Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ25 Սեպտեմբեր էջ 12-13
  • Հոկտեմբեր 13-19

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հոկտեմբեր 13-19
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2025)
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2025)
ժտ25 Սեպտեմբեր էջ 12-13

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 13-19

ԺՈՂՈՎՈՂ 7-8

Երգ 4 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. «Սուգի տուն» գնա՛

(10 վրկ.)

Ժամանակ տրամադրէ սգաւորները մխիթարելու (Ժող 7։2. ժտա25.09-ԱՐ)

Սգաւորները մխիթարէ՝ խօսելով մահացած անձին լաւ յատկութիւններուն մասին (Ժող 7։1. դ19.06 23 ¶15)

Սգաւորներուն հետ աղօթէ (դ17.07 16 ¶16)

Զոյգ մը կ’այցելէ եղբօր մը, որուն կինը մահացած է։ Անոնք միասին կը դիտեն նկարներ իրենց ուրախ յիշատակներէն։

ՅԻՇԷ. Սգաւորները շատ անգամ իրենց հաւատակիցներուն մխիթարութեան պէտք կ’ունենան սիրելիի մը մահէն ետք՝ որոշ ժամանակ մը (դ17.07 16 ¶17-19)։

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Ժող. 7։20-22. Այս համարները ինչպէ՞ս կրնան մեզի օգնել, որոշելու թէ խօսինք մեզ վիրաւորողին հետ կամ ոչ (դ23.03 31 ¶18)։

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

(4 վրկ.) Ժող. 8։1-13 (կս դաս 10)

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(2 վրկ.) ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Փորձէ գիտնալ, թէ անձը ո՛ր նիւթով հետաքրքրուած է եւ կարգադրէ գալ անգամ այդ նիւթին մասին խօսիլ (մսա դաս 2 կէտ 4)։

5. Խօսակցութիւն սկսիլ

(2 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ (մսա դաս 2 կէտ 3)։

6. Վերայցելել

(2 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Մեր jw.org կայքէն բան մը ցոյց տուր (մսա դաս 9 կէտ 4)։

7. Հաւատալիքներդ բացատրել

(5 վրկ.) Ցուցադրութիւն։ կյհ 50. Նիւթ՝ Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս կը թաղեն իրենց մեռելները (կս դաս 17)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 111

8. Զօրաւոր հաւատք ունեցիր յարութեան նկատմամբ

(15 վրկ.) Քննարկութիւն։

«Զօրաւոր հաւատք ունեցող կիները ընդօրինակէ. Մարթա» վիտէոյէն տեսարան մը։ Մարթան եւ Մարիամը ուրախութեամբ կը դիմաւորեն յարութիւն առած Ղազարոսը։

Եհովային խոստացած յարութեան յոյսը իր ամէնէն թանկարժէք նուէրներէն մէկն է մեզի։ Ատիկա մեզի կը սորվեցնէ իր յատկութիւններուն մասին. օրինակ՝ իր ուժը, իմաստութիւնը, ողորմութիւնը եւ մանաւանդ սէրը որ կը զգայ մեր ամէն մէկուն հանդէպ (Յովհ. 3։16)։

Երբ յարութեան նկատմամբ զօրաւոր հաւատք ունենանք, կրնանք կեդրոնանալ մեր ապագայի՛ յոյսին վրայ եւ չափէ դուրս չենք մտահոգուիր մեր խնդիրներուն նկատմամբ (Բ. Կոր. 4։16-18)։ Նաեւ կրնանք որոշ չափով խաղաղութիւն զգալ եւ մխիթարուիլ, երբ հալածուինք, հիւանդանանք կամ սիրելի մը մահով կորսնցնենք (Ա. Թես. 4։13)։ Չենք կրնար իսկական ուրախութիւն վայելել, եթէ յարութեան չենք հաւատար (Ա. Կոր. 15։19)։ Ուրեմն, նպատակակէտ դիր որ այս հոյակապ յոյսին նկատմամբ հաւատքդ զօրացնես։

Կարդա՛ Յովհաննէս 11։21-24։ Ետքը, հարցուր.

  • Մարթան ինչպէ՞ս զօրաւոր հաւատք ցոյց տուաւ յարութեան նկատմամբ։

  • Ան ինչպէ՞ս վարձատրուեցաւ իր հաւատքին համար (Յովհ. 11։38-44)։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Զօրաւոր հաւատք ունեցող կիները ընդօրինակէ. Մարթա։ Ետքը, հարցուր.

  • Ինչո՞ւ յարութեան յոյսը կ’արժեւորես։

  • Ի՞նչ կրնաս ընել, որ յարութեան նկատմամբ հաւատքդ զօրաւոր պահես։

9. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

(30 վրկ.) ապս-ԱՐ դաս 26-27։

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 63 եւ աղօթք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել