ՆՈՅԵՄԲԵՐ 17-23
ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 6-8
Երգ 29 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
1. Պարիսպ եղիր, եւ ոչ թէ՝ դուռ
(10 վրկ.)
Սողոմացի աղջկան եղբայրները ուզեցին որ ան ամուսնանալէ առաջ անարատ մնայ (Երգ 8։8, 9. ժտա25.11-ԱՐ)
Ան խաղաղութիւն գտաւ, քանի որ անբարոյ փորձութիւններու դէմ դրաւ (Երգ 8։10. պ-ԱՐ 188 ¶2)
Այս մարզին մէջ, ան պատանիներուն համար լաւ օրինակ է (պ2-ԱՐ 33)
ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ ժողովքիս ամուրի քրիստոնեաներուն օգնել, որ ըլլան պարիսպ մը եւ ոչ թէ՝ դուռ’։
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
Երգ 8։6, ՆԱ. Ինչո՞ւ իսկական սէրը նաեւ կը կոչուի «Եահի բոց» (դ15 1/15 29 ¶3)
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Երգ 7։1-13 (կս դաս 12)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(2 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Խօսակցութիւն սկսէ jw.org կայքի քարտով (մսա դաս 4 կէտ 4)։
5. Խօսակցութիւն սկսիլ
(2 վրկ.) ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Առեւտրական թաղամասի մը մէջ, թերթիկով մը խօսակցութիւն սկսէ (մսա դաս 1 կէտ 4)։
6. Խօսակցութիւն սկսիլ
(2 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Ընկերային խօսակցութիւն մը սկսէ, որ վերջ կը գտնէ առաջ որ վկայութիւն տաս (մսա դաս 2 կէտ 4)։
7. Հաւատալիքներդ բացատրել
(5 վրկ.) Ցուցադրութիւն։ կյհ 43։ Նիւթ՝ Եհովայի վկաները ժամադրուելու նկատմամբ օրէնքներ ունի՞ն (կս դաս 7)։
Երգ 83
8. Սեռային անբարոյութենէ փախչէ
(15 վրկ.) Քննարկութիւն։
Երգ Երգոց գիրքին մէջ, կը կարդանք որ հովիւը սողոմացի աղջիկը ռոմանթիկ պտոյտի հրաւիրեց (Երգ 2։10-14)։ Հակառակ որ թերեւս ան անկեղծ մղումներ ունէր, աղջկան իմաստուն եղբայրները իրենց քրոջ գործ տուին որ անոր հրաւէրը չընդունի (Երգ 2։15)։ Անոնք հասկցան որ եթէ ան իր սիրահարին հետ առանձին ռոմանթիկ մթնոլորտի մէջ ըլլայ, փորձութիւններու մէջ կրնայ իյնալ։
Աստուածաշունչը քրիստոնեաներուն կը պատուիրէ որ ‘պոռնկութենէ փախչին’ (Ա. Կոր. 6։18)։ Ուրեմն, պէտք չէ ընենք որեւէ բան որ սխալի կ’առաջնորդէ։ Երգ Երգոց գրողը ներշնչման տակ նաեւ գրեց. «Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին» (Առ. 22։3)։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Աստուած «սրտին գաղտնիքները գիտէ»։ Ետքը, հարցուր.
Ի՞նչ դասեր սորվեցար այս վիտէոյէն։
9. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) ապս-ԱՐ դաս 36-37։