ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԵՆ
Հայհոյելը իրապէ՞ս շատ գէշ բան մըն է
«Ես այնքա՛ն վարժուած եմ աղտոտ լեզու լսելու, որ այլեւս զիս չի նեղացներ։ Ինծի համար բնական կ’երեւի» (Քրիստոֆըր, 17 տարեկան)։
«Երբ աւելի պզտիկ էի, շատ կը հայհոյէի։ Շատ դիւրաւ սկսայ աղտոտ բառեր գործածել։ Բայց շատ դժուար էր անոր վերջ դնել» (Ռեպեքա, 19 տարեկան)։
Դուն քեզ քննէ
Ի՞նչ կը զգաս, երբ ուրիշներու հայհոյանքը կը լսես։
Զայն նոյնիսկ չեմ նկատեր. ականջիս բնական կը հնչէ
Զիս քիչ մը կը նեղացնէ. բայց անոնց չեմ ըսեր՝ «Մի՛ հայհոյէք»
Զիս շատ կը վիրաւորէ. չեմ կրնար զայն ընդունիլ
Որքա՞ն յաճախ դուն կը հայհոյես։
Բնաւ
Երբեմն
Շատ անգամ
Կը կարծե՞ս որ աղտոտ լեզու գործածելը մեծ խնդիր է։
Ոչ
Այո
Ինչո՞ւ գործածած բառերդ կարեւոր են
Հայհոյելը լուրջ հարց մը կը սեպե՞ս։ Թերեւս ըսես. ‘Ո՛չ։ Ի վերջոյ, կեանքի մէջ աւելի մեծ խնդիրներ կան։ Ատկէ զատ, ամէն մարդ կը հայհոյէ’։ Ասիկա ճի՞շդ է։
Իրականութեան մէջ, ներկայիս շատեր աղտոտ լեզու չեն գործածեր։ Եւ անոնք չհայհոյելու համար, լաւ պատճառներ ունին։ Օրինակ.
Հայհոյելը բան մը կը յայտնէ անձնաւորութեանդ մասին։ Գործածած բառերդ ուրիշներուն կը յայտնեն, թէ իրապէս ո՛վ ես։ Աղտոտ լեզու գործածելը կրնայ ցոյց տալ, թէ ուրիշներուն զգացումները նկատի չես առներ։ Դուն իրապէս այսպիսի՞ անձ մըն ես։
Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բերնէն ելած բաները սրտէն յառաջ կու գան» (Մատթէոս 15։18)։
Աղտոտ բառեր գործածելը կարելի է նմանցնել օդը ապականելուն։ Անոր համար, մի՛ գործածեր բառեր, որոնք ուրիշներուն կամ քեզի պիտի վնասեն
Հայհոյելը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ ուրիշները քու մասիդ ժխտականօրէն մտածեն։ Cuss Control վերնագիրով գիրքը կ’ըսէ. «Մեր խօսելակերպը կրնայ որոշել, թէ մեր ընկերները որո՛նք պիտի ըլլան, մեր ընտանիքն ու գործընկերները որքանո՛վ մեզ պիտի յարգեն, մեր փոխյարաբերութիւններուն որակը ի՛նչ պիտի ըլլայ, որքա՛ն ազդեցիկ պիտի ըլլանք, պիտի կարենա՛նք գործ մը կամ դիրքի բարձրացում ստանալ կամ ոչ, եւ անոնք որ մեզ չեն ճանչնար, մեր մասին ի՛նչ պիտի մտածեն»։ Գիրքը նաեւ կ’ըսէ. «Դուն քեզի հարցուր, թէ արդեօք ուրիշներու հետ փոխյարաբերութիւններդ կրնայի՞ն աւելի լաւ ըլլալ, եթէ հայհոյանք չգործածէիր»։
Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ձեզմէ արմատախի՛լ ըրէք ամէն... հայհոյութիւն» (Եփեսացիս 4։31, ՆԹ)։
Ճիշդ չէ այն գաղափարը, թէ հայհոյանք գործածելով կրնաս ուրիշները տպաւորել։ How Rude! վերնագիրով իր գիրքին մէջ, դոկտ. Ալեքս Փաքըր կ’ըսէ. «Մարդիկ, որոնք միշտ կը հայհոյեն, ձանձրացուցիչ են»։ Ան կը բացատրէ որ այն անհատը, որ միշտ աղտոտ լեզու կը գործածէ, «պիտի չկարենայ ըսել շատ մը զուարճալի, իմաստուն կամ սիրալիր բաներ։ Եթէ միշտ նոյն աղտոտ բառերը գործածես, միտքդ պիտի ազդուի եւ աւելի լաւ մէկը պիտի չդառնաս»։
Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ» (Եփեսացիս 4։29)։
Ի՞նչ կրնաս ընել
Նպատակակէտ դիր։ Փորձէ մէկ ամիս աղտոտ լեզու չգործածել։ Ամէն օր գրէ օրացոյցի մը կամ թուղթի մը վրայ, թէ նպատակակէտիդ հասա՛ր կամ ոչ։ Բայց աղտոտ լեզուն լիովին կեցնելու համար, աւելին պէտք է ընես։ Օրինակ.
Հեռու կեցիր այն ժամանցէն, որուն մէջ շատ հայհոյանքներ կը լսես։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն» (Ա. Կորնթացիս 15։33)։ «Ընկերակցութիւնները» կը պարփակեն ոչ միայն մարդիկը, այլ նաեւ ժամանցը. այն ֆիլմերը որ կը դիտես, այն վիտէոյի խաղերը որ կը խաղաս եւ այն երաժշտութիւնը որ մտիկ կ’ընես։ Գեննեթ, որ 17 տարեկան է, կ’ըսէ. «Դիւրին է սիրած երգիդ հետ երգել եւ ուշադրութիւն չընել, որ անոր մէջ հայհոյանք կայ, պարզապէս քանի որ գեղեցիկ եղանակ ունի»։
Հասուն անձի պէս վարուէ։ Ոմանք աղտոտ լեզու կը գործածեն, քանի որ կը խորհին թէ այդ ձեւով չափահասներու պէս պիտի երեւին։ Բայց իրականութեան մէջ, հակառակը ճիշդ է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ հասուն անհատներուն մտային կարողութիւնները «սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել» (Եբրայեցիս 5։14)։ Անոնք աղտոտ բառեր չեն գործածեր, նոյնիսկ եթէ կը խորհին որ իրենց շուրջինները կը սիրեն հայհոյանք լսել։
Աղտոտ լեզուն կարելի է նմանցնել ապականութեան։ Ճիշդ ինչպէս որ ապականութիւնը օդը անմաքուր կը դարձնէ, նոյնպէս աղտոտ լեզուն կը ձգէ, որ անբարոյ բաներու մասին մտածես։ Արդէն շատ մարդիկ անբարոյ բաներու մասին կը մտածեն։ «Դուն ալ մի՛ անցնիր անոնց շարքին», կ’ըսէ Cuss Control գիրքը։ «Ամէն կարելիդ ըրէ, որ ուրիշներուն հետ խօսակցութիւններդ մաքուր ըլլան։ Այդպէս ընելով, աւելի ուրախ պիտի ըլլաս, եւ ուրիշները պիտի ուզեն քեզի հետ ընկերակցիլ»։