Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ21 Փետրուար էջ 25
  • Մէկ ժպիտը ինչե՜ր կ’ընէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մէկ ժպիտը ինչե՜ր կ’ընէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մեր Ստեղծիչը յիշեցինք մեր պատանեկութենէն սկսեալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Սայլակով վկայելուն օգուտները ամբողջ աշխարհի մէջ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
  • Ճշմարիտ քրիստոնեաները ճանչցուած են իրենց սիրով. Անգին միութիւնը պահպանեցէք
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
  • «Տէրոջմով ծանր աշխատող» կիներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
դ21 Փետրուար էջ 25

Մէկ ժպիտը ինչե՜ր կ’ընէ

Հելէն կը ժպտայ, մինչ վկայելու սայլակին քով կեցած է։ Երկու երիտասարդուհիներ քովէն կ’անցնին։

ՖԻԼԻՓԻՆՆԵՐՈՒՆ մէջ, երկու երիտասարդուհիներ միասին կը քալէին Պակիօ Սիթիի առեւտրական շրջանի մը մէջ։ Նկատեցին վկայելու սայլակ մը, բայց չմօտեցան անոր։ Հելէն, այն քոյրը որ սայլակին քով կեցած էր, ջերմօրէն ժպտաց անոնց։ Երիտասարդուհիները իրենց ճամբան շարունակեցին, Հելէնին ջերմ ժպիտով տպաւորուած։

Նոյն երիտասարդուհիները կը ժպտան, երբ Հելէնը կը տեսնեն Թագաւորութեան սրահին մէջ։

Ետքը, մինչ երիտասարդուհիները պասով տուն կը վերադառնային, Թագաւորութեան սրահի մը վրայ նկատեցին jw.org նշանը։ Յիշեցին որ նոյն տառերը տեսած էին վկայելու սայլակին վրայ։ Անոնք պասէն իջան եւ աչքէ անցուցին սրահին մէջ տեղի ունեցող ժողովներու ժամերուն ցանկը, որ դրուած էր սրահին մուտքին։ Երիտասարդուհիները ժողովի մը գացին։ Եւ մտած ատեն ո՞վ տեսնեն Թագաւորութեան սրահը։ Հելէնը։ Անմիջապէս գիտցան որ ինքն էր այն կինը, որ իրենց ջերմօրէն ժպտած էր։ Հելէն կ’ըսէ. «Երբ ինծի մօտեցան, քիչ մը ջղագրգիռ եղայ. խորհեցայ որ սխալ բան մը ըրած էի»։ Բայց անոնք իրեն բացատրեցին, որ զինք նախապէս տեսած էին սայլակին քով։

Երիտասարդուհիները ժողովէն եւ ընկերակցութենէն հաճոյք առին։ Երբ տեսան որ ժողովէն ետք եղբայրներ ու քոյրեր սրահը կը մաքրէին, խնդրեցին որ իրենք ալ օգնեն։

Երիտասարդուհիներէն մէկը այլեւս Ֆիլիփիններուն մէջ չ’ապրիր, իսկ միւսը սկսած է ժողովներու ներկայ գտնուիլ եւ Աստուածաշունչը սերտել։ Մէկ ժպիտը ինչե՜ր ըրաւ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել