթէ ամուսնութեանդ մէջ այսպիսի խնդիրներէ կ’անցնիս, ի՞նչ կրնաս ընել։

Ի՞նչ է իսկական սէրը ֆիլմին պատմութիւնը երիտասարդ զոյգի մը մասին է, որ ամուսնական լուրջ խնդիրներ ունէր։ Կը յիշե՞ս հայրը ի՛նչ խրատ տուաւ իր աղջկան, երբ ան կը մտածէր առնել որոշում մը, առա՛նց Եհովային կարծիքը առնելու այդ հարցին շուրջ։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Ի՞նչ է իսկական սէրը. հատուած։ Ետքը, հարցուր.

  • Երբ մեր ամուսնութեան մէջ խնդիրներ ունենանք, ինչո՞ւ կարեւոր է որ Եհովային ուղղութեան վստահինք (Եսա. 48։17. Մատ. 19։6)։

Եթէ ամուսնութեանդ մէջ խնդիրներ ունիս, Եհովային մօտիկ մնա՛, ժամանակ տրամադրելով՝ աղօթքի, ժողովներու երթալու, Սուրբ Գիրքը կարդալու ու սերտելու եւ քարոզելու։ Ջանք ըրէ որ խնդիրներդ լուծես սուրբգրային սկզբունքներու հիման վրայ եւ մեր հրատարակութիւններուն մէջ պրպտէ տեղեկութիւններ, որոնք քեզի պիտի օգնեն, որ պարագադ Եհովային անկիւնէն դիտես։ Այսպիսով, իրեն առիթ կու տաս որ քեզի օգնէ եւ օրհնէ (Առ. 10։22. Եսա. 41։10)։

Տեսարան մը «Մի՛ խաբուիք կեղծ խաղաղութենէ. Տէրըլ եւ Տեպրա Ֆրայսինկըր» վիտէոյէն։ Դերասանութիւն. երիտասարդ քոյր Ֆրայսինկըրը նկարի մը կը նայի։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Մի՛ խաբուիք կեղծ խաղաղութենէ. Տէրըլ եւ Տեպրա Ֆրայսինկըր։ Ետքը, հարցուր.

  • Ֆրայսինկըրներուն օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք ամուսնական լուրջ խնդիրներ լուծելու նկատմամբ։

8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

(30 վրկ.) ապս-ԱՐ դաս 22, մաս 5–ի նախաբան եւ դաս 23։

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 59 եւ աղօթք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել