Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ18 թիւ 2 էջ 11
  • 8 Օրինակ ըլլալ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • 8 Օրինակ ըլլալ
  • Զարթի՛ր 2018
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ
  • ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
  • Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ
  • Աստուածաշունչը կրնա՞յ քեզի օգնել զաւակներդ կրթելու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ Եհովան սիրեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Աստուծոյ մասին ինչպէ՛ս երեխաներուն սորվեցնել. ի՞նչ մեթոտներ ազդեցիկ են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները սիրով մարզեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
Տես աւելին
Զարթի՛ր 2018
զ18 թիւ 2 էջ 11
Աղջիկ մը իր հօր քայլերուն կը հետեւի ձիւնին մէջ

Հետեւելիք ի՞նչ ուղի կը դնես զաւակներուդ առջեւ

ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

8 Օրինակ ըլլալ

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

Երբ ծնողները իրենց սորվեցուցածը կը գործադրեն, լաւ օրինակ կ’ըլլան իրենց զաւակներուն։ Օրինակ, չես կրնար ակնկալել որ զաւակդ ճշմարտախօս ըլլայ, եթէ լսէ որ ուրիշին կ’ըսես՝ «Ըսէ որ տունը չեմ», երբ դուռը զարնողին հետ չես ուզեր խօսիլ։

«Շատեր կ’ըսեն. ‘Ըսածս ըրէ, բայց ըրածս մի՛ ըներ’։ Բայց այս խօսքը զաւակներուն պարագային իմաստ չունի։ Անոնք սպունգի պէս կը ծծեն ամէն ի՛նչ որ կ’ըսենք եւ կ’ընենք։ Եւ եթէ մեր ըրածը հակասէ մեր սորվեցուցածին, մեր երեսին կը զարնեն» (Տէյվիտ)։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Կը քարոզես չգողնալ, բայց դուն կը գողնա՞ս» (Հռովմայեցիս 2։21)։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Պզտիկները, եւ նոյնիսկ պատանիները, ոեւէ մէկէ աւելի իրենց ծնողքէն կ’ազդուին, նոյնիսկ իրենց տարեկիցներէն աւելի։ Ասիկա կը նշանակէ որ դո՛ւն ամէնէն մեծ դերը ունիս զաւակներդ ճիշդ ճամբուն ուղղելու մէջ. բայց անշուշտ պէտք է բերնէդ ելածը անձամբ գործադրես։

«Թերեւս մէկ բանը հարիւր անգամ կը կրկնենք մեր զաւակին եւ վստահ չենք ըլլար որ մտիկ կ’ընէ։ Բայց եթէ միայն մէկ անգամ անձամբ չգործադրենք մեր ըսածը, շուտով մեր երեսին կ’ըսէ մեր սխալը։ Պզտիկները մեր ամէն ըրածին ուշադրութիւն կ’ընեն, նոյնիսկ երբ կը կարծենք որ ուշադրութիւն չե՛ն ըներ» (Նիքոլ)։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Վերին իմաստութիւնը. . . անկեղծ [է]» (Յակոբոս 3։17)։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ

Քննէ անձնական չափանիշներդ։ Դուն ինչպիսի՞ բաներ կը դիտես ժամանցի համար։ Ինչպէ՞ս կը վարուիս կողակիցիդ եւ զաւակներուդ հետ։ Ինչպիսի՞ բարեկամներ ունիս։ Ուրիշներուն հանդէպ փափկանկա՞տ ես։ Մէկ խօսքով, կ’ուզե՞ս զաւակներդ քեզի՛ պէս ըլլան։

«Ամուսինս եւ ես մեր զաւակներէն չենք խնդրեր որ հետեւին չափանիշի մը, որուն մենք անձամբ չենք հետեւիր» (Քրիսթին)։

Ներողութիւն խնդրէ երբ սխալիս։ Զաւակներդ գիտե՛ն որ կատարեալ չես։ Երբ կողակիցէդ կամ զաւակներէդ ներողութիւն խնդրես երբոր իրենց հանդէպ սխալիս, զաւակներուդ սորվեցուցած կ’ըլլաս պարկեշտ ու խոնարհ ըլլալ։

«Պէտք է մեր զաւակները լսեն որ մեր սխալը կ’ընդունինք եւ ներողութիւն կը խնդրենք. ապա թէ ոչ, միայն պիտի սորվին իրենց յանցանքները ծածկել» (Ռապըն)։

«Մենք որպէս ծնողներ ամէնէն շատ ազդեցութիւնը ունինք մեր զաւակներուն վրայ, եւ ամէնէն շատ մե՛ր օրինակով կրնանք սորվեցնել իրենց, քանի որ միշտ իրենց աչքին առջեւ ենք։ Մեր օրինակը դասագիրքի մը պէս է, որ միշտ բաց է, եւ դասի մը պէս է, որ միշտ կը սերտեն» (Ուենտել)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել