Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ23 Հոկտեմբեր էջ 6-11
  • Պատրա՞ստ ես հնազանդելու

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Պատրա՞ստ ես հնազանդելու
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԾՆՈՂՆԵՐՈՒԴ ՀՆԱԶԱՆԴԷ
  • «ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ» ՀՆԱԶԱՆԴԷ
  • ԵՀՈՎԱՅԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԵԿԱԾ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՆ ՀՆԱԶԱՆԴԷ
  • «Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Յիսուս մի՛շտ հնազանդեցաւ
    Զաւակներուդ սորվեցուր
  • Մտիկ ըրէ, հնազանդէ եւ օրհնուէ
    Եհովային գովերգենք
  • Մենք Եհովան՝ մեր Հայրը, սրտանց կը սիրենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
դ23 Հոկտեմբեր էջ 6-11

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 42

Պատրա՞ստ ես հնազանդելու

‘Վերին իմաստութիւնը հնազանդելու պատրաստ է’ (ՅԱԿ. 3։17, ՆԱ)։

ԵՐԳ 53 Միաբանութեամբ համագործակցինք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa

1. Ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ որ հնազանդինք։

ՔԵԶԻ համար դժուա՞ր է հնազանդիլ։ Դաւիթ թագաւորին համար ալ դժուար էր, անոր համար Աստուծմէ խնդրեց. «Մէջս պատրաստակամ հոգի մը արթնցուր» (Սաղ. 51։12, ՆԱ)։ Դաւիթը կը սիրէր Եհովան։ Հակառակ ատոր, ատեններ իրեն համար դժուար էր Եհովային հնազանդիլ, եւ մեզի համար ալ դժուար կ’ըլլայ։ Ինչո՞ւ։ Առաջին, քանի որ անհնազանդ ըլլալու հակումը ժառանգած ենք։ Երկրորդ, քանի որ Սատանան շարունակ մեզ կը մղէ ըմբոստանալու, ինչպէս որ ինք ըրաւ (Բ. Կոր. 11։3)։ Երրորդ, քանի որ շրջապատուած ենք մարդոցմով, որոնք ըմբոստ հոգի ունին, որ «հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ» (Եփ. 2։2)։ Անոր համար, պէտք է շատ ջանք թափենք որ դէմ դնենք մեր անկատարութիւններուն, Սատանային եւ այս աշխարհին, որպէսզի հնազանդինք Եհովային եւ անոնց որոնց ինք հեղինակութիւն տուած է։

2. Ի՞նչ կը նշանակէ «հնազանդելու պատրաստ» ըլլալ (Յակոբոս 3։17, ՆԱ)։

2 Կարդա՛ Յակոբոս 3։17։ Ներշնչեալ գրող Յակոբոսը ըսաւ որ իմաստունները «հլու» են, այսինքն՝ «հնազանդելու պատրաստ» (ՆԱ)։ Մէկ հատ մտածէ թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ։ Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք հնազանդելու այն անհատներուն, որոնց Եհովան որոշ չափով հեղինակութիւն տուած է։ Անշուշտ, Եհովան մեզմէ չ’ակնկալեր որ հնազանդինք մէկու մը, որ մեզմէ կը պահանջէ որ իր պատուէրները անտեսենք (Գործք 4։18-20)։

3. Եհովային համար ինչո՞ւ կարեւոր է որ մենք հնազանդինք մեր վրայ հեղինակութիւն ունեցողներուն։

3 Մեզի համար աւելի դիւրին է Եհովային հնազանդիլ, քան՝ մարդոց։ Պատճառը այն է որ Եհովան միշտ կատարեալ ուղղութիւն կու տայ (Սաղ. 19։7)։ Բայց հեղինակութիւն ունեցող մարդոց պարագան այդպէս չէ։ Հակառակ ասոր, մեր երկնաւոր Հայրը որոշ հեղինակութիւն տուած է ծնողներուն, կառավարական պաշտօնեաներուն եւ երէցներուն (Առ. 6։20. Ա. Թես. 5։12. Ա. Պետ. 2։13, 14)։ Եւ երբ մենք անոնց հնազանդինք, Եհովային հնազանդած կ’ըլլանք։ Նկատի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք հնազանդիլ մարդոց, որոնց Եհովան հեղինակութիւն տուած է, թէեւ ատեններ թերեւս մեզի համար դժուար ըլլայ իրենց տուած ուղղութիւնը ընդունիլ եւ անոր հետեւիլ։

ԾՆՈՂՆԵՐՈՒԴ ՀՆԱԶԱՆԴԷ

4. Ինչո՞ւ շատ մը զաւակներ իրենց ծնողքին չեն հնազանդիր։

4 Պատանիները շրջապատուած են իրենց տարեկիցներով, որոնք «ծնողներու անհնազանդ» են (Բ. Տիմ. 3։1, 2)։ Լաւ, ինչո՞ւ անհնազանդ են։ Անոնցմէ ոմանք կը զգան որ իրենց ծնողները կեղծաւոր են, քանի որ իրենցմէ կ’ակնկալեն ընել բաներ, որոնք իրենք չեն ըներ։ Իսկ ուրիշներու կարծիքով, իրենց ծնողներուն տուած խրատներուն ժամանակը անցած է, ատոնք գործնական չեն, կամ ալ շատ խիստ են։ Եթէ պատանի մըն ես, այսպէ՞ս կը զգաս։ Շատերու համար դժուար է Եհովային տուած սա պատուէրին հետեւիլ. «Ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասն զի այդ է արժանը» (Եփ. 6։1)։ Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել որ այս խրատին հետեւիս։

5. Ինչպէս որ արձանագրուած է Ղուկաս 2։46-52–ի մէջ, Յիսուս ինչո՞ւ լաւագոյն օրինակն է իր ծնողքին հնազանդելու մէջ։

5 Կրնաս հնազանդութիւն սորվիլ լաւագոյն օրինակէն՝ Յիսուսէն (Ա. Պետ. 2։21-24)։ Ան անկատար ծնողներ ունեցող կատարեալ զաւակ մըն էր։ Բայց իր ծնողները պատուեց, նոյնիսկ երբ անոնք սխալներ ըրին եւ ատեններ ալ իրեն սխալ հասկցան (Ել. 20։12)։ Տե՛ս թէ ինչ եղաւ երբ ան 12 տարեկան էր (կարդա՛ Ղուկաս 2։46-52)։ Իր ծնողները զինք Երուսաղէմի մէջ մոռցան։ Եւ անշուշտ Յովսէփին ու Մարիամին պատասխանատուութիւնն էր վստահ ըլլալ, որ իրենց բոլոր զաւակները իրենց հետ կը ճամբորդէին։ Երբ անոնք վերջապէս Յիսուսը գտան, Մարիամ Յիսուսը մեղադրեց Երուսաղէմի մէջ մնալուն համար։ Յիսուս կրնար ըսել որ ասիկա անարդարութիւն էր։ Այդպէս ընելու տեղ, ան յարգանքով պատասխանեց։ Բայց Յովսէփը եւ Մարիամը ‘չհասկցան այն խօսքը որ իրենց ըսաւ’։ Հակառակ ասոր, Յիսուս շարունակեց «անոնց հնազանդ» ըլլալ։

6-7. Ի՞նչը կրնայ պատանիներուն օգնել որ իրենց ծնողքին հնազանդին։

6 Պատանինե՛ր, ատեններ ձեզի համար դժուար կ’ըլլա՞յ ձեր ծնողներուն հնազանդիլ, երբ անոնք սխալներ կ’ընեն, կամ ձեզի սխալ կը հասկնան։ Ի՞նչը կրնայ ձեզի օգնել։ Առաջին, մտածեցէք թէ Եհովա՛ն ինչ կը զգայ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ երբ դուք ձեր ծնողներուն հնազանդիք, ասիկա «Տէրոջը առջեւ հաճելի» է (Կող. 3։20)։ Եհովան գիտէ որ ատեններ ձեր ծնողները ձեզ չեն հասկնար, կամ ալ կը դնեն օրէնքներ, որոնց հնազանդիլը դիւրին չէ։ Բայց երբ ընտրէք ամէն պարագայի ատոնց հնազանդիլ, Եհովան կ’ուրախացնէք։

7 Երկրորդ, մտածեցէք թէ ձեր ծնողնե՛րը ինչ կը զգան։ Երբ ձեր ծնողներուն հնազանդիք, զիրենք կ’ուրախացնէք եւ իրենց վստահութիւնը կը շահիք (Առ. 23։22-25)։ Եւ շատ հաւանաբար իրենց շատ աւելի մօտիկ պիտի զգաք։ Պելճիքայէն եղող Ալեքսանտրէն կ’ըսէ. «Երբ սկսայ ծնողներուս շատ աւելի հնազանդիլ, մեր յարաբերութիւնը աւելի ջերմ եւ հաճելի դարձաւ»b։ Երրորդ, մտածեցէք թէ հիմա հնազանդ ըլլալը ինչպէ՛ս ձեզի պիտի օգնէ ապագային։ Փաուլոն, որ Պրազիլի մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Ծնողքիս հնազանդիլ սորվիլը ինծի օգնած է, որ հնազանդիմ Եհովային եւ հեղինակութիւն ունեցողներուն»։ Աստուծոյ Խօսքը ուրիշ կարեւոր պատճառ մըն ալ կու տայ, թէ ինչո՛ւ պէտք է ծնողներուդ հնազանդիս։ Անիկա կ’ըսէ. «Որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ» (Եփ. 6։2, 3)։

8. Ինչո՞ւ շատ մը պատանիներ կ’ընտրեն իրենց ծնողքին հնազանդիլ։

8 Շատ մը պատանիներ նկատած են որ ամէն բան աւելի լաւ կ’ըլլայ, երբ իրենց ծնողքին հնազանդին։ Պրազիլէն եղող Լուիզան սկիզբը դժուարութիւն ունեցաւ հասկնալու, թէ ինչո՛ւ իր ծնողները ատեն մը իրեն չէին արտօնած հեռաձայն ունենալ, մինչ բոլոր իր տարիքին եղողները հեռաձայն ունէին։ Բայց ժամանակ մը ետք անդրադարձաւ որ իր ծնողքը զինք կը պաշտպանէին։ Ան հիմա կ’ըսէ որ կը զգայ թէ իր ծնողքին հնազանդիլը չի նմանիր շղթայի մը որ կը կաշկանդէ, հապա կը նմանի ապահովութեան գօտիի մը՝ որ կը պաշտպանէ։ Իսկ Էլիզապէթ անունով պատանուհի մը, որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կ’ապրի, տակաւին դժուարութիւն ունի ատեններ իր ծնողքին հնազանդելու։ Ան կը բացատրէ. «Երբ լման չեմ հասկնար, թէ ծնողքս ինչո՛ւ որոշ օրէնք մը դրին, կը մտածեմ այն ատեններուն մասին, երբ իրենց դրած օրէնքները զիս պաշտպանեցին»։ Մոնիքան ալ, որ Հայաստանի մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ թէ շատ աւելի օգտուած է, երբ իր ծնողքին հնազանդած է։

«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ» ՀՆԱԶԱՆԴԷ

9. Շատեր ի՞նչ կը զգան օրէնքին հնազանդելուն նկատմամբ։

9 Շատեր կ’ընդունին որ մենք կառավարութիւններուն պէտք ունինք եւ թէ այս «իշխանութիւններուն» դրած օրէնքներէն գոնէ մէկ մասին պէտք է հնազանդինք (Հռով. 13։1)։ Բայց այդ նոյն մարդիկը թերեւս չհնազանդին օրէնքի մը, որ իրենց համար անարդար կ’երեւնայ, կամ շատ բան կը պահանջէ։ Օրինակ, նկատի առ տուրքեր վճարելը։ Եւրոպական երկրի մը մէջ, շատեր այսպէս կը հաւատան. «Եթէ կը կարծես որ տուրքերը անարդար են, կրնա՛ս ատոնք չվճարել»։ Ուրեմն, զարմանալի չէ որ այդ երկրին քաղաքացիները կը վճարեն կառավարութեան դրած տուրքերուն միայն երկու երրորդը։

Մարիամ իշու մը վրայ նստած է, մինչ Յովսէփ զիրենք կը տանի դէպի Բեթլեհէմ։ 1. Եղբայր մը իր ինքնաշարժին արագաչափին կը նայի, երբ կը տեսնէ արագութեան սահման դնող նշան մը։ 2. Եղբայր մը տուրք վճարելու վերաբերեալ թուղթ մը կը լեցնէ։ 3. Հիւանդանոցի մը մէջ, քոյր մը դիմակ դրած է եւ հեռաւորութիւն կը պահէ, մինչ կը խօսի բժշկուհիի մը հետ։

Ի՞նչ կը սորվինք Յովսէփին եւ Մարիամին հնազանդութենէն (տե՛ս պարբերութիւն 10-12)c

10. Մենք ինչո՞ւ կը հնազանդինք նոյնիսկ այն օրէնքներուն, որոնք չենք հաւնիր։

10 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ մարդկային կառավարութիւնները մարդոց տառապանք կը պատճառեն, Սատանային իշխանութեան տակ են եւ մօտ ատենէն պիտի կործանին (Սաղ. 110։5, 6. Ժող. 8։9. Ղուկ. 4։5, 6)։ Ատիկա նաեւ մեզի կ’ըսէ, որ «ով որ իշխանութեան դէմ կը կենայ, Աստուծոյ հրամանին դէմ կը կենայ»։ Հիմակուհիմա Եհովան թոյլ տուած է որ կառավարութիւնները իշխեն, որպէսզի կարգուկանոնը պահեն, եւ մեզմէ կ’ակնկալէ որ անոնց հնազանդինք։ Անոր համար, մենք պէտք է ‘հատուցանենք պէտք եղածը անոնց’, մէջը ըլլալով՝ տուրքերը, յարգանքը եւ հնազանդութիւնը (Հռով. 13։1-7)։ Թերեւս մեզի համար որոշ օրէնքի մը հնազանդիլը անյարմար, անարդար կամ ծախսալից ըլլայ։ Բայց մենք Եհովային կը հնազանդինք, եւ ի՛նք մեզի կ’ըսէ որ այս իշխանութիւններուն հնազանդինք, այնքան ատեն որ անոնք իր պատուէրներուն հակառակ չեն (Գործք 5։29)։

11-12. Ինչպէս որ Ղուկաս 2։1-6–ի մէջ կը տեսնենք, Յովսէփն ու Մարիամը ի՞նչ ըրին որ հնազանդին անյարմար եղող օրէնքի մը, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ (տե՛ս նաեւ նկարները)։

11 Մենք կրնանք սորվիլ Յովսէփին ու Մարիամին օրինակներէն, որոնք պատրաստ էին իշխանութիւններուն հնազանդելու, նոյնիսկ երբ ատիկա ընելը անյարմար էր (կարդա՛ Ղուկաս 2։1-6)։ Երբ Մարիամը մօտ 9 ամսուայ յղի էր, իր ու Յովսէփին հնազանդութիւնը փորձի տակ դրուեցաւ։ Հռոմի Օգոստոս կայսրը մարդահամար պահանջեց։ Յովսէփը եւ Մարիամը ստիպուած էին լեռնային ճամբաներով 150 քիլոմեթր ճամբորդել՝ Բեթլեհէմ հասնելու համար, ինչ որ Մարիամին համար կրնար շատ նեղացուցիչ ըլլալ։ Զոյգը թերեւս մտահոգ էր թէ՛ Մարիամին եւ թէ չծնած մանուկին ապահովութեամբ։ Ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ ճամբորդած ատեն Մարիամին ծննդաբերութեան ցաւերը գային։ Ի վերջոյ, իր արգանդին մէջ ապագայ Մեսիան կար։ Արդեօք ասիկա պատճառ պիտի ըլլա՞ր որ անոնք կառավարութեան չհնազանդէին։

12 Հակառակ այս մտահոգութիւններուն, Յովսէփը եւ Մարիամը օրէնքին հնազանդեցան։ Եհովան ալ օրհնեց իրենց այս հնազանդութիւնը։ Մարիամ ապահով հասաւ Բեթլեհէմ, առողջ պզտիկի մը ծնունդ տուաւ, եւ նոյնիսկ դեր ունեցաւ Աստուածաշունչի մարգարէութեան մը կատարումին մէջ (Միք. 5։2)։

13. Մեր հնազանդութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեր եղբայրներուն ազդել։

13 Երբ իշխանութիւններուն հնազանդինք, թէ՛ մենք կ’օգտուինք եւ թէ ուրիշներ։ Ինչպէ՞ս։ Առաջին, մենք չենք պատժուիր օրէնքին չհնազանդելուն պատճառաւ (Հռով. 13։4)։ Երկրորդ, մեր հնազանդութիւնը լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ մեր մասին կառավարութեան կարծիքին վրայ։ Օրինակ Նիկերիոյ մէջ, տարիներ առաջ զինուորները Թագաւորութեան սրահ մը մտան ժողովի մը ընթացքին եւ կը փնտռէին մարդիկ՝ որոնք տուրքեր վճարելու դէմ էին։ Բայց անոնց պատասխանատուն իրենց ըսաւ որ ձգեն քալեն, ըսելով. «Եհովայի վկաները միշտ իրենց տուրքերը կը վճարեն»։ Ուրեմն, ամէն անգամ որ դուն օրէնքին կը հնազանդիս, լաւ տպաւորութիւն կը ձգես Եհովայի ժողովուրդին անուան վրայ, ինչ որ օրին մէկը կրնայ հաւատակիցներդ պաշտպանել (Մատ. 5։16)։

14. Ի՞նչ բան քրոջ մը օգնեց որ իշխանութիւններուն «հնազանդելու պատրաստ» ըլլայ։

14 Ասով հանդերձ, մեզի համար միշտ ալ դիւրին չէ իշխանութիւններուն հնազանդիլ։ Ճոաննա անունով քոյր մը, որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Ինծի համար շատ դժուար էր հնազանդ ըլլալ, քանի որ կառավարութիւնը ընտանիքիս կարգ մը անդամներուն հետ անարդար կերպով վարուած էր»։ Բայց Ճոաննան շատ ջանք թափեց որ իր մտածելակերպը փոխէ։ Առաջին, ան այլեւս չէր կարդար ընկերային ցանցերուն մէջ դրուած նիւթերը, որոնք իր մէջ կառավարութեան դէմ զգացումներ կ’արթնցնէին (Առ. 20։3)։ Երկրորդ, ան փոխանակ Եհովայէն խնդրելու որ կառավարութիւնը փոխէ, իրմէ օգնութիւն խնդրեց որ իրեն վստահի (Սաղ. 9։9, 10)։ Եւ երրորդ, ան մեր հրատարակութիւններէն յօդուածներ կարդաց չէզոքութեան մասին (Յովհ. 17։16)։ Հիմա Ճոաննան կ’ըսէ, որ կառավարութիւնը յարգելը եւ անոր հնազանդիլը իրեն օգնած է որ վայելէ «խաղաղութիւն մը, որ խօսքերով չի բացատրուիր»։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԵԿԱԾ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՆ ՀՆԱԶԱՆԴԷ

15. Ինչո՞ւ թերեւս մեզի համար դժուար ըլլայ հնազանդիլ Եհովայի կազմակերպութեան կողմէ եկած ուղղութեան։

15 Եհովան մեզմէ կը խնդրէ որ ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն մտիկ ընենք (Եբ. 13։17)։ Մեր առաջնորդը՝ Յիսուսը, կատարեալ է, բայց անոնք՝ որոնք երկրի վրայ նշանակած է առաջնորդութիւն առնելու համար, կատարեալ չեն։ Անոր համար, թերեւս մեզի համար դժուար ըլլայ իրենց հնազանդիլը, մանաւանդ եթէ մեզմէ խնդրեն ընել բան մը, որ չենք ուզեր ընել։ Օրինակ, Պետրոս առաքեալը անգամ մը հնազանդելու դժուարութիւն ունեցաւ։ Երբ հրեշտակ մը իրեն ըսաւ որ ուտէ անասուններ, որոնք Մովսիսական օրէնքին համաձայն անմաքուր էին, Պետրոսը մերժեց, ոչ թէ մէկ անգամ, հապա՝ երեք անգամ (Գործք 10։9-16)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ տրուած նոր ուղղութիւնը իրեն համար անտրամաբանական էր։ Ինք տարբեր կերպի մը վարժուած էր։ Եթէ Պետրոսը դժուարութիւն ունեցաւ հնազանդելու ուղղութեան մը, որ կատարեալ հրեշտակ մը տուած էր, որքան աւելի մենք դժուարութիւն պիտի ունենանք հնազանդելու ուղղութեան մը, որ անկատար մարդոցմէ կու գայ։

16. Թէեւ Պօղոս առաքեալը թերեւս իրեն տրուած ուղղութիւնը անտրամաբանական գտաւ, բայց ի՞նչ ըրաւ (Գործք 21։23, 24, 26)։

16 Պօղոս առաքեալը «հնազանդելու պատրաստ» էր, նոյնիսկ երբ ստացաւ ուղղութիւն մը, որ թերեւս անտրամաբանական գտաւ։ Հրեայ քրիստոնեաները սուտ լուրեր լսած էին Պօղոսին մասին, թէ ան ‘Մովսէսէն հրաժարիլ’ կը սորվեցնէր եւ Մովսիսական օրէնքը կ’անարգէր (Գործք 21։21, ԱԾ)։ Երուսաղէմի քրիստոնեայ երէցները Պօղոսին ուղղութիւն տուին, որ չորս մարդ առնելով տաճար երթայ եւ ինքզինք մաքրէ, ցոյց տալու համար թէ օրէնքին կը հնազանդի։ Բայց Պօղոս գիտէր թէ քրիստոնեաները այլեւս Օրէնքին տակ չէին։ Եւ ինք սխալ բան մը չէր ըրած։ Ասով հանդերձ, տրուած ուղղութեան հնազանդեցաւ։ Ան ‘այն մարդիկը առաւ ու հետեւեալ օրը անոնց հետ մաքրուեցաւ’ (կարդա՛ Գործք 21։23, 24, 26)։ Պօղոսի այս հնազանդութիւնը միութիւնը պահեց (Հռով. 14։19, 21)։

17. Սթեֆանիին փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։

17 Սթեֆանի անունով քոյր մը դժուարութիւն ունեցաւ ընդունելու իր երկրին պատասխանատու եղբայրներուն կողմէ առնուած որոշումը։ Ինքն ու ամուսինը ուրախութեամբ կը ծառայէին օտարախօս խումբի մը մէջ։ Ետքը, մասնաճիւղը այդ խումբը կեցուց եւ զոյգը ետ նշանակեց իրենց մայրենի լեզուն խօսող ժողովքի մը մէջ։ Սթեֆանին կ’ըսէ. «Ես շատ նեղուեցայ։ Չէի համոզուեր որ իմ մայրենի լեզուովս աւելի քարոզիչներու պէտք կար»։ Հակառակ ասոր, ան որոշեց տրուած նոր ուղղութեան թիկունք կանգնիլ։ Ան կ’ըսէ. «Ժամանակի ընթացքին, տեսայ թէ այս որոշումը որքա՜ն իմաստուն էր։ Մենք հոգեւոր ծնողներ եղած ենք մեր ժողովքին մէջ քանի մը անհատներու, որոնք ճշմարտութեան մէջ ընտանիք չունին։ Եւ ես հիմա կը սերտեմ նոր գործունեայ դարձած քրոջ մը հետ։ Ասկէ զատ, հիմա աւելի ժամանակ ունիմ անձնական սերտողութիւն ընելու»։ Ան կ’աւելցնէ. «Ես մաքուր խիղճ ունիմ, գիտնալով որ լաւագոյնս ըրի հնազանդ ըլլալու համար»։

18. Հնազանդ ըլլալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

18 Հնազանդութիւնը կրնանք սորվիլ։ Յիսուս «հնազանդութիւն սորվեցաւ» ոչ թէ քանի որ կատարեալ պայմաններու մէջ էր, հապա «իր չարչարանքներէն հնազանդութիւն սորվեցաւ» (Եբ. 5։8)։ Յիսուսին պէս, ընդհանրապէս դժուար պարագաներու տակ հնազանդութիւն կը սորվինք։ Օրինակ, ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին սկիզբի շրջանը, երբ մեզմէ խնդրուեցաւ որ այլեւս Թագաւորութեան սրահներուն մէջ ժողով չընենք եւ որոշ ժամանակ տունէ–տուն քարոզելէ կենանք, քեզի համար դժուա՞ր էր հնազանդիլը։ Հակառակ ատոր, դուն հնազանդելով, ինքզինքդ պաշտպանեցիր, հաւատակիցներուդ հետ միացած մնացիր եւ Եհովան ուրախացուցիր։ Հիմա, մենք բոլորս աւելի պատրաստ ենք հնազանդելու այն ուղղութիւններուն, որոնք մեծ նեղութեան ընթացքին մեզի պիտի տրուին։ Այդ ուղղութիւններուն հնազանդիլը մեր կեանքը պիտի ազատէ (Յոբ 36։11)։

19. Ինչո՞ւ կ’ուզենք հնազանդիլ։

19 Մենք սորվեցանք որ հնազանդութիւնը շա՜տ մը օրհնութիւններ կը բերէ։ Բայց մենք կ’ընտրենք Եհովային հնազանդիլ գլխաւորաբար քանի որ զինք կը սիրենք եւ կ’ուզենք զինք ուրախացնել (Ա. Յովհ. 5։3)։ Մենք բնաւ չենք կրնար Եհովային հատուցանել մեզի համար իր ըրած բոլոր բաներուն փոխարէն (Սաղ. 116։12)։ Բայց կրնանք հնազանդիլ իրեն եւ մեր վրայ հեղինակութիւն ունեցողներուն։ Եթէ հնազանդինք, ցոյց կու տանք որ իմաստուն ենք։ Եւ իմաստունները Եհովային սիրտը կ’ուրախացնեն (Առ. 27։11)։

Ի՞ՆՉԸ ՄԵԶ ՊԻՏԻ ՄՂԷ ՈՐ ՀՆԱԶԱՆԴԻՆՔ՝

  • մեր ծնողքին։

  • «իշխանութիւններուն»։

  • Եհովայի կազմակերպութեան տուած ուղղութիւններուն։

ԵՐԳ 120 Մտիկ ըրէ, հնազանդէ եւ օրհնուէ

a Բոլորս անկատար ըլլալով, ատեններ դժուարութիւն կ’ունենանք հնազանդելու, նոյնիսկ երբ մեզի ուղղութիւն տուող անհատը իրաւունք ունի ատիկա ընելու։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կ’օգտուինք, երբ հնազանդինք ծնողներուն, «իշխանութիւններուն» եւ քրիստոնէական ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնող եղբայրներուն։

b Գիտնալու համար թէ ինչպէ՛ս կրնաս ծնողներուդ հետ խօսիլ, երբ անոնք կը դնեն օրէնքներ, որոնց հնազանդիլը դժուար է, տե՛ս «Ինչպէ՞ս կրնամ ծնողքիս հետ համաձայնութեան մէջ ըլլալ» յօդուածը՝ jw.org կայքին վրայ (արաբ.)։

c ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յովսէփը եւ Մարիամը հնազանդեցան կայսրին հրամանին, որ մարդահամարի համար Բեթլեհէմ երթան։ Ներկայիս ալ, քրիստոնեաները կը հնազանդին երթեւեկի օրէնքներուն, իրենց տուրքերը կը վճարեն եւ կառավարութեան տուած առողջապահական ուղղութիւններուն կը հետեւին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել