Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ17 թիւ 6 էջ 6-7
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
  • Զարթի՛ր 2017
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Վերջը մօ՞տ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Աստուծոյ նպատակը շուտով պիտի իրագործուի
    Ի՞նչ է կեանքին նպատակը. ի՞նչպէս կրնաք գտնել զայն
  • Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ «շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ»
    Զարթի՛ր 2019
  • Աշխարհի վախճանին վերաբերեալ չորս հարցումներու պատասխանել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
Տես աւելին
Զարթի՛ր 2017
զ17 թիւ 6 էջ 6-7
Մարդ մը Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին մէջ

«Դատաստանի ժամացոյց»ին ենթադրութիւնները պիտի չկատարուին, քանի որ Աստուած լուսաւոր ապագայ կը խոստանայ մարդոց եւ երկրագունդին համար

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԸ Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՅ

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ դարեր առաջ մարգարէացած էր, որ մեր օրերուն աշխարհը տակնուվրայ եւ ցաւալի վիճակ պիտի ունենայ։ Ասկէ զատ, անիկա մարգարէացած էր, որ մարդիկ լուսաւո՛ր ապագայ պիտի ունենան։ Պէտք չէ շուտով թեթեւի առնենք Աստուածաշունչին ըսածը, քանի որ ինչ որ մարգարէացած է՝ մանրամասնօրէն կատարուած է։

Օրինակ, նկատի առ Աստուածաշունչի այս մարգարէութիւնները.

  • «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան» (Մատթէոս 24։7)։

  • «Վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր» (Բ. Տիմոթէոս 3։1-4)։

Այս մարգարէութիւնները կը նկարագրեն աշխարհ մը, որ ինչպէս կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն, գլուխը առած՝ գացած է։ Այո՛, մեր աշխարհը ձեւով մը հակակշռէ դուրս է։ Բայց որո՞ւն հակակշռէն։ Մարդո՛ց։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ մարդիկ պէտք եղած իմաստութիւնը եւ զօրութիւնը չունին, որ աշխարհի խնդիրները մնայուն կերպով լուծեն։ Նկատի առ այս համարները ի՛նչ կ’ըսեն.

  • «Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է» (Առակաց 14։12)։

  • «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (Ժողովող 8։9)։

  • «Մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (Երեմիա 10։23)։

Եթէ մարդ արարածը շարունակէ իր գլխուն փչածը ընել, անկասկած աշխարհը դէպի համաշխարհային աղէտ պիտի սուրայ։ Բայց ո՛չ. ատանկ բան պիտի չըլլայ։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Նկատի առ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ.

  • Աստուած «հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ, որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի» (Սաղմոս 104։5)։

  • «Ազգ կ’երթայ եւ ազգ կու գայ, բայց երկիրը միշտ կը կենայ» (Ժողովող 1։4)։

  • «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29)։

  • «Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ» (Սաղմոս 72։16)։

Ուրեմն, Աստուածաշունչը յստակ պատասխաններ կու տայ։ Մարդ արարածը պիտի չմեռնի ապականութենէն, ոչ ալ պիտի մեռնի վարակիչ հիւանդութիւններու կամ ուտելիքի եւ ջուրի պակասին պատճառով։ Իսկ աշխարհը հիւլէական ռմբակոծումով պիտի չկործանուի։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Քանի որ մեր մոլորակին ապագան Աստուծոյ ձեռքն է։ Ճիշդ է որ Աստուած մարդոց ազատ կամք տուած է եւ մարդիկ իրենց առած որոշումներուն հետեւանքները պիտի քաշեն (Գաղատացիս 6։7)։ Բայց աշխարհը չի նմանիր շոգեկառքի մը, որ վարորդ չունի եւ դէպի աղէտ կը սուրայ։ Աստուած սահման դրած է այն վնասին, որ մարդ արարածը կրնայ ինքն իրեն պատճառել (Սաղմոս 83։18. Եբրայեցիս 4։13)։

Ասկէ զատ, Աստուած «խաղաղութեան առատութիւն» պիտի բերէ (Սաղմոս 37։11)։ Այս յօդուածին մէջ ինչ դրական կէտ որ յիշուեցաւ, քեզի գաղափար մը կու տայ այն լուսաւոր ապագային մասին, որ միլիոնաւոր Եհովայի վկաներ սորված են՝ Աստուածաշունչը սերտելով։

Եհովայի վկաները ամբողջ աշխարհի մէջ կը գտնուին։ Անոնք տարբեր տարիքի պատկանող տղամարդիկ ու կիներ են եւ տարբեր ենթահողերէ կու գան։ Անոնք կը պաշտեն միակ ճշմարիտ Աստուածը, որուն անունը Եհովա է,– ինչպէս որ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ։ Անոնք ապագայէն չեն վախնար, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Այսպէս կ’ըսէ երկինքը ստեղծող Տէրը, այն Աստուածը, որ երկիրը կազմեց, զանիկա շինեց եւ հաստատեց, զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց» (Եսայի 45։18)։

Տեսանք որ Աստուածաշունչը ինչ կը սորվեցնէ երկրագունդին եւ մարդոց ապագային մասին։ Աւելի տեղեկութիւններու համար, տե՛ս Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր գրքոյկին 5–րդ գլուխը, որ հրատարակուած է Եհովայի վկաներուն կողմէ եւ մատչելի է www.jw.org/hy-latn կայքին վրայ։

Կրնաս նաեւ դիտել Աստուած ինչո՞ւ ստեղծեց երկիրը վիտէոն www.jw.org/hy-latn կայքին վրայ (տե՛ս ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ՏԵՍԱԵՐԻԶՆԵՐ)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել