666 թիւը ի՞նչ կը նշանակէ
Աստուածաշունչին պատասխանը
Աստուածաշունչին վերջին գիրքին համաձայն, 666–ը եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր ունեցող ու ծովէն ելլող գազանին թիւը կամ անունն է (Յայտնութիւն 13։1, 17, 18)։ Այս գազանը կը ներկայացնէ համաշխարհային քաղաքական դրութիւնը, որ կ’իշխէ «բոլոր ցեղերուն եւ ժողովուրդներուն ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ» (Յայտնութիւն 13։7)։ 666 անունը ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ աչքին քաղաքական դրութիւնը շա՜տ ձախող է։ Ինչպէ՞ս։
Անունէ մը աւելին։ Ընդհանրապէս, Աստուծոյ դրած անունները իմաստ կ’ունենան։ Օրինակ, Աստուած փոխեց Աբրամին անունը (որ կը նշանակէ «հայր բարձր») Աբրահամի (որ կը նշանակէ «հայր բազմութեան»), երբ Աբրահամին խոստացաւ «ազգերու բազմութեան հայր» ընել (Ծննդոց 17։5)։ Նոյնպէս, 666 անունը, որ Աստուած գազանին տուաւ, կը ներկայացնէ անոր յատկութիւնները։
Վեց թիւը անկատարութիւն կը խորհրդանշէ։ Աստուածաշունչին մէջ, շատ անգամ թիւերը խորհրդանշական իմաստ ունին։ Օրինակ, եօթը թիւը կը խորհրդանշէ ամբողջութիւն կամ կատարելութիւն։ Իսկ վեց թիւը, որ եօթէն մէկ թիւ պակաս է, կրնայ խորհրդանշել Աստուծոյ աչքին անկատար կամ թերի վիճակ, եւ կրնայ կապ ունենալ Աստուծոյ թշնամիներուն հետ (Ա. Մնացորդաց 20։6. Դանիէլ 3։1)։
Երեք անգամ կրկնումը՝ շեշտելու համար։ Երբեմն, Աստուածաշունչը կէտ մը կը շեշտէ՝ ատիկա երեք անգամ յիշելով (Յայտնութիւն 4։8. 8։13)։ Ուրեմն, 666 թիւը զօրաւոր կերպով կը շեշտէ, որ Աստուծոյ աչքին քաղաքական դրութիւնները բացարձակ կերպով ձախողած են։ Անոնք չեն կրցած մնայուն խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն բերել,– բաներ՝ որոնք միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ ընել։
Գազանին դրոշմը
Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ անոնք՝ որոնք գազանին կը հետեւին «սքանչանալով», պաշտելու աստիճան, իրենց վրայ կ’ընդունին «գազանին դրոշմը» (Յայտնութիւն 13։3, 4. 16։2)։ Անոնք գազանը կը պաշտեն, երբ իրենց երկրին, ատոր խորհրդանիշներուն կամ զինուորական ուժին պատիւ տան՝ պաշտելու աստիճան։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Մեր օրերուն, ազգայնականութիւնը աշխարհի մէջ տարածուած կրօնք դարձած է»a։
Գազանին դրոշմը ինչպէ՞ս մէկու մը աջ ձեռքին կամ ճակատին վրայ կը դրուի (Յայտնութիւն 13։16)։ Իսրայէլ ազգին տուած իր պատուէրներուն նկատմամբ, Աստուած ըսած էր. «Զանոնք նշանի համար ձեր ձեռքերուն վրայ կապեցէք ու ճակատանոցի համար ձեր աչքերուն մէջտեղ թող ըլլան» (Բ. Օրինաց 11։18)։ Այս մէկը չէր նշանակեր, որ իսրայէլացիները պէտք էր որ բառացիօրէն նշան դնէին իրենց ձեռքերուն եւ ճակատին վրայ. հապա կը նշանակէր, թէ անոնք պէտք էր որ իրենց բոլոր գործերուն եւ մտածումներուն ու դատողութիւններուն մէջ առաջնորդուէին Աստուծոյ խօսքով։ Նոյնպէս, գազանին դրոշմը՝ 666–ը՝ բառացի դաջուածք (թաթու) չէ, որ կը դրուի մարդոց վրայ. հապա, ատիկա խորհրդանշական կերպով կ’ակնարկէ անոնց՝ որոնք թոյլ կու տան որ քաղաքական դրութիւնը իրենց կեանքը ղեկավարէ։ Այսպիսով, ամէն ով որ գազանին դրոշմը ունի Աստուծոյ թշնամին կը դառնայ (Յայտնութիւն 14։9, 10. 19։19-21)։
a Տե՛ս նաեւ Nationalism in a Global Era, էջ 134 եւ Nationalism and the Mind: Essays on Modern Culture, էջ 94։