ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 6-12
ԺՈՂՈՎՈՂ 5-6
Երգ 6 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
Խումբ մը իսրայէլացիներ քաղաքին դրան մօտ մտիկ կ’ընեն քահանայի մը, որ գալար մը բռնած է։
1. Ինչպէ՛ս խոր յարգանք ցոյց կու տանք մեր հզօր Աստուծոյն
(10 վրկ.)
Ժողովներուն յարգանք ցոյց կու տանք, երբ յայտագիրը մտիկ ընենք եւ ուշադրութեամբ ընտրենք մեր հագուած–շքուածքը (Ժող. 5։1. դ08 8/1 23 ¶17-18)
Հանրային աղօթքի ժամանակ մեր աղօթքը կարճ կը պահենք եւ յարգալից (Ժող. 5։2. դ09 11/1 18 ¶21)
Մեր նուիրումի ուխտին համաձայն կ’ապրինք (Ժող. 5։4-6. դ17.04 6 ¶12)
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
Ժող. 5։8. Այս համարը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ մխիթարել, երբ անարդարութեան զոհը երթանք (դ20.09 31 ¶3-5)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Ժող. 5։1-17 (կս դաս 12)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(1 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Տանտէրը կ’ուզէ առարկել (մսա դաս 4 կէտ 5)։
5. Խօսակցութիւն սկսիլ
(2 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Մարդիկը սիրէ գրքոյկին յաւելեալ մաս 1–ին «Աստուածաշունչէն նիւթեր»էն կէտ մը նկատի առ անձի մը հետ (մսա դաս 1 կէտ 3)։
6. Վերայցելել
(3 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Ուսուցանելու գործիքներու տուփէն վիտէոյի մը մասին խօսէ (մսա դաս 7 կէտ 3)։
7. Աշակերտել
(5 վրկ.) կվյ դաս 17 բացում եւ կէտեր 1-3 (մսա դաս 11 կէտ 3)։
Երգ 160
8. Կը գործածե՞ս «Աստուածաշունչէն նիւթեր» մասը
(15 վրկ.) Քննարկութիւն։
Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ գրքոյկը լոյս տեսած օրէն իսկ մեզի կ’օգնէ, որ մարդոց հետ աւելի լաւ կերպով խօսակցինք։ Յաւելեալ մաս 1–ը յատկապէս պատրաստուած է, որ մեզի օգնէ մարդոց հետ խօսակցած ժամանակ սուրբգրային ճշմարտութիւններ փոխանցելու (Եբ. 4։12)։ Արդեօք գիտե՞ս այն 9 նիւթերը, որոնք կը գտնուին «Աստուածաշունչէն նիւթեր» մասին տակ։
Տանտէրին հետ խօսակցած ատեն, ինչպէ՞ս կրնանք յարմար ժամանակին սուրբգրային ճշմարտութիւն մը ներկայացնել (մսա յաւելեալ մաս 1)։
Ո՞ր նիւթերը կը զգաս թաղամասիդ մարդիկը կը հետաքրքրեն։
Ի՞նչ կրնաս ընել որ աւելի՛ վարժուիս յաւելեալ մաս 1–ը գործածելու։
Այս համարները ո՛րքան աւելի գործածենք, ա՛յնքան աւելի դիւրութեամբ կրնանք ատոնք յիշել։ Բայց ատոնք գործածելու համար, պէտք է որ նախ մեր թաղամասի մարդոց հետ խօսակցինք։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. «Երկաթը երկաթով կը սրուի». Աւելի՛ մարդոց հասնիլ։ Ետքը, հարցուր.
Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ մեր թաղամասին մէջ աւելի՛ մարդոց հետ խօսակցինք։
9. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) ապս-ԱՐ դաս 24-25։