Աստուծոյ հոգատարութեան ներքեւ յարգանք եւ արժանապատուութիւն
ԵՐԲ երկրի վրայ էր, Յիսուս կատարեալ կերպով արտացոլեց իր Հօր անձնաւորութիւնը եւ հարցերու հետ ինչպէ՛ս վարուիլը։ Ան ըսաւ. «Ինքնիրմէս բան մը չեմ ըներ, հապա Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ. . . Ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ» (Յովհաննէս 8։28, 29. Կողոսացիս 1։15)։ Այսպէս, երբ նկատի կ’առնենք Յիսուսի հաղորդակցութիւնը կիներու հետ եւ անոնց հանդէպ իր կեցուածքը, կրնանք հասկնալ Աստուծոյ տեսակէտը անոնց նկատմամբ եւ թէ անոնցմէ ի՛նչ կ’ակնկալէ։
Աւետարաններուն վրայ հիմնուելով, կարգ մը ուսումնականներ կ’ընդունին, թէ կին դասակարգին նկատմամբ Յիսուսի տեսակէտը յեղափոխական էր։ Ինչպէ՞ս։ Իսկ աւելի կարեւորը, իր ուսուցումները ներկայիս տակաւին կրնա՞ն կին դասակարգին աւելի ազատութիւն տալ։
Յիսուս ինչպէ՛ս կին դասակարգին հետ վարուեցաւ
◼ Յիսուս կիներուն անբարոյ աչքով չնայեցաւ։ Ըստ կարգ մը հրեայ կրօնական առաջնորդներու, հակառակ սեռի հետ հաղորդակցիլը կրնար միայն տռփանքի առաջնորդել։ Կիներէն վախնալով որպէս փորձութեան աղբիւր, անոնց թոյլ չէր տրուած որ տղամարդոց հետ հրապարակաւ խօսին կամ առանց գլուխնին ծածկելու տունէն դուրս ելլեն։ Միւս կողմէ, Յիսուս տղամարդիկը յորդորեց, որ իրենց մարմնաւոր ցանկութիւնները սանձեն եւ կիներուն հետ յարգանքով վարուին, փոխանակ զանոնք ընկերային յարաբերութիւններէ զրկելու (Մատթէոս 5։28)։
Յիսուս նաեւ ըսաւ. «Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, անոր դէմ շնութիւն կ’ընէ» (Մարկոս 10։11, 12)։ Այսպէս, ան մերժեց րաբունական տիրող ուսուցումը, որ թոյլ կու տար որ տղամարդիկ իրենց կիներէն ամուսնալուծուին «ամէն պատճառի համար» (Մատթէոս 19։3, 9)։ ‘Իր կնոջ դէմ’ շնութիւն գործելու գաղափարը հրեաներուն մեծամասնութեան համար օտար բան էր։ Անոնց ռաբբիները սորվեցուցած էին, թէ ամուսին մը բնաւ իր կնոջ դէմ շնութիւն չի գործեր. միայն կի՛նը կրնայ անհաւատարիմ գտնուիլ։ Աստուածաշունչի մեկնաբանութիւն մը կը նշէ, թէ «ամուսինն ու կինը բարոյական նոյն պարտաւորութեան տակ դնելով, Յիսուս կին դասակարգին դիրքն ու արժանապատուութիւնը բարձրացուց»։
Իր ուսուցումին ազդեցութիւնը ներկայիս։ Եհովայի վկաներու քրիստոնէական ժողովքէն ներս, կիներ տղամարդոց հետ կ’ընկերակցին։ Եւ անոնք հարկ չունին վախնալու որ անպատշաճ նայուածքներ կամ անհարկի մտերմութիւն ըլլան, քանի որ քրիստոնեայ տղամարդիկ ուշադիր են որ նկատեն «պառաւները՝ մայրերու պէս, դեռահասակ կիները՝ քոյրերու պէս ամէն կերպ մաքրութիւնով» (Ա. Տիմոթէոս 5։2)։
◼ Յիսուս ժամանակ տրամադրեց որ կիներուն ուսուցանէ։ Ռաբբիներուն տեսակէտն էր՝ որ կիները տգէտ մնան. ատոր հակառակը, Յիսուս կիներուն սորվեցուց եւ զանոնք քաջալերեց որ արտայայտուին։ Մերժելով Մարիամը զրկել ուսուցանուելու ուրախութենէն, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ կնոջ տեղը միայն խոհանոցը չէ (Ղուկաս 10։38-42)։ Ղազարոսի մահէն ետք, Մարիամի քրոջ՝ Մարթային՝ տուած իմաստուն պատասխանները ցոյց կու տան, թէ ան ե՛ւս օգտուեցաւ Յիսուսին ուսուցումէն (Յովհաննէս 11։21-27)։
Յիսուս կիներուն խորհածով հետաքրքրուած էր։ Այդ ժամանակ, հրեայ կիներուն մեծամասնութիւնը կը հաւատար որ ուրախութեան բանալին է՝ ունենալ զաւակ մը, որմով կրնային պարծենալ. զաւակ մը՝ որ թերեւս մարգարէ ըլլար։ Երբ կիներէն մէկը բացագանչեց՝ ըսելով. «Երանի՜ այն որովայնին՝ որ քեզ կրեց», Յիսուս պատեհութիւնը օգտագործեց, աւելի լաւ բանի մը մասին խօսելու (Ղուկաս 11։27, 28)։ Նշելով որ հոգեւորութիւնը աւելի կարեւոր է, Յիսուս անոր ուշադրութեան յանձնեց բան մը, որ կիներուն պարտադրուած աւանդական դերը կը գերազանցէ (Յովհաննէս 8։32)։
Իր ուսուցումին ազդեցութիւնը ներկայիս։ Քրիստոնէական ժողովքէն ներս, նիւթեր ներկայացնող եղբայրները կիներուն պատասխանելու եւ մեկնաբանելու առիթներ կու տան։ Անոնք կը յարգեն հասուն կիները, որոնք «բարի բաներ սորվեցնող» են թէ՛ առանձնաբար եւ թէ օրինակով (Տիտոս 2։3, ԱԾ)։ Անոնք նաեւ կիներուն կը վստահին որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը հրապարակաւ քարոզեն (Սաղմոս 68։11. տե՛ս «Արդեօք Պօղոս առաքեալ կիները խօսելէ արգիլե՞ց» շրջանակը)։
◼ Յիսուս կին դասակարգին հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, աղջիկները տղոց չափ չէին սիրուած։ Թալմուտը այս գաղափարը կը նշէ, ըսելով. «Երանի՜ անոր՝ որ տղայ զաւակներ ունի, եւ վա՜յ անոր՝ որուն զաւակները աղջիկ են»։ Կարգ մը ծնողներ աղջիկը աւելի մեծ բեռ կը սեպէին, քանի որ անոր կողակից պիտի գտնէին, օժիտ պիտի տային եւ իրենց ծերութեան օրերուն անոր օգնութեան պիտի չվստահէին։
Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ պզտիկ աղջկան մը կեանքը նոյնքան կարեւոր էր որքան տղեկի մը կեանքը,– ան Յայրոսի աղջիկը յարուցանեց, ինչպէս որ Նայինէն որբեւայրիի մը տղեկը յարուցանեց (Մարկոս 5։35, 41, 42. Ղուկաս 7։11-15)։ ‘Տասնութ տարիէ ի վեր հիւանդութեան ոգի մը ունեցող’ կին մը բժշկելէ ետք, Յիսուս զայն կոչեց «Աբրահամի աղջիկ», արտայայտութիւն մը՝ որ հրէական գրութիւններուն մէջ գրեթէ անծանօթ էր (Ղուկաս 13։10-16)։ Այս յարգալից եւ ազնիւ արտայայտութիւնը գործածելով, Յիսուս ընդունեց որ այդ կինը ընկերութեան մէջ ոեւէ անհատի նման կարեւոր էր, ինչպէս նաեւ անոր մեծ հաւատքին գիտակցեցաւ (Ղուկաս 19։9. Գաղատացիս 3։7)։
Իր ուսուցումին ազդեցութիւնը ներկայիս։ Ասիական ասացուածք մը կ’ըսէ. «Աղջիկ մեծցնելը դրացիին պարտէզը ջրելուն կը նմանի»։ Այս մտայնութեան հակառակը, քրիստոնեայ սիրալիր հայրեր իրենց զաւակներուն շատ լաւ հոգ կը տանին. ըլլա՛ն անոնք տղաներ կամ աղջիկներ։ Քրիստոնեայ ծնողներ վստահ կ’ըլլան, որ իրենց բոլոր զաւակները յարմար ուսում եւ առողջապահական խնամք ստանան։
◼ Յիսուս կիներուն վստահեցաւ։ Հրէական դատարաններէն ներս, կնոջ մը վկայութիւնը հաւասար էր ստրուկին վկայութեան։ Առաջին դարու պատմաբան՝ Յովսեպոս, յանձնարարեց որ կիներէն ապացոյցներ չընդունուին, քանի որ անոնք բնոյթով անվստահելի են։
Ասոր հակառակը, Յիսուս կիները ընտրեց որ իր յարութեան համար վկաներ ըլլան (Մատթէոս 28։1, 8-10)։ Թէեւ այս հաւատարիմ կիները Տիրոջ մահապատիժին եւ թաղումին ականատես եղած էին, սակայն առաքեալներուն համար դժուար էր անոնց ըսածին հաւատալ (Մատթէոս 27։55, 56, 61. Ղուկաս 24։10, 11)։ Նախ կիներուն յայտնուելով, յարուցեալ Քրիստոս իր միւս աշակերտներուն նման զիրենք արժանի նկատեց որ իր մասին վկայեն (Գործք 1։8, 14)։
Իր ուսուցումին ազդեցութիւնը ներկայիս։ Եհովայի վկաներուն ժողովքներուն մէջ, պատասխանատուութիւններ ունեցող տղամարդիկ նկատառութիւն ցոյց կու տան, կիներուն դիտողութիւնները հաշուի առնելով։ Իսկ քրիստոնեայ ամուսիններ ‘կը յարգեն’ իրենց կիները, անոնց ուշի–ուշով մտիկ ընելով (Ա. Պետրոս 3։7. Ծննդոց 21։12)։
Աստուածաշունչի սկզբունքները կիներուն ուրախութեան կը նպաստեն
Երբ տղամարդիկ Քրիստոսը ընդօրինակեն, կիները կը ստանան այն յարգանքն ու ազատութիւնը, որ Աստուած սկիզբէն իրենց համար նպատակադրած էր (Ծննդոց 1։27, 28)։ Փոխանակ կիներէն աւելի գերակայ զգալու, քրիստոնեայ ամուսիններ թոյլ կու տան, որ Աստուածաշունչի սկզբունքները զիրենք առաջնորդեն, ինչ որ իրենց կողակիցին ուրախութեան կը նպաստէ (Եփեսացիս 5։28, 29)։
Նկատի առ Ելենային պարագան. երբ ան սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, անոր ամուսինը բիրտ վերաբերմունք ունեցաւ իրեն հանդէպ եւ այսպէս լռելեայն կը տառապէր։ Անոր ամուսինը մեծցած էր վայրագ միջավայրի մը մէջ, ուր առեւանգումով ամուսնութիւնը եւ ֆիզիքական չարչարանքը հանրածանօթ սովորութիւններ էին։ Ելենան կ’ըսէ. «Աստուածաշունչէն սորվածներս ինծի ոյժ տուին։ Հասկցայ որ կար մէկը որ զիս շա՜տ կը սիրէր, կ’արժեւորէր ու կը հոգար։ Նաեւ հասկցայ որ եթէ ամուսինս Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ, ինծի հանդէպ իր կեցուածքը կրնա՛յ փոխել»։ Իր երազը իրականացաւ, երբ իր ամուսինը ի վերջոյ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան սկսաւ եւ ապա մկրտուեցաւ որպէս Եհովայի վկայ։ Ելենան կ’ըսէ. «Ան ժուժկալութեան օրինակ հանդիսացաւ։ Եւ մենք սորվեցանք իրարու ազատօրէն ներել»։ Ան եզրակացուց. «Աստուածաշունչի սկզբունքները ինծի իրապէս օգնեցին, որ արժէքաւոր եւ պաշտպանուած զգամ ամուսնութեանս մէջ» (Կողոսացիս 3։13, 18, 19)։
Ելենային փորձառութիւնը իւրայատուկ չէ։ Քրիստոնեայ միլիոնաւոր կիներ ուրախ են, քանի որ իրենք եւ իրենց ամուսինները միասնաբար կը ջանան Աստուածաշունչի սկզբունքները իրենց ամուսնութեան մէջ կիրարկել։ Եւ հաւատակիցներուն հետ ընկերակցելով, այս կիները կը վայելեն յարգանք, հանգստութիւն եւ ազատութիւն (Յովհաննէս 13։34, 35)։
Քրիստոնեայ տղամարդիկ եւ կիներ կը գիտակցին, թէ մեղաւոր եւ անկատար են։ Բայց, իրենց սիրալիր Աստուծոյն եւ Հօր՝ Եհովային՝ մօտենալով, անոնք իրենց մեղաւոր եւ անկատար վիճակէն ‘ազատելու’ յոյսը ունին. ինչպէս նաեւ անոնք կը հաւատան, որ իսկական կեանքը ձեռք պիտի ձգեն։ Ի՜նչ հոյակապ հեռանկար մը այն տղամարդոց ու կիներուն, որոնք Աստուծոյ հոգատարութեան ներքեւ են (Հռովմայեցիս 8։21)։
[Շրջանակ՝ էջ 9]
Արդեօք Պօղոս առաքեալ կիները խօսելէ արգիլե՞ց
Պօղոս առաքեալ գրեց. «Կիները եկեղեցիներուն մէջ թող լուռ կենան» (Ա. Կորնթացիս 14։34)։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։ Արդեօք անոնց ուշիմութիւնը կը նսեմացնէ՞ր։ Ո՛չ։ Իրականութեան մէջ, ան յաճախ կիներուն ուսուցանելու հոյակապ կերպին կ’ակնարկէր (Բ. Տիմոթէոս 1։5. Տիտոս 2։3-5)։ Կորնթացիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս յորդորեց որ ոչ միայն կիները, այլ նաեւ լեզուներ խօսելու եւ մարգարէութիւն ընելու պարգեւը ունեցողները ‘լուռ կենային’, երբ հաւատակից մը խօսէր (Ա. Կորնթացիս 14։26-30, 33)։ Հաւանաբար կարգ մը կիներ այնքան խանդավառ էին իրենց նոր հաւատքով որ դասախօսին խօսքը կ’ընդհատէին, հարցումներ ուղղելու համար՝ ինչպէս որ էր սովորութիւնը յունական աշխարհին մէջ։ Ասկէ խուսափելու համար, Պօղոս զանոնք քաջալերեց, որ ‘տունը իրենց այրերուն հարցնեն’ (Ա. Կորնթացիս 14։35)։
[Նկար՝ էջ 10]
Իր յարութիւնը առաքեալներուն տեղեկացնելու պատիւը, Յիսուս Մարիամ Մագթաղենացիին շնորհեց