«Տէրոջմով ծանր աշխատող» կիներ
«Բարեւ ըրէք Տրիփոնէին ու Տրիփոսէին, Տէրոջմով [ծանր] աշխատող [կիներուն]»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 16։12
1. Յիսուսի երկրային ծառայութիւնը ի՞նչ կերպով օրհնութիւն մըն էր կիներուն համար։
ՅԻՍՈՒՍԻ երկրային ծառայութիւնը իրապէս օրհնութիւն մըն էր Հրեայ կիներուն համար։ Իր սկսած գործը մխիթարութիւն, յոյս եւ նոր արժանապատուութիւն մը պիտի բերէր ամէն ցեղի կիներուն։ Ան կարեւորութիւն չտուաւ Յուդայականութեան աւանդութիւններուն որոնք ‘Աստուծոյ պատուիրանքը խափանած էին’։ (Մատթէոս 15։6) Այդ աւանդութիւններէն շատերը կիներու նախնական աստուածատուր իրաւունքները կը ոտնակոխէին։
Կիներու Հանդէպ Յիսուսի Դիրքը
2. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ կիներու հանդէպ Յիսուսի դիրքը յեղաշրջական էր այդ ժամանակներուն։
2 Ի՜նչ հակասական էր կիներու հանդէպ Յիսուսի դիրքը Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն դիրքէն։ Ըստ Յուդայական Համայնագիտարանին [Անգլ.], այս վերջինները կիները կը նկատէին որպէս «ագահ, հետաքրքիր, ծոյլ եւ նախանձ»։ Կնոջ մը հետ խօսող այր մարդը խոր աչքով կը նայուէր եւ «ուսեալ մէկու մը համար անարգանք էր փողոցը կնոջ մը հետ խօսիլ»։ (Երուսաղէմը Յիսուսի Օրերուն, [Անգլ.] Ճոյագիմ Ճերեմայայի կողմէ. բաղդատել Յովհաննու 4։27–ի հետ)։ Տակաւին շատ բան կարելի է ըսել կիներուն հանդէպ Յուդայականութեան առաջնորդներու ունեցած արհամարհական կեցուածքին մասին։ Բայց վերոյիշեալը բաւարար է ցոյց տալու թէ կիներուն հանդէպ Յիսուսի մօտեցումը իրապէս յեղաշրջական էր այդ ժամանակներուն։
3. Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին ո՞ր դէպքը ցոյց կու տայ թէ ան կը յօժարէր կիներուն հոգեւոր խոր ճշմարտութիւններ սորվեցնել։
3 Յիսուս կատարեալ օրինակ մը կը հայթայթէ ցոյց տալով թէ մարդիկ ի՛նչպէս կրնան ջերմ, բայց մաքուր յարաբերութիւն մը ունենալ կիներուն հետ։ Ան ոչ միայն անոնց հետ խօսեցաւ, այլ նաեւ՝ անոնց սորվեցուց հոգեւոր խոր ճշմարտութիւններ։ Իրականութեան մէջ, այն առաջին անձը որու իր Մեսիա ըլլալը բացայայտօրէն յայտնեց կին մըն էր եւ ան ալ Սամարացի կին մը։ (Յովհաննու 4։7, 25, 26) Ասկէ զատ, Մարթայի եւ Մարիամի հետ միջադէպը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն հակառակը, Յիսուս չէր խորհեր որ կին մը իրաւունք չուներ ժամանակաւորապէս ձգելու իր առտնին գործերը եւ իր հոգեւոր գիտութիւնը աւելցնելու։ Այդ առթիւ, Մարիամ «աղէկ բաժինը ընտրեց» հոգեւոր բաները առաջին տեղը դնելով։ (Ղուկաս 10։38–42) Բայց քանի մը ամիս ետք, իրենց եղբայրը մեռնելէն ետք, Մարթան էր, ոչ Մարիամը, որ արտորաց Տէրը դիմաւորելու։ Մինչեւ այսօր որքա՜ն կը յուզուինք երբ յարութեան յոյսին մասին Յիսուսի եւ Մարթայի միջեւ եղած այդ հոգեւոր խոր խօսակցութիւնը կը կարդանք։ (Յովհաննու 11։20–27) Ի՜նչ առանձնաշնորհում մըն էր ատիկա Մարթայի համար։
Կիներ Որոնք Սպասաւորութիւն Ըրին Յիսուսի
4, 5. Առաքեալներէն զատ, որո՞նք ալ Յիսուսի ընկերակցեցան Գալիլիոյ մէջ իր ծառայութեան, եւ անոնք ինչպէ՞ս սպասաւորութիւն ըրին իրեն։
4 Մինչ ամբողջ երկիրը կը շրջագայէր, Յիսուս կիներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունեց։ Իր աւետարանին մէջ, Մարկոս կը յիշէ «կիներ ... որոնք երբ Յիսուս Գալիլիա էր, անոր ետեւէն կ’երթային եւ սպասաւորութիւն կ’ընէին»։ (Մարկոս 15։40, 41) Որո՞նք էին այս կիները եւ անոնք ի՞նչ կերպով կը ծառայէին Յիսուսի։ Անոնց բոլորին անունները չենք գիտեր, բայց Ղուկաս քանի մը հատը կը յիշէ եւ կը բացատրէ թէ անոնք ի՛նչ կերպով սպասաւորութիւն կ’ընէին Յիսուսի։
5 Ղուկաս կը գրէ. «Անկէ յետոյ՝ ինք քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր ու տասներկուքը իրեն հետ էին, նաեւ քանի մը կիներ որոնք չար ոգիներէ ու հիւանդութիւններէ բժշկուէր էին. Մարիամը, որ Մագդաղենացի կը կոչուէր, ուրկէ եօթը դեւ ելեր էր եւ Յովհաննան՝ Հերովդէսին տանը վերակացուին՝ Քուզայի կինը ու Շուշան եւ շատ ուրիշներ, որոնք իրենց ստացուածքովը անոր ծառայութիւն կ’ընէին»։ (Ղուկաս 8։1–3) Յիսուս կը յօժարէր որ այս կիները իրեն հետեւէին եւ իրենց ստացուածքը գործածէին իր ու իր առաքեալներուն նիւթական կարիքներուն ծառայութիւն ընելու համար։
6. (ա) Որո՞նք Յիսուսի ընկերակցեցան դէպի Երուսաղէմ կատարած իր վերջին ճամբորդութեան ընթացքին։ (բ) Իր մահուան ատեն ո՞վ Յիսուսի քով մնաց, եւ անոնցմէ ոմանք ինչպէ՞ս վարձատրուեցան։ (գ) Յուդայական աւանդութեան ի տես, Յովհաննու 20։11–18–ի պատմութիւնը ինչո՞ւ յատկանշական է։
6 Երբ Յիսուս սպաննուեցաւ, «հոն շատ կիներ կային, որոնք հեռուէն կը նայէին, որոնք Գալիլիայէն Յիսուսին ետեւէն եկան իրեն ծառայութիւն ընելու։ Անոնց մէջ էին Մարիամ Մագդաղենացին եւ Յակոբոսին ու Յովսէփին մայրը Մարիամը»։ (Մատթէոս 27։55, 56) Ուստի, շատ մը հաւատարիմ կիներ իր մահուան ատեն Յիսուսի հետ կեցան։ Նկատողութեան արժանի է նաեւ թէ իր յարութեան առաջին ականատեսները կիներ եղան։ (Մատթէոս 28։1–10) Ասիկա ինքնին հարուած մըն էր Հրէական աւանդութեան, քանի որ Յուդայականութեան մէջ կիները օրինաւոր վկաներ ըլլալու արժանի չէին նկատուեր։ Ասիկա ի մտի ունենալով, կարդանք Յովհաննու 20։11–18 եւ ջանանք երեւակայել Մարիամ Մագդաղենացիին անհուն յուզումը զոր հաւանաբար զգաց երբ յարուցեալ Տէրը իրեն երեւցաւ, իր անունով կանչեց եւ զինք որպէս իր վկան գործածեց իր աշակերտներուն տեղեկացնելու թէ ինք իրապէս յարուցուած էր։
Քրիստոնեայ Հաւատարիմ Կիներ Պէնտէկոստէէն Ետք
7, 8. (ա) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ կիներ ներկայ էին երբ Պէնտէկոստէին սուրբ հոգին թափուեցաւ։ (բ) Քրիստոնեայ կիներ ինչպէ՞ս իրենց մասնակցութիւնը բերին Քրիստոնէութեան տարածման մէջ։
7 Յիսուս երկինք համբառնալէ ետք, առաքեալներուն հետ աստուածավախ կիներ ալ ներկայ էին Երուսաղէմի վերնատան մէջ։ (Գործք 1։12–14) Շատ բացայայտ է թէ Պէնտէկոստէին անոնց մէջ որոնց վրայ սուրբ հոգին թափուեցաւ, կիներ ալ կը գտնուէին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ Պետրոս բացատրեց պատահածը, ան մէջբերեց Յովելեայ 2։28–30–ը, ուր մասնաւորաբար կը յիշէ «աղջիկները» եւ «աղախիններ»ը։ (Գործք 2։1, 4, 14–18) Ուստի, հոգիէն ծնած օծեալ Քրիստոնեայ կիներ Քրիստոնէական ժողովքին մաս կը կազմէին, անոր հիմնուելէն իսկ։
8 Քրիստոնէութիւնը տարածելու մէջ կիները կարեւոր՝ բայց ոչ տիրական՝ դեր մը խաղացին։ Մարկոսի մայրը եւ Բառնաբասի մօրաքոյրը՝ Մարիամ երեւութապէս իր մեծ տունը Երուսաղէմի ժողովքին տրամադրութեան տակ դրաւ։ (Գործք 12։12) Ան կը յօժարէր ասիկա ընել ժամանակի մը մէջ երբ Քրիստոնեաներու դէմ հալածանքը նոր սկսած էր։ (Գործք 12։1–5) Աւետարանիչ Փիլիպպոսի չորս աղջիկները առանձնաշնորհումը ունէին Քրիստոնեայ մարգարէուհիներ ըլլալու։—Գործք 21։9. Ա. Կորնթացիս 12։4, 10
Կիներու Հանդէպ Պօղոսի Դիրքը
9. Պօղոս Կորնթացիներուն գրած իր առաջին նամակին մէջ, ի՞նչ խրատ տուաւ Քրիստոնեայ կիներուն, եւ ան քաջալերեց որ կիները աստուածային ո՞ր սկզբունքը յարգեն։
9 Երբեմն Պօղոս առաքեալը կը մեղադրեն որպէս կնատեաց, այսինքն, կիները ատող եւ անոնց չվստահող մը։ Ճիշդ է որ Պօղոս պնդեց որ կիները իրենց պատշաճ տեղը ունենան Քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Բնականոն պայմաններու ներքեւ, անոնք ժողովներու ընթացքին պէտք չէր սորվեցնէին։ (Ա. Կորնթացիս 14։33–35) Եթէ, այր մարդ չգտնուելուն եւ կամ սուրբ հոգիի դրդումով մարգարէանալուն համար Քրիստոնեայ կին մը խօսէր ժողովքին մէջ, անկէ կը պահանջուէր գլուխը ծածկել։ Այս ծածկոցը ‘իշխանութեան [արտօնութեան (ՆԱ)] նշան’ մըն էր, տեսանելի ապացոյց մը թէ կինը կ’ընդունի գլխաւորութեան աստուածային կարգադրութիւնը։—Ա. Կորնթացիս 11։3–6, 10, լուսանցքի բացատրութիւն։
10. Ոմանք ի՞նչով կ’ամբաստանեն Պօղոսը, բայց ի՞նչ բան կը փաստէ թէ անոնց ամբաստանութիւնը սուտ է։
10 Այնպէս կը տեսնուի թէ Պօղոս անհրաժեշտ նկատեց նախկին Քրիստոնեաներու յիշեցնել այս աստուածպետական սկզբունքը, որպէսզի «ամէն բան վայելչութեամբ» ըլլայ։ (Ա. Կորնթացիս 14։40) Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Պօղոս կիներու հակառակ էր, ինչպէս կ’ըսեն ոմանք։ Ո՛չ, այդ չէր պարագան։ Պօղոս չէ՞ր որ Հռովմայեցիս իր նամակը փակեց ինը Քրիստոնեայ կիներու ջերմ բարեւներ ղրկելով։ Ան խոր յարգանք ցոյց չտուա՞ւ Փիբէի, Պրիսկէին (Պրիսկիղէին), Տրիփոնէին, Տրիփոսէին, այս վերջին երկուքը կոչելով «Տէրոջմով [ծանր] աշխատողներ»։ (Հռովմայեցիս 16։1–4, 6, 12, 13, 15) Իսկ Պօղոսն էր որ ներշնչման ներքեւ գրեց. «Դուք ամէնքդ որ Քրիստոսով մկրտուեցաք, Քրիստոսը վրանիդ հագաք. այսուհետեւ ո՛չ Հրեայ կայ, ո՛չ ալ Յոյն, ո՛չ ծառայ կայ, ո՛չ ալ ազատ. ո՛չ արու կայ, ո՛չ ալ էգ. վասնզի դուք ամէնքդ ալ մէկ էք Քրիստոս Յիսուսով»։ (Գաղատացիս 3։27, 28) Որոշ էր որ Պօղոս կը սիրէր եւ կը գնահատէր իր Քրիստոնեայ քոյրերը, ինչպէս Լիդիան որ օրինակելի հիւրասիրութիւն ցուցաբերեց նեղութեան ժամանակի մը ընթացքին։—Գործք 16։12–15, 40. Փիլիպպեցիս 4։2, 3
Ծանր Աշխատող Կիներ՝ Ներկայիս
11, 12. (ա) Սաղմոս 68։11–ը ինչպէ՞ս բառացիօրէն կը կատարուի այսօր։ (բ) Մեր քոյրերէն ոմանք ի՞նչ պարագաներու մէջ են, եւ անոնք ինչո՞ւ մեր սիրոյն եւ աղօթքներուն կարիքը ունին։
11 Ներկայիս, Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, շատ մը Քրիստոնեայ կիներ կան, որոնք «Տէրոջմով [ծանր] աշխատողներ» են։ Ըստ վիճակագրութիւններուն, իրականութեան մէջ, «աւետիս տուող [կի]ները մեծ բազմութիւն [բանակ (ՆԱ)] են», որոնք Վկաներուն բանակին մեծ մասը կը կազմեն, զոր Եհովա կը գործածէ այս վերջին ժամանակին մէջ։ (Սաղմոս 68։11) Ծանր աշխատող այս Քրիստոնեայ կիները լաւ անուն մը վաստկած են, մինչ կը պայքարին իրենց դերը կատարելու որպէս կիներ, մայրեր, տնաշէններ, ապրուստ ձեռք ձգողներ, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեայ ծառաներ։
12 Այս լաւ քոյրերէն շատերը անհաւատ ամուսիններ ունին։ Անոնք օրուան 24 ժամերուն այս դիրքին մէջ են։ Անոնցմէ ոմանք տարիներէ ի վեր կը պայքարին լաւ կիներ ըլլալու մէջ, միեւնոյն ատեն Եհովայի հաւատարիմ ծառաներու պահանջներն ալ լեցնելով։ Ասիկա դիւրին չէ, բայց անոնք կը տոկան, միշտ յուսալով որ իրենց ամուսինները «առանց խօսքի շահուին» իրենց Քրիստոնէական վարքին շնորհիւ։ Իսկ ամբողջ ընտանիքը ի՜նչ ուրախութեան մասնակից կ’ըլլայ, երբ այսպիսի ամուսին մը քայլ կ’առնէ։ (Ա. Պետրոս 3։1, 2) Մինչ այդ, այս հաւատարիմ քոյրերը վստահաբար ժողովքին միւս անդամներուն եղբայրական սիրոյն եւ աղօթքներուն կարիքը ունին։ Ճիշդ ինչպէս որ անոնց «հեզ ու հանդարտ հոգին» զոր կը ցուցաբերեն, «Աստուծոյ առջեւ խիստ պատուական է», նմանապէս անոնց հաստատ ուղղամտութիւնը թանկագին է մեր աչքին։—Ա. Պետրոս 3։3–6
13. Ինչո՞ւ կրնանք մեր ռահվիրայ քոյրերուն համար ըսել որ անոնք ‘Տէրոջմով ծանր կ’աշխատին’, եւ անոնք ինչպէ՞ս պէտք է նկատուին իրենց պատկանած ժողովքներուն մէջ։
13 Որպէս ռահվիրաներ ծառայող քոյրերուն համար կրնանք ըսել որ «Տէրոջմով [ծանր] աշխատողներ» են։ Անոնցմէ շատերը տուն, ամուսին եւ զաւակներ ունին, որոնց պէտք է հոգ տանին, իրենց քարոզչութեան գործէն զատ։ Ոմանք մասնակի ժամեր կ’աշխատին իրենց նիւթական պէտքերուն համար։ Այս բոլորը լաւ կազմակերպութիւն, վճռակամութիւն, յարատեւութիւն եւ շատ ծանր աշխատանք կը պահանջեն։ Այս Քրիստոնեայ կիները պէտք է զգան սէրը եւ օժանդակութիւնը այն բոլորին որոնց պարագաները ներկայիս չեն թոյլատրեր ռահվիրաներուն չափ մասնակցելու քարոզչութեան գործին։
14. (ա) Յարատեւութեան ի՞նչ գեղեցիկ օրինակ մը յիշուած է։ (բ) Ուրիշ ո՞ր Քրիստոնեայ կիները գովասանքի արժանի են եւ ինչո՞ւ։ Յիշեցէք տեղական օրինակներ։
14 Կարգ մը Քրիստոնեայ կիներ արտակարգ կերպով կառչած են իրենց ռահվիրայական ծառայութեան։ Գանատայի մէջ, Կրէյս Լաունզպըրին առաջին անգամ ռահվիրայութիւնը համտեսեց 1914–ին։ Ան, հիւանդութեան պատճառով, ստիպուեցաւ ռահվիրաներու շարքէն դուրս գալ 1918–ին։ Բայց, 1924–ին, դարձեալ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեց։ Այս գրութեան ժամանակ, ան տակաւին ռահվիրաներու ցանկին մաս կը կազմէ 104 տարեկանին։ Շատ մը միսիոնար քոյրեր որոնք 1940–ական թուականներուն Դիտարանի Գաղաադու Դպրոցին առաջին աշակերտները եղան, տակաւին հաւատարմօրէն կը ծառայեն, միսիոնարական դաշտին եւ Պրուքլինի Պէթէլին, կամ Դիտարանի Ընկերութեան մէկ մասնաճիւղին մէջ։ Այս բոլոր Քրիստոնեայ կիները եւ արդարեւ այն բոլոր քոյրերը որոնք Պէթէլի ծառայութեան կը տրամադրեն իրենց անձերը անձնուրաց հոգի մը կը յայտնաբերեն եւ գեղեցիկ օրինակներ են։ Պատահա՞ծ է որ ձեր գնահատութիւնը յայտնած էք անոնց։
Ճամբորդող Տեսուչներուն Կիները
15, 16. Քրիստոնեայ կիներու ո՞ր խումբը մեր ջերմ գովասանքին արժանի է եւ ինչո՞ւ։
15 Ճամբորդող տեսուչներուն կիները Քրիստոնեայ կիներու ուրիշ խումբ մըն են, որոնք ջերմ գովասանքի եւ քաջալերութեան արժանի են։ Այս սիրելի քոյրերը կը պատրաստուին իրենց ամուսիններուն հետեւելու, մինչ անոնք ժողովքէ ժողովք, շրջանէ շրջան կ’երթան իրենց եղբայրները հոգեւորապէս կերտելու համար։ Անոնց մեծամասնութիւնը տան մը հանգստութիւնը ձգած է. անոնք ամէն շաբաթ տարբեր անկողինի մէջ կը քնանան, որ միշտ ալ հանգստաւէտ չէ։ Բայց անոնք ուրախութեամբ կ’ընդունին եղբայրները ի՛նչ որ հրամցնեն։ Անոնք իրենց հոգեւոր քոյրերուն համար լաւ օրինակներ են։
16 Այս Քրիստոնեայ կիները նաեւ անգին աջակցութիւն կը բերեն իրենց ամուսիններուն, այն կիներուն նման, որոնք Յիսուսի «ետեւէն կ’երթային եւ սպասաւորութիւն կ’ընէին»։ (Մարկոս 15։41) Անոնք իրենց ամուսիններուն հետ շատ ժամանակ չեն կրնար անցնել, որոնք ‘շատ ընելիք ունին’ «Տէրոջը գործին մէջ»։ (Ա. Կորնթացիս 15։58) Անոնցմէ ոմանք՝ ինչպէս Ֆրանսայի մէջ Ռոզա Շումիկան որ լիաժամ ծառայութեան սկսած է 1948–ին՝ իրենց ամուսիններուն ճամբորդական պայուսակը կը շտկեն եւ անոնց հետ կը ճամբորդեն 30 կամ 40 տարիէ ի վեր։ Անոնք յօժար են Եհովայի եւ իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն համար զոհողութիւններ ընելու։ Անոնք մեր գնահատանքին, սիրոյն եւ աղօթքներուն արժանի են։
Երէցներուն Կիները
17, 18. (ա) Ծառայութեան դիրքերու մէջ եղող եղբայրներուն կիներէն ի՞նչ յատկութիւններ պահանջուած են։ (բ) Երէցներուն կիները ի՞նչ զոհողութիւններ ընելու յօժար են Եհովայի եւ իրենց եղբայրներուն համար, եւ ուրիշ կիներ ալ ինչպէ՞ս կրնան օգնել իրենց ամուսիններուն։
17 Երէցներ կամ օգնական ծառաներ նշանակուելու եղբայրներուն որակումները թուելու ատեն, Պօղոս առաքեալ կիներու մասին ալ կը խօսի, գրելով. «Նոյնպէս ալ անոնց կիները ծանրաբարոյ ըլլան, ո՛չ չարախօս, հապա զգաստ, ամէն բանի մէջ հաւատարիմ»։ (Ա. Տիմոթէոս 3։11) Ճիշդ է որ այս խրատը կը կիրարկուի բոլոր Քրիստոնեայ կիներուն։ Բայց, ըստ բովանդակութեան, օրինակելի կերպով անոր պէտք է հետեւին ժողովքին մէջ պաշտօններ ունեցող եղբայրներուն կիները։
18 Բարեբախտաբար, հազարաւոր Քրիստոնեայ տեսուչներուն կիներուն պարագան այս է։ Անոնք իրենց վարքին եւ հագուածքին մէջ չափաւոր են, Քրիստոնէական կենցաղին մէջ լուրջ են, իրենց խօսքերուն զգոյշ են եւ ամէն բանի մէջ անկեղծօրէն կը ջանան հաւատարիմ ըլլալ։ Անոնք նաեւ կը յօժարին զոհողութիւններ ընել, ընդունելով որ իրենց ամուսինները ժողովքային հարցերու ժամանակ տրամադրեն, զոր կրնային իրենց հետ անցնել։ Այս Քրիստոնեայ հաւատարիմ կիները մեր ջերմ սիրոյն եւ քաջալերութեան արժանի են։ Թերեւս շատ աւելի եղբայրներ մեր շատ մը ժողովքներուն մէջ առանձնաշնորհումներ կրնային ունենալ, եթէ իրենց կիները հեզօրէն գտնուէին այսպիսի զոհողութիւններ ընելու, բոլորին բարօրութեան համար։
Հաւատարիմ ‘Տարեց Կիներ’
19. Ինչո՞ւ հաւատարիմ շատ մը ‘տարեց կիներ’ մեծապէս գնահատուած են իրենց ժողովքներուն մէջ, եւ անոնց հանդէպ ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր զգացումը։
19 Աստուածաշունչին մէջ յիշուած կիները աչքէ անցնելով, տեսանք որ տարիքը արգելք մը չէ որ հաւատքի տէր կիներ Եհովայի ծառայեն։ Այս իրողութիւնը ցոյց կը տրուի Սառայի, Եղիսաբէթի եւ Աննայի պարագաներով։ Մեր օրերուն, կան տարիքով յառաջացած շատ մը Քրիստոնեայ կիներ որոնք հաւատքի եւ համբերութեան գեղեցիկ օրինակներ են։ Ասկէ զատ, անոնք կրնան փափկանկատօրէն թիկունք կանգնիլ երէցներուն, աւելի երիտասարդ քոյրերուն օգնելով։ Իրենց երկար փորձառութենէն օգտուելով, անոնք կրնան իմաստուն խրատներ տալ երիտասարդ կիներուն, ինչպէս Սուրբ Գրութիւնները կը պատուիրեն։ (Տիտոս 2։3–5) Կրնայ ըլլալ որ երբեմն տարեց քոյր մը ինքն ալ խրատուելու կարիքը ունենայ։ Եթէ պարագան այս է, խրատող երէցը «մայրերու պէս» պէտք է յորդորէ։ Երէցները ‘որբեւարիները պէտք է պատուեն’ եւ, եթէ հարկ ըլլայ, նիւթական օժանդակութիւն մը կազմակերպեն։ (Ա. Տիմոթէոս 5։1–3, 5, 9, 10) Մեր սիրելի տարեց քոյրերը պէտք է զգան թէ որքա՜ն կը փնտռենք եւ կը գնահատենք զիրենք։
Քրիստոսի Հետ Իշխաններ
20. Ի՞նչ գերակայ առանձնաշնորհում մը մատուցուած է շատ մը Քրիստոնեայ կիներու, եւ ուրիշ ոչխարները ինչո՞ւ կրնան ուրախ ըլլալ ասոր համար։
20 Սուրբ Գրութիւններէն բացայայտ է թէ կը տեսնուի թէ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ» ցեղի կամ սեռի նկատմամբ։ (Հռովմայեցիս 2։10, 11. Գաղատացիս 3։28) Նոյնն է պարագան երբ Եհովա կ’ընտրէ Թագաւորական Կառավարութեան մէջ իր Որդւոյն հետ ընկերակիցները։ (Յովհաննու 6։44) Ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութիւնը որքա՜ն շնորհապարտ կրնայ ըլլալ որ Յիսուսի մօրը՝ Մարիամի, Մարիամ Մագդաղենացիի, Պրիսկիղէյի, Տրիփոնէի, Տրիփոսէի եւ Քրիստոնէական նախկին ժողովքին մէջ գտնուող տակաւին շատ մը ուրիշներու նման հաւատարիմ կիներ հիմա Թագաւորական իշխանութեան մասնակից են. կին դասակարգի զգացումներուն եւ փորձառութիւններուն մօտէն հասկացողութիւն ցոյց տալով, այդ կառավարութիւնը ճոխացնելով։ Եհովայի կողմէ ի՜նչ սիրալիր նախատեսութիւն եւ իմաստութիւն։—Հռովմայեցիս 11։33–36
21. Ի՞նչ է մեր զգացումը այսօր այն կիներուն հանդէպ որոնք ‘Տէրոջմով ծանր կ’աշխատին’։
21 Ներկայիս կրնանք բաժնել Պօղոս առաքեալի զգացումները, երբ սիրով եւ գնահատութեամբ խօսեցաւ այն կիներուն մասին, ‘որոնք իրեն հետ աշխատեցան աւետարանին մէջ’։ (Փիլիպպեցիս 4։3) Բոլոր Եհովայի Վկաները՝ այրեր թէ կիներ՝ ուրախութիւն եւ առանձնաշնորհում կը սեպեն քով–քովի ծառայել «աւետիս տուող [կիներու] մեծ բանակ»ին, այո, «Տէրոջմով [ծանր] աշխատող» կիներուն հետ։—Սաղմոս 68։11. Հռովմայեցիս 16։12
Վերաքաղի Հարցումներ
◻ Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ կիներու դէմ Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն նախապաշարումին համամիտ չէր։
◻ Աստուածավախ կիներ ինչպէ՞ս սպասաւորութիւն ըրին Յիսուսի, եւ անոնցմէ ոմանք ի՞նչ հոյակապ առանձնաշնորհում ստացան։
◻ Պօղոս ի՞նչ խրատ տուաւ ժողովներու ընթացքին կիներու վարքին մասին։
◻ Ո՞ր քոյրերը մեր մասնաւոր գուրգուրանքին եւ աջակցութեան արժանի են եւ ինչո՞ւ։
◻ Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր զգացումը «Տէրոջմով [ծանր] աշխատող» կիներու հանդէպ։
[Նկար՝ էջ 16,17]
Կիներ սպասաւորութիւն ըրին Յիսուսի եւ իր առաքեալներուն
[Նկար՝ էջ 18]
Ճամբորդող տեսուչներուն եւ ուրիշ երէցներու անձնազոհ կիները թանկագին մասնակցութիւն կը բերեն Աստուծոյ գործին մէջ