Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կյհ յօդուած 19
  • Եհովայի վկաները ինչո՞ւ Զատիկը չեն տօներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի վկաները ինչո՞ւ Զատիկը չեն տօներ
  • Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Սխալ կարծիքներ մեր մասին
  • Եհովայի վկաները ինչո՞ւ Զատիկը չեն տօներ
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ Զատիկի մասին
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Արդեօք Զատիկը իրապէ՞ս քրիստոնէական տօն մըն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Հաւատալիքներ եւ բարքեր՝ որոնք Աստուծոյ հաճելի չեն
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Տօները պէ՞տք է պահենք
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
կյհ յօդուած 19

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ Զատիկը չեն տօներ

Սխալ կարծիքներ մեր մասին

Կարծիք։ Եհովայի վկաները Զատիկը չեն տօներ, քանի որ անոնք քրիստոնեայ չեն։

Իրողութիւն։ Մենք կը հաւատանք որ Յիսուս Քրիստոս մեր Փրկիչն է, եւ մեր կարելին կ’ընենք որ իր «շաւիղներուն հետեւինք» (Ա. Պետրոս 2։21. Ղուկաս 2։11)։

Կարծիք։ Դուք չէք հաւատար որ Յիսուս յարութիւն առաւ։

Իրողութիւն։ Մենք Յիսուսի յարութեան կը հաւատանք։ Ատիկա մեր հաւատքին հիմն է, եւ մեր քարոզչութեան մէջ զայն կը շեշտենք (Ա. Կորնթացիս 15։3, 4, 12-15)։

Կարծիք։ Դուք ձեր զաւակները կը զրկէք Զատկուան ուրախութիւնը վայելելէ։

Իրողութիւն։ Մենք մեր զաւակները կը սիրենք, եւ մեր ամէն կարելին կ’ընենք զիրենք դաստիարակելու եւ ուրախացնելու համար (Տիտոս 2։4)։

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ Զատիկը չեն տօներ

  • Զատկուան տօնը Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած չէ։

  • Յիսուս պատուէր տուաւ որ իր մահը յիշատակենք, եւ ոչ թէ իր յարութիւնը։ Ամէն տարի մենք Յիսուսի մահը կը յիշատակենք այն օրը, որ կը համապատասխանէ անոր մահացած թուականին. այսինքն՝ Աստուածաշունչի օրերուն գործածուող լուսնական օրացոյցի նիսան 14–ին (Ղուկաս 22։19, 20)։

  • Մենք կը հաւատանք որ Զատկուան սովորութիւնները Աստուծոյ ընդունելի չեն, քանի որ վաղեմի բեղմնաւորութեան ծէսերէն ծագում առած են։ Աստուած բացարձակ նուիրուածութիւն կը պահանջէ։ Ան անարգուած կը զգայ, երբ մեր պաշտամունքը պարփակէ այնպիսի սովորութիւններ, որոնց ինք չի հաճիր (Ելից 20։5. Գ. Թագաւորաց 18։21)։

Մենք համոզուած ենք, որ Զատկուան տօնին չմասնակցելու մեր որոշումը հաստատօրէն հիմնուած է Աստուածաշունչին վրայ, որ մեզ կը քաջալերէ ոչ թէ մարդկային աւանդութիւններու հետեւիլ, այլ՝ մեր «իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը» գործածել (Առակաց 3։21. Մատթէոս 15։3)։ Երբ մարդիկ մեզ Զատկուան մասին հարցումներ ուղղեն, անոնց կ’ըսենք թէ ինչո՛ւ զայն չենք տօներ, միեւնոյն ատեն կը յարգենք իւրաքանչիւրին որոշում առնելու իրաւունքը (Ա. Պետրոս 3։15)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել