ՆՈՅԵՄԲԵՐ 10-16
ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 3-5
Երգ 26 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
1. Ներքին գեղեցկութեան կարեւորութիւնը
(10 վրկ.)
Սողոմացի աղջկան խօսելակերպը ցոյց տուաւ իր գեղեցիկ անձնաւորութիւնը (Երգ 4։3, 11. դ15 1/15 30 ¶8)
Քանի՛ որ ան Եհովային բարոյական չափանիշներուն հնազանդեցաւ, շատ գեղեցիկ պարտէզի մը նմանցուեցաւ (Երգ 4։12. դ00 11/1 11 ¶17)
Ներքին գեղեցկութիւն ունենալը շատ աւելի կարեւոր է, քան գեղեցիկ տեսք ունենալը։ Եւ բոլորս կրնանք գեղեցիկ անձնաւորութիւն մշակել (զ04-ԱՐ 12/22 9 ¶2-5)
ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Ուրիշներուն ո՞ր յատկութիւնները ամէնէն շատ կ’արժեւորեմ’։
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
Երգ 3։5. Սողոմացի աղջիկը ինչո՞ւ «այծեամներով կամ դաշտին եղնիկներովը» կ’երդմնցնէ «Երուսաղէմի աղջիկներ»ը (դ06 12/1 10 ¶4)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Երգ 4։1-16 (կս դաս 2)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(3 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Ուղղակի դաս առաջարկէ (մսա դաս 6 կէտ 4)։
5. Խօսակցութիւն սկսիլ
(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Դիմացինին ցոյց տուր, թէ ինչպէ՛ս կրնայ իր լեզուով տեղեկութիւններ գտնել jw.org կայքին վրայ (մսա դաս 4 կէտ 3)։
6. Դասախօսութիւն
(5 վրկ.) կահ-ԱՐ 131. Նիւթ՝ Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ շպարուելու եւ ոսկեղէններ դնելու մասին (կս դաս 1)։
Երգ 52
7. Միայն Տէրոջմով ամուսնացիր (Ծն. 28։2)
(8 վրկ.)
8. Լաւ կողակից պիտի դառնա՞ս
(7 վրկ.) Քննարկութիւն։
Արդեօք կողակից կը փնտռե՞ս։ Երբ ուրիշներ, որոնք նաեւ կ’ուզեն ամուսնանալ, քեզ տեսնեն, արդեօք կը նկատե՞ն որ գեղեցիկ հոգեւոր յատկութիւններ ունիս։ Թէեւ մէկը կրնայ որոշ ժամանակ մը ձեւացնել որ հոգեւոր անձ է, բայց վերջ ի վերջոյ յայտնի պիտի ըլլայ իր ինչպիսի՛ անձ ըլլալը։
Գրի առ համար մը, որ կը համապատասխանէ հետեւեալ յատկութիւններուն, որոնք հոգեւոր անձ մը պէտք է որ ցոյց տայ։
Եհովային հանդէպ սէր եւ հաւատք
Կարողութիւն՝ ընտանիքի գլուխ ըլլալու կամ այդ գլուխին ենթարկուելու
Անձնուրացութիւն եւ անձնազոհ սէր
Լաւ դատողութիւն, հաւասարակշռութիւն եւ ճկունութիւն
Աշխատասիրութիւն եւ ժրաջանութիւն
9. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) ապս-ԱՐ դաս 34-35։